Մ- մարդիկ, Շ- շտապ, Ա- Աստուծոյ, Կ- կանչող:
Յիսուս կ'ակնկալէր որ ըլլան մարդիկ, որոնք կ'աշխատին ինչքան ալ տագնապ ըլլայ:
Մենք շատ գործեր ու ծառայութիւններ կրնանք ընել, բայց մեր բուն կոչումը մշակ ըլլալն է եւ մարդիկը Քրիստոսի միացնելն է: Աստուծոյ հետ հաշտուելով է որ մենք այս պաշտօնը ստացանք:
Երբ Յիսուս Իր առաքելութեան սկսաւ, Փարիսեցիները սկսան զրպարտութիւններ ընել, բայց Ինք լուրջ մտահոգութիւն ունէր ժողովուրդին ցիրուցան վիճակին վերաբերեալ: Այդ պատճառով, Ան մշակներ ընտրեց եւ ղրկեց, որպէսզի ժողովուրդը երկինքի թագաւորութեան ուսուցումին մէջ պահեն եւ զայն ընդունելու յոյսով առաջնորդեն (Մտ 9.34--10.15):
Յիսուս իր առաքելութեամբ ցոյց տուաւ թէ մեզմէ ինչ կ'ակնկալէ, որպէս մշակներ (Մտ 8.1--9.33): Ան կը սորվեցնէր, կը քարոզէր եւ կը բժշկէր (Մտ 9.35): ԱՆ կը մօտենար մարդոց՝
- Խղճալով եւ սիրով հոգալով (Մտ 8.1-4: Մր 1.40)
- Անոնց հաւատքը գնահատելով (Մտ 8.10)
- Ընդհանուրին ցաւերը Իր վրայ առնելով (Մտ 8.14-17)
- Անոնց կեանքերը պիղծ ոգիներու իշխանութենէն ազատելով (Մտ 8.28-34)
- Անոնց հաւատքը գնահատելով եւ խնդրանքներուն ընդառաջելով (Մտ 9.1-8,18-33)
Յիսուս կը գործէր խղճալով ու մարդոց անտէր ըլլալուն համար լուծում փնտռելով (Մտ 9.35-38): Ան աշակերտներուն յայտնեց ժողովուրդին վիճակը եւ թելադրեց որ աղօթքով մշակներ խնդրեն ու աշխատին այդ գործը յաջողցնելու համար:
Յիսուսի դէմ կային զրպարտութիւններ եւ ճնշումներ, սակայն ինք բնաւ իր գործը չէր կեցներ: Սատանան շատ արգելքներ պիտի դնէ, բայց պէտք չէ բնաւ Աստուծոյ գործը լքուի:
Որպէս մշակ ղրկուեցան միայն հետեւողները՝ անոնք որոնք ամէն ինչ ձգելու եւ Յիսուսի հետեւելու պատրաստակամութիւն ունէին: Անոնք իշխանութիւն ստացան պիղծ ոգիներու դէմ եւ ցաւեր բժշկելու ու ամէն հիւանդութիւն բժշկելու համար:
Ընտրուածները պէտք է (Մտ 10.5-15)՝
- քարոզեն երկնքի թագաւորութեան մասին,
- Հիւանդները բժշկեն, բորոտները մաքրեն եւ դեւերը հանեն,
- Նիւթական ակնկալելով չընեն ծառայութիւնը,
- Տուներուն մէջ Յիսուսի խաղաղութիւնը հռչակեն
- Մերժողներուն բեռը իրենց վրայ չառնեն
- Մարդոց ըրածներէն եւ ըսածներէն չբորբոքին:
Յիսուս նաեւ խօսեցաւ ընտրուածներուն հալածանքներուն մասին (Մտ 10.16-25), ըսելով որ անոնք պիտի ըլլան ոչխարներ՝ գայլերու մէջ: Յիսուս կ'ըսէ որ դժուարութիւններ պիտի ըլլան, բայց չնեղանանք: Դժուարութիւնները պիտի օգնեն, որպէսզի վկայութիւն տանք: Չմտահոգուինք, որովհետեւ Սուրբ Հոգին խօսք պիտի տայ մեզի պէտք եղած ժամանակ:
Բնաւ չհրաժարինք մեր կոչումէն մարմինին հասնող դժուարութիւններուն պատճառով: Յիսուսը դաւանիլը ամենէն կարեւոր բանն է եւ երկնային օրհնութիւն է (Մտ 10.32-33): Ինչ որ մեզի տրուած է գործածենք մարդիկը Քրիստոսի բերելու համար (27):