Յիսուս սկիզբէն Օրէնքին եւ մարգարէութեան կատարողն էր, եւ բնաւ մրցակցութիւն չէր ըներ Փարիսեցիներուն եւ օրէնքի ուսուցիչներուն հետ (Մտ 5.17):
Երբ եկաւ կրօնական կազմը, նաեւ եկաւ աւանդութիւնը (Մտ 15.1):
Յունարէն «Փարա՛տոսիս» (παράδοσις [paradosis /par·ad·os·is/]) կը նշանակէ աւանդութիւն, այսինքն՝ վճիռ, օրէնք, կարգ, ծէս եւ արարողութիւն:
Աւանդութիւնը տրուեցաւ եւ փոխանցուեցաւ՝
- Բերանացի կերպով
- Որպէս պատուէր, նախագիծ, հրահանգ եւ կանոն
Յիսուս կը խօսի աւանդապաշտութեան մասին (15.2): Մարդիկ կեդրոնացած էին ծերերուն ըսածը ընելուն վրայ, բայց Աստուծոյ առջեւ ծերերուն պէս Հոգիով պաշտելը մոռցած էին (Յհ 4.24):
Յիսուս ցոյց կու տայ զԱստուած չանտեսելուն կարեւորութիւնը (Մտ 15.3): Մարդիկ յարգելու եւ պատուելու պատուիրանը խափանած էին (Մտ 15.4-6) իրենց պէտքին եւ մտածելակերպին յանձնուած ըլլալնուն պատճառով (Մտ 6.24-33):
Չպատուողները կոչուեցան (Մտ 15.7-8)՝
- Կեղծաւորներ,
- Սրտով հեռու,
- Միայն շրթներով պատուող:
Ճշմարիտ վարդապետութիւնը կը տարբերի մարդոց կողմէ տրուած Օրէնքներէն կամ սկզբունքներէն: