Գերբնականին գործածութիւնը Քրիստոնէական առաքելութեան իւրայատկութիւններէն մէկն է:
Յիսուսի ջուրերուն վրայէն քալելը պատկեր մըն է մեր կեանքերէն ներս Իր բերած յաղթութեան: Պետրոսի առաջարկով ջուրերուն վրայէն քալելու համար տրուած հրամանը փաստ մըն է, թէ հաւատքով բոլորս ալ գերբնականին մէջ գործելու իրաւունքը ունինք՝ Խօսքին համաձայն:
Յիսուս «աշակերտները արտորցուց» (14.22) որ ջուրերուն միւս կողմը անցնին: Արտորցուց՝ «Անաղա՛զօ» (ἀναγκάζω [anagkazo /an·ang·kad·zo/] )կը նշանակէ՝ ստիպել կամ մղել, կամ տանիլ տեղ մը, որովհետեւ պէտք է: Յիսուս ստիպեց, որովհետեւ ատիկա իրենց համար պէտք էր...
Հինգ հազարին կերակրումը աշակերտներուն գործակցութեամբ կատարուած եւ մեծ ազդեցութիւն ձգած հրաշք էր: (Մտ 14.23-24) Լաւ փորձառութեան եւ անոր բերած ուրախութեան կրնան յաջորդել դառն փորձութիւններ, որոնք կը նմանին ալեկոծութեան եւ հովերուն դէմ դնելուն:
(Մտ 14.25) Յիսուս տեսաւ աշակերտներուն դժուարութիւնը եւ առաւօտեան ժամը 3-էն 6-ի միջեւ, ջուրերուն վրայէն քալելով եկաւ՝ զանոնք ալ յաղթող դարձնելու համար:
Աշակերտները վախցան... Փորձութիւնն ու անոր բերած վախին ազդեցութիւնը կը պղտորեն քու տեսողութիւնդ եւ պատճառ կ’ըլլան, որ Յիսուսի բերած յաղթութիւնն անգամ վախով դիմաւորես, կամ ոգի ու դեւ մը կարծես:
Յիսուս ըսաւ«[…] ՔաջԵղէք, Ես Եմ, Մի՛Վախնաք» (14.27): Ան վախիահազանգը մարեց՝ Ինքզինքը Իր խօսքերով աշակերտներուն ներկայացնելով: Յիսուս ցոյց տուաւ, թէ Ինք յաղթած էր, եւ թելադրեց, որ աշակերտները չվախնան:
Յիսուս կ’ակնկալէր, որ աշակերտները չվախնային եւ Պետրոս հասկցաւ նամակը (28-30): Ան հաւատաց Խօսքին եւ ինքզինք յաղթող տեսաւ Յիսուսով: Պետրոս այդ յաղթութիւնը վայելեց ջուրերուն վրայէն քալելով:
Երբ Յիսուս նաւակ մտաւ, հովը դադրեցաւ (14.32): Երբ Տիրոջ շնորհքը կը մտնէ, ամէն հարց կը լուծուի:
Յիսուսով քու ինքնութիւնդ կանչուած է պայմանները փոխելու: Բռնուած մնացիր խօսքին եւ Խօսքը քեզ պիտի տանի յաղթութեան: