Աստուած Մեր Կողմն է (Հռ 8.31)
Հայրը մեր կողմն է, եւ ատիկա կը փաստուի Իր Որդին չխնայելովը (Հռ 8.32): Որդին ալ մեր կողմն է (Հռ 8.34), նոյնպէս ալ Սուրբ Հոգին (Հռ 8.26):
Թէեւ շատ անգամներ Յակոբի նման կ‘ողբանք, ըսելով. «[…] Այս ամէնը իմ գլխուս եկաւ» (Ծն 42.36), բայց Աստուծոյ կողմէ դիտուած՝ Ան բոլոր բաները բարիի գործակից կ‘ընէ մեզի համար (Հռ 8.28), Իր Անձով եւ Իր նախասահմանութեամբը:
Յաճախ կը նայինք մեր դժուարութիւններուն, մինչ իրականութեան մէջ բոլոր բաները կը գործեն ի շահ մեզի:
«Եթէ Աստուած մեր կողմն է, ո՞վ պիտի ըլլայ մեզի հակառակ» (Հռ 8.31բ):
Հաւատացեալը ամէն օր ճանչնալու է, թէ Աստուած իր կողմն է: Ան վախի պատճառ չունի, որովհետեւ սիրող Հօր փափաքն է Իր որդիներուն տալ լաւագոյնը. «Քանզի ձեզի համար իմ ծրագիրս գիտեմ, կ՚ըսէ Տէրը, ծրագիր մը բարօրութեան եւ ո՛չ չարիքի, ձեզի ապագայ մը եւ յոյս մը տալու» (Եր 29.11):
Յիսուս Մեռաւ Մեզի Համար (Հռ 8.32)
«Ան որ իր որդին չխնայեց, հապա մեր ամենուն համար մատնեց զանիկա, ալ ի՞նչպէս անոր հետ բոլոր բաները մեզի չի պարգեւեր»:
Եթէ երբ մեղաւոր էինք Աստուած Իր լաւագոյնը տուաւ մեզի համար, հիմա որ զաւակներ ենք, աւելին պիտի չտա՞յ: Աստուած մեզի կը նայի Գողգոթայի վրայ կատարուածին համաձայն եւ ո՛չ Օրէնքին համաձայն:
Տէրը Արդարացուց Մեզ (Հռ 8.33)
«Ո՞վ է որ Աստուծոյ ընտրածներուն դէմ մեղադիր կ'ըլլայ: Աստուած է որ կ'արդարացնէ»:
Ասիկա կը նշանակէ, թէ Ան մեզ արդար կը հռչակէ Քրիստոսով: Թէեւ Սատանան պիտի փափաքի ամբաստանել մեզ (Զք 3.1-7: Յյտ 12.10), բայց Քրիստոսով ե՛նք եւ կը մնա՛նք զաւակներ:
Աստուած՝ որ մեր ներկան ճանչնալով արդարացուց մեզ, վստահ պիտի չամբաստանէ մեզ: Եթէ Տէրը Ինք ըլլար մեզ անբաստանողը, պիտի նշանակէր, թէ փրկագործութիւնը ձախողած է եւ մենք տակաւին մեղքերու մէջ ենք՝ մեղաւորներ ենք:
Հասկնալ Արդարութիւնը
- Արդարութիւնը հասկնալը խաղաղութիւն կը բերէ մեր սրտին:
- Երբ Աստուած կ'արդարացնէ հաւատացող մեղաւորը, ատիկա չի փոխուիր, մինչեւ այն ատեն որ այդ հաւատքը կայ:
- Մեր Քրիստոնէական փորձառութիւնները օրէ օր կը փոխուին, բայց մեր արդարանալը բնաւ չի փոխուիր:
- Կրնանք մենք մեզ ամբաստանել կամ կրնան ուրիշներ ամբաստանել մեզ, բայց Աստուած ատոնց համար մեզ դատարան պիտի չկանչէ, որովհետեւ Յիսուս Իր արիւնով այդ բոլորին գինը վճարած է:
Յիսուս Կը Բարեխօսէ Մեզի Համար (34)
«Ուրեմն ո՞վ է որ կը դատապարտէ: Քրիստոս է որ մեռաւ, մանաւանդ որ յարութիւն ալ առաւ ու Աստուծոյ աջ կողմն է, որ նաեւ մեզի համար բարեխօսութիւն կ'ընէ» (Հռ 8.34):
Հոս կը գտնենք այն կրկնակի բարեխօսութիւնը, որ Քրիստոսի մէջ գտնուող հաւատացեալին ապահով կը զգացնէ: Սուրբ Հոգին կը բարեխօսէ, եւ Որդին կը բարեխօսէ (Հռ 8.26-27,34):
Որպէս մեր քահանայապետը եւ բարեխօսը՝ Յիսուս կրնայ մեզի տալ պարգեւը, որով պիտի յաղթենք փորձութիւններուն (Եբր 4.14-16): Որպէս մեր բարեխօս փաստաբանը՝ Յիսուս կրնայ ներել մեր մեղքերը եւ նորէն Հօր հետ յարաբերութեան մէջ մտցնել մեզ (Ա.Յհ 1.9--2-2):
Բարեխօսութիւն այս պարագային կը նշանակէ, թէ՝ Յիսուս մեր ներկայացուցիչն է շնորհքի գահին առջեւ, եւ մենք մեզ ներկայացնելու պէտք չունինք:
Ըստ Պօղոսի (Հռ 5.9-10), մենք ոչ միայն փրկուած ենք Յիսուսի մահով, հապա նաեւ փրկուած ենք Անոր կեանքով:
Յիսուս Կը Սիրէ Մեզ (35-39)
Հռ 8.31-34-ի մէջ, Պօղոս կը փաստէ, թէ անկարելի է, որ Աստուած լքէ մեզ: Բայց կրնա՞յ ըլլալ, որ մենք լքած կ’ըլլանք զԱյն, երբ մեծ փորձութեան մը մէջ իյնալով՝ կը ձախողինք:
Այս բաժինին մէջ, Պօղոս կը բացատրէ, թէ ոչ մէկ բան կրնայ մեզ բաժնել Քրիստոսի մեծ սէրէն, այսինքն՝ Անոր սիրով մեզի հասնող քաւութենէն եւ բարիքներէն:
Հասկնալ Աստուծոյ Պահպանութիւնը
Աստուած մեզմէ չի հեռացներ սովորական դժուարութիւնները, որովհետեւ անոնք մեր աճման միջոցներն են (Հռ 5.3-5): Ան կը վստահեցնէ, թէ բոլոր դժուարութիւնները մեր բարիքին համար պիտի գործեն (Հռ 8.28):
Դժուարութեան ատեն Աստուած մեզի կու տայ զօրութիւն՝ անոնց դէմ դնելու եւ անոնց յաղթելու համար: