Աստուածաշունչը կ'ըսէ թէ պատերազմը Տիրոջն է եւ թէ պատերազմի մեր առաջնորդը Տէրն է (Բ.Մն 32.8):
Յայտնութիւն 17 եւ 18-ը կը խօսին Աստուծոյ թշնամիին վերջնական նուաճումին մասին:
Ներկայ Դարու Պատահարներ
Ամէն պիղծ հոգի, որ ինքզինք բարձրացուցած է եւ տակաւին կը բարձրացնէ Աստուծոյ եւ մարդուն միջեւ պէտք է ծունկ ծռէ:
Նախորդ դարաշրջանին մենք ականատես եղանք, թէ ի՛նչպէս փայլակի նման ինկաւ համայնավարութեան ետին եղող պիղծ հոգին:
Մօտաւորապէս աշխարհին կէսը անոր իշխանութեան տակն էր: Այդ հոգիին իյնալէն ետք, արգելքները քանդուեցան եւ այլեւս այդ շրջաններուն մէջ մենք կրնանք Աւետարանը քարոզել. բան մը, որ անցեալին կարելի չէր:
Ներկայ օրերուն ալ կան կրօններ, որոնք գերած են են ազգեր եւ ժողովուրդներ: Բայց պիտի չարտօնուի, որ այդ ազգերն ու ժողովուրդները ստրուկ պահուին, որովհետեւ պէտք է ամէն ծունկ Յիսուսի առջեւ ծռի:
Ասոր կողքին կայ նաեւ կրօնական հոգին, որ աշխարհի տարածքին կը գործէ: Օրինակ Մորմոններուն վրայ ազդեցութիւն բանեցնող հոգին խաբելու իր կարողութիւնը պիտի կորսնցնէ, եւ անոնք պիտի սկսին տեսնել ճշմարտութիւնը: Նոյնն է պարագան Եհովայի վկաներուն:
Երբ ամէն տեսակի սխալ պաշտամունքի ետին կեցող պիղծ հոգի իր իշխանութիւնն ու ազդեցութիւնը կորսնցնէ, մարդիկ այն ատեն պիտի սկսին կատարել Յիսուսի փափաքը: Դեւերը պիտի կորսնցնեն իրենց իշխանութիւնը եւ ատոր իբրեւ արդիւնք խաբկանքը, բաժանումը եւ սխալ պայքարը պիտի պակսին:
Ատոր իբրեւ արդիւնք պիտի տեսնենք, որ Քրիստոնէութիւնը կը բարձրանայ միութեամբ եւ չափահասութեամբ:
Ի՞նչ պիտի պատահի արդեօք, երբ Աստուծոյ դատաստանները կատարուին եւ հպարտութեան ու կրօնական հոգին պարտուին:
Յովհաննէս պատասխանը կու տայ, ըսելով. «Ուրախացէ՛ք անոր վրայ, երկինք ու սուրբ առաքեալներ եւ մարգարէներ, որ Աստուած ձեր վրէժը անկէ առաւ» (Յյտ 18.20):
Երբ Աստուած ամբողջացնէ Իր գործը՝ Բաբելոնը եւ Պոռնիկը դատելով, այն ատեն առաքեալներն ու մարգարէները երկրի վրայ ազատութիւն պիտի ապրին:
Եկեղեցին Աստուծոյ ամբողջական իշխանութեամբ եւ ճշմարտութեամբ պիտի հաստատէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնն ու Օրէնքը երկրի վրայ:
Երբ որ հպարտութեան եւ կրօնական հոգին պարտուին Աստուծոյ ժողովուրդին սիրտին մէջ, այն ատեն սուրբերը պիտի բարձրանան փառքով:
«Արեւմուտքը՝ Տիրոջ անունէն, արեւելքը անոր փառքէն պիտի վախնան. երբ թշնամին գետի պէս գայ, Տիրոջը Հոգին անոր դէմ դրօշակ պիտի կանգնեցնէ» (Ես 59.19):