Տէրը խօսք մը կը խօսի Ես 61.1–4-ին մէջ, զոր Տէր Յիսուս Նազարէթի ժողովարանին մէջ խօսած ատեն կը մէջբերէ՝ Իր Անձին վերագրելով զանիկա (Ղկ 4.16–21):

Այս համարին յետին միտքը Յոբելեան տարին է, որ նկարագրուած է Ղւ 25.7-ին մէջ:

  • Եօթը տարի անգամ մը, Հրեաները «Շաբաթ»ի օրինակով իրենց հողին հանգիստ կու տային:
  • Եօթը եօթնեակէն, այսինքն՝ քառասուն իննը տարի ետք, յիսուներորդ տարին կը տօնէին իբրեւ «Յոբելեան» տարի:
    • Այդ տարուան ընթացքի բոլոր պարտքերը կը ներուէին. հողերը ետ կը վերադարձուէին իրենց տէրերուն:
    • Գերիները ազատ կ'արձակուէին:
    • Իւրաքանչիւր անձ նոր սկիզբ մը կը ստանար:

Երբ կը հաւատանք եւ կ'ընդունինք Յիսուսը, Անով կ'ապրինք մեր հոգեւոր «Յոբելեան» տարին:

  • Կ'ազատագրուինք կապանքներէ:
  • Մեր հոգեւոր պարտքերը վճարուած կ'ըլլան:
  • Կ'ապրինք Տիրոջ հաճելի տարուայ ժամանակին մէջ:
  • Սուգի մոխիրին փոխարէն, Ան մեր գլխուն դրաւ փառքի թագը, որովհետեւ Ան մեզ թագաւորներ ըրաւ, ըստ Յյտ 1.6-ին:
  • Մենք Անոր Հոգիով եղանք օծեալներ եւ հագանք արդարութեան պատմուճան (Ա.Յհ 2.20: Ես 61.3,10):

Իսրայէլի որդիները՝ թէեւ տերեւները թառամած բեւեկնիի եւ ջուր չունեցող պարտէզի պէս էին (Ես 1.30), սակայն Թագաւորութեան մէջ եղան.

  • Ջրարբի պարտէզի պէս (Ես 58.11)
  • Եւ արդարութեան բեւեկնիներ (Ես 61.3)
  • Բոլոր հաւատացեալները կանչուած են ջուրի ճամբաները տնկուած ծառի պէս ըլլալու (Սղ 1.1-3), Տիրոջ փառքին համար (Ես 61.3):

Մեզի ուղղուած Իր այս տարուան պատգամին միջոցաւ, Տէրը իմ եւ Կեանքի Աղբիւր եկեղեցիին վրայ հռչակեց «Յոբելեան» տարին:

  • Սուրբ Հոգիով նորոգելու (Սղ 104.30)
    • Հոգեւոր եւ նիւթական աղքատութեան փոխարէն, յաջողութեան աւետիսը տալու (1)
    • Ներքին եւ արտաքին վէրքերու բժշկութիւն ստանալու
    • Մոլութիւններէն ազատելու
    • Կապանքներէն ազատելու
    • Քեզ մխիթարելու եւ սուգդ ուրախութեամբ փոխելու (2)
    • Սուգի մոխիրին փոխարէն փառքի պսակը հագցնելու (3)
    • Սուգի փոխարէն ուրախութիւն տալու
    • Կոտրած եւ վիրաւորուած հոգիի փոխարէն, գովութեան եւ արդարութեան պատմուճան հագցնելու
    • Հին աւերակները շինելու (4)
    • Կործանուած բաները վերականգնելու
    • Դարերէ ի վեր ժառանգուած աւերակները նորոգելու

Թէեւ թառամած բեւեկնիի եւ չորցած պարտէզի պէս ըլլաս, բայց այս տարի կանչուած ես ըլլալու.

  • Ջրարբի պարտէզի պէս
  • Եւ արդարութեան բեւեկնիի պէս
Նախորդ Հրապարակում Աւետելու Կարեւորութիւնը (Փիլիպպեցիս 1.1-30)
Յաջորդ Հրապարակում Գերագոյն Աւետիսը (Ղուկաս 1.5-25)