Յայտնութիւն 13 - Գազանը

Յյտ 13.1 «Տեսայ թէ ծովէն գազան մը կ'ելլէր, որը ունէր եօթը գլուխ ու տասը եղջիւր»:

Գազանը ծովէն կ'ելլէր. հռոմէական կայսրութիւնը միջերկրական ծովէն ելաւ, Իտալիոյ թերակղզիէն... Պէտք է նկատի ունենանք, որ մարգարէական լեզուով, ծովը ժողովուրդի բազմութիւն կը նշանակէ (Յյտ 17.15):

Գազանը վիշապին եղած տեղէն կ'ելլէ, քանի վիշապը իր «իշխանութիւնը» տուաւ գազանին (Յյտ 13.2):

Ներոն կայսրը շատ կը յարմարի ըսուածներուն (Յյտ 13.5-7), որովհետեւ ան Աստուծոյ հայհոյութիւն ըրաւ եւ 120 կանքուն բարձրութեամբ արձան մը շինեց Հռոմի մէջ, որպէսզի պաշտուի: Եփսոսի մէջ գտնուած են գրութիւններ, ուր Ներոն կայսրը կը կոչուի «Ամենակալ Աստուած» եւ «Փրկիչ»:

Ան անգութ էր. Սպաննած էր ընտանիքին անդամները եւ իր յղի կիները, ոտքի կից զարնելով:

Ներոն միասեռական յարաբերութիւն կ'ընէր բացայայտ կերպով: Տղու մը հետ ամուսնացած էր, պաշտօնական պսակադրութիւն ընելով:

Ան իր մօրը հետ ազգապղծական յարաբերութիւն ըրած էր:

Ներոն նաեւ շատ հաճոյք կ'առնէր երբ կը տեսնէր որ մարդիկ չարչարանքով կը սպաննուին:

Ան 31 տարեկանին ինքնասպան եղաւ:

Ներոն Քրիստոնէութենէ դուրս եղողներէն ալ գազան կոչուած է:

Յայտնութիւն 13.3 - Վիրաւորուած եւ Բժշկուած

«Անոր գլուխներէն մէկը մահու չափ վիրաւորուածի պէս էր, բայց անոր մահացու վէրքը առողջացաւ եւ բոլոր երկիր գազանին վրայ զարմացաւ»:

Մեռնելու աստիճան վիրաւորուիլը կը յարմարի հռոմէական կայսրութեան Ք.Ե. 64 թուականի ժամանակներու իրավիճակին հետ: Ոչ միայն Հռոմ երրորդ անգամ ըլլալով այրեցաւ, հապա Ներոն կայսրին տարիներուն շուրջը չորս կայսրեր սպաննուեցան, երեք քաղաքացիական պատերազմներ տեղի ունեցան եւ քանի մը օտար երկիրներու հետ պատերազմներ եղան:

Այսպէս շարունակուեցաւ մինչեւ որ Վեսփասիան յանձն առաւ կայսրութիւնը, եւ ատկէ ետք խաղաղութիւն եւ կարգ կանոն եղաւ:

Յյտ 13.5-8 - Սուրբերուն Հալածանքը

Յյտ 13.5-ին մէջ Յովհաննէս կը յայտնէ, թէ 42 ամիս տրուեցաւ (այսինքն՝ երեք ու կէս տարի), որ հայհոյէ եւ սուրբերուն դէմ պատերազմ ընէ ու յաղթէ: Ներոն կայսրին հալածանքը Քրիստոնեաներուն դէմ ճիշդ 42 ամիս տեւեց, Ք.Ե. 64 Նոյեմբերի կէսերէն մինչեւ 68 Յունիսի սկիզբը, որմէ ետք ան անձնասպան եղաւ:

Յյտ 13.16-18 Գազանին նշանը

Թէեւ շատ ուսուցիչներ կը խօսին, ֆիլմեր կը շինուին այս մասին եւ մեծ մտահոգութիւներ կ'արթննան, բայց շատ յստակ է, որ Ներոն անունին համապատասխան թուանշաններուն գումարը 666 է:

Գիտենք, որ հռոմէական տառերը շատ անգամ թիւի տեղ կը գործածուին, օրինակ՝ , , , , ,

Հետեւաբար, երբ կը տեսնենք հռոմէական այս տառերը DCLXVI կ'իմանանք, թէ ատիկա հաւասար է 666 ըսելու:

Եբրայերէնով Ներոն Կայսր անունը «Նրոն Քսր»ն (“Nrwn Qsr”) է, որուն տառերուն համապատասխան թուային գումարն ալ 666 է եբրայերէնով:

Յովհաննէս թիւ գործածեց, որովհետեւ եթէ հալածանքի տակ եղողներուն քով գտնուէր գիրք, գիրքեր կամ տեղեկութիւն, որուն մէջ Ներոն կայսրին դէմ անհաճոյ բան գրուած ըլլար, վտանգի դուռ պիտի բացուէր:

Ապագայ կատարումի կարծիքի հետեւորդները (futurists) կ'ըսեն, թէ Նեռը պիտի կառավարէ տնտեսութիւնը աշխարհի, ինչպէս նաեւ մարդկութեան ծախսելն եւ հաշիւը: Ասիկա միջոց պիտի ըլլայ, որ իւրաքանչիւր անձ համակարգչային փոքրիկ սարք մը՝ չիփ մը (chip) դնէ իր ճակատին կամ աջ ձեռքին վրայ:

Յովհաննէս առաքեալ այս գիրքը կը գրէր Քրիստոնեաներուն, որոնք մեծ դժուարութեան տակ էին.այդ հալածանքը կը կատարուէր մարդու մը կողմէ, որուն անունի գիրերուն համապատասխան թիւը 666 է:

Յայտնութիւն 14.1-5 - Ի՞նչ է Բաբելոնը

14-րդ գլուխը կը սկսի խօսելով 144,000 հաշուող Աստուծոյ ժողովուրդին մասին, որոնք Աստուծոյ գահին առջեւ նոր երգ կ'երգեն: Ասոնք կապ չունին 7-րդ գլուխին մէջ յիշուած Իսրայէլի ցեղերուն հետ: Ասոնք առաջին Քրիստոնեաներն են, որոնց ճակատին վրայ Հօր եւ Որդիին անունը գրուած է (Յյտ 14.1):

«Ասոնք անոնք են որ կիներու հետ չխառնակուեցան, քանզի կոյս են: Ասոնք Գառնուկին ետեւէն կ'երթան՝ ուր որ ան երթայ. ասոնք մարդոց մէջէն գնուեցան Աստուծոյ ու Գառնուկին երախայրի ըլլալու» (Յյտ 14.4):

Պատմութիւնը մեզի կը յայտնէ, թէ երկու մեծ հալածանքները տեղի ունեցած են առաջին դարուն ընթացքինՆերոնին իշխանութեան օրերուն (Ք.Ե. 64-68) եւ Դոմիտիանոսի իշխանութեան օրերուն (Ք.Ե. 81-96):Պատմութիւնը մեզի կը յայտնէ, թէ այդ օրերու մարտիրոսներուն թիւը 144,000 էր:

Յայտնութիւն 14.6-7 - Աւետարանը Կը Տարածուի

Յովհաննէս երկինքի մէջ գտնուող մարտիրոսները տեսնելէ ետք հրեշտակ մը կը տեսնէ. «Եւ ուրիշ հրեշտակ մը տեսայ, որ կը թռչէր երկնքի մէջ եւ ունէր յաւիտենական աւետիսը՝ քարոզելու բոլոր ազգերուն ու ցեղերուն եւ լեզուներուն ու ժողովուրդներուն, որոնք երկրի վրայ կը բնակին» (Յյտ14.6): Ասոր համար պէտք է ակնկալել հոգիներու փրկութեան մեծ հունձք մը տեսնել:

Յյտ 14.8 - Բաբելոնի Հոգին

Հունձքէն անմիջապէս ետք առաջին հրեշտակը գնաց եւ ուրիշ հրեշտակ մը եկաւ, հռչակելով «Ինկա՜ւ, ինկա՜ւ մեծ Բաբելոնը, վասն զի բոլոր ազգերը արբեցուց իր կատաղի պոռնկութեանը գինիով» (Յյտ 14.8):

Յիշէ, որ Յովհաննէս երկինքն է եւ կը դիտէ հոգեւոր շարժաբանութիւնը (dynamics), որ բնական ազդեցութիւն ունի երկրի վրայ: Ուրեմն պէտք չէ այդ անունով երկիր փնտռենք այսօր, հապա նայինք Բաբելոն անունին ետին եղող զօրութեան:

Պատմութեան ընթացքին Բաբելոն ճանչցուած էր, որպէս մեղքի տեղ, յատկապէս մարդուն հպարտութեան մեղքին, հոն ուր Բաբելոն շինուեցաւ:

Ետքը մարգարէներուն օրերուն, Բաբելոնի թագաւորը հպարտութիւնը իր գագաթնակէտին հասցուց երբ ըսաւ. «[...] Երկինք պիտի ելլեմ ու իմ աթոռս Աստուծոյ աստղերէն վեր պիտի բարձրացնեմ […]» (Ես 14.13):

Յայտնութեան գիրքին մէջ ալ Յովհաննէս Բաբելոնի հպարտութիւնը նկատի ունենալով կ'ըսէ. «Որչափ որ փառաւորեց զինք եւ զեղխութեամբ ապրեցաւ, այնչափ ալ տանջանք եւ սուգ հատուցանեցէք անոր. Վասն զի իր սրտին մէջ կ'ըսէ.'Ես թագուհի եմ, որբեւարի չեմ եւ բնաւ սուգ պիտի չտեսնեմ'» (Յյտ 18.7):

Բաբելոնի ետին կեցողը դիւային հպարտութեան ոգիներն էին:

Թէեւ Բաբելոնը եւ կայսրութիւնը կործանեցան, սակայն հպարտութիւնը երկրի վրայ տակաւին կը գործէ: Այս պատճառով Բաբելոնի կայսրութեան եւ ղեկավարներուն կեանքերուն վրայ տիրող ոգին կը շարունակէ գործել Բաբելոնի յաջորդող կայսրութիւններուն մէջ՝ Մարերու եւ Պարսիկներու, Յոյներու եւ Հռոմէական:

Մենք խօսեցանք թէ ի՛նչ կապ կար Բաբելոնի անկումին եւ Աւետարանչութեան յաջողութեան միջեւ: Սակայն Յովհաննէս աւելի լաւ նկարագրելով կ'ըսէ, թէ Յիսուս կ'երթայ հունձքը քաղելու՝ - «Տեսայ ամպ մը ու այն ամպին վրայ մէկը նստեր էր Որդի մարդոյ նման եւ իր գլուխը ոսկիէ պսակ մը ու իր ձեռքը սուր մանգաղ մը ունէր: Տաճարէն ուրիշ հրեշտակ մը ելաւ, որ ամպին վրայ նստողին մեծ ձայնով կ'աղաղակէր ու կ'ըսէր. “Երկնցո՛ւր քու մանգաղդ ու հնձէ. վասն զի հնձելու ժամանակը եկաւ, վասն զի երկրի երկրի հունձքը հասունցած է”: Ան որ ամպին վրայ կը նստէր, իր մանգաղը երկնցուց ու երկիրը հնձուեցաւ» (Յյտ 14.14-16):

Երբ ուսումնասիրենք պատմութիւնը, պիտի նկատենք, որ Քրիստոնէութեան վիճակը հռոմէական կայսրութեան մէջ ամենայատկանշականն էր (Ք.Ե. 312-313): Այդ ժամանակներէն առաջ Քրիստոնեաները հալածուած էին, երբեմն աւելի սաստիկ, երբեմն աւելի մեղմ կերպով: Հազարաւորներ կը մեռնէին, մինչեւ որ Կոստանդին կայսրը իշխանութեան գլուխ եկաւ: Ան պատերազմի երթալէ առաջ տեսիլք մը տեսաւ, որ իրեն հասկցուց, թէ եթէ պատերազմի երթար Քրիստոսի նշանը դրօշակին վրայ ունենալով՝ պիտի յաղթէր: Ան պատուիրեց, որ իր զինուորներուն վահաններուն վրայ Քրիստոսի անունին առաջին երկու տառերը դնեն: Ան յաղթեց եւ այդպէս Քրիստոնէութեան մեծ նեցուկ եղաւ:

Ք.Ե. 313-ին Կոստանդին օրինական իրաւունք տուաւ Քրիստոնեաներուն: Այն օրը երբ Կոստանդին ծունկ ծռեց Յիսուսի առջեւ, աշխարհը փոխուեցաւ: Ան ինքզինք խոնարհեցուց: Հպարտութեան հոգին կորսնցուց իր իշխանութիւնը:

Յիսուս անմիջապէս սկսաւ կայսրութիւն հնձել: Յիսուս Իր մանգաղը գործածեց (Յյտ 14.14-16):

Բաբելոնի իյնալուն եւ աւետարանչութեան միջեւ մեծ կապ կայ, ինչպէս երբ աշակերտները աւետարանչութենէն կը վերադառնան, Ղուկաս կ'ըսէ, «Յիսուս ըսաւ անոնց. “Սատանան փայլակի պէս երկինքէն վար ինկած կը տեսնէի”» (Ղկ 10.18): Ուղղակի արդիւնք կար աշակերտներուն քարոզելուն եւ Սատանային երկինքէն իյնալուն միջեւ: Այդպէս, երբ Բաբելոն ինկաւ, Հռոմի կայսրութեան մեծ հունձքը տեղի ունեցաւ:

Լաւ գիտենք, որ Աստուծոյ թագաւորութեան ընդարձակուիլը Հռոմի կայսրութիւնը ճզմելու համար էր:

Ամբողջ պատմութեան մէջ, դժուար է գտնել չորրորդ եւ հինգերորդ դարերուն նման ժամանակ մը, երբ Կոստանդինի դարձը եւ հոգիներու փրկութեան մէջ ատոր արդիւնքը աւելի զօրաւոր եղած է Սատանային իշխանութիւնը ճզմելու մէջ:

Նախորդ Հրապարակում Գերբնական Քայլեր՝ Բնական Պայմաններու Մէջ (Մատթէոս 14.22-36)
Յաջորդ Հրապարակում Նախնիքներուն Ուսուցումները (Մատթէոս 15.1-9)