Կրնան ճնշումները պատճառ ըլլալ,որ մեր կոչումին մէջ ըլլալով եւ հաւատացեալ ըլլալով հանդերձ,սխալներ գործենք կամ ընենք բաներ,որոնք մեր կոչումէն դուրս են:
Այդ մէկը կանխելու համար,պէտք ունինք միշտ Հայր Աստուծոյ հետ կապի մէջ ըլլալու: Ամէն բան գիտնալով հանդերձ (Յհ 5.19-20),Յիսուս իր գիտցածին վրայ չէր հիմնուեր,այլ մի՛շտ Հօր մտիկ կ'ընէր, որովհետեւ իրենց համար կարեւորը գիտնալը չէր, այլ Հօրմէն առնելը:
Եզ 47-ին մէջ, գահէն հոսող ջուրը խորհրդանիշ է Սուրբ Հոգիին : Ջուրը հետզհետէ կը բարձրանար ու մահուան աշխարհին մէջ կենդանութիւն կը բերէր: Սակայն հոսանքէն դուրս գտնուած ջուրը ճահիճացած էր: Եթէ մեր կոչումին ընթացքին, չգործենք հոսանքին հետ, կրնանք ունենալ օծութիւնը բայց մեր ուզած պտուղը ձեռք պիտի չբերենք: Սուրբ Հոգիին հոսանքին կապուած կը մնանք աղօթքով եւ Աստուծոյ խօսքը կարդալով:
Մարդ արարածը մտաւորական բնոյթ ունենալուն պատճառով իր լսածներուն միջոցաւ կը զարգանայ եւ կ’աճի: Նաեւ լսածներուն ազդեցութեան համաձայն հոգեվիճակ կ'ունենայ: Հետեւաբար կարեւոր է որ մեր զգացումները եւ միտքը Տիրոջ խօսքով նորոգուած ըլլան (Հռ 12.2, Եփ 6):
Միքիա մարգարէն կանչուեցաւ թագաւորին կողմէ որպէս մարգարէ (Գ. Թգ 22.1-14) եւ իրմէ ակնկալուեցաւ որ հաճելի բաներ խօսի: Բոլոր միւս մարգարէները խօսեցան սխալ բաներ,մինչ Միքիա,առանց դժուարութենէն ազդուելու,ճշմարտութիւնը խօսեցաւ: Այս մարդը Աստուծոյ խօսքին դիմաց ունէր թագաւորի մը եւ սուտ մարգարէներուն ճնշումը,բայց ինք ըսաւ որ պիտի խօսի միայն Աստուծոյ ըսածը:
Սատանան աշխատանք կը տանի,որպէսզի չապրինք այն կեանքը որ Տիրոջմով մեզի տրուած է: Եթէ արտօնենք որ պայմանները եւ մարդոց խօսածները տիրեն մեր վրայ,կրնանք մեր «հոգեւոր փայլքը» կորսնցնել: Փայլքը չկորսնցնելու համար,մեր գիտցածները եւ փորձառութիւնները բաւարար չեն,այլ պէտք ունինք ամէն օր կարդալու եւ աղօթելու:
Եթէ խօսքին բռնուած մնանք,ինչքան ալ ճնշում եւ դժուարութիւն ունենանք,Աստուծմէ զօրութիւն պիտի վայելենք: