Տէրը իւրաքանչիւր անձի մասին կ'իմանայ մանրամասնութեամբ: Ինչքան Տիրոջ միացած կ'ըլլաս, այնքան շատ երկրի վրայ կը վայելես Անոր բարիքները:

Մտ 15.29-39-ին մէջ կը կարդանք որ Յիսուս խղճաց: Ըստ Thayer’s Greek-English Lexicon-ին, խղճալ կը նշանակէ աղիքները քալարուիլ (ինչ որ խղճալուն չափանիշը ցոյց կու տայ): Պէտք է նշել, որ աղիքները կը նկատուին սիրոյ եւ խղճալու աթոռը:

Երբ Յիսուս կը խղճայ, գործ մը կամ պարտականութիւն մը չէ որ կ'ընէ, այլ կատարեալ սէր եւ գութ ցուցաբերելու գործողութիւնն ու ներքին վիճակն է: Իր երկրաւոր առաքելութեան ընթացքին, կը տեսնենք ինչպէս Յիսուս օգնեց եւ բժշկեց (Ղկ 10.33, 15.20):

Տիրոջ միացած, դուն նոր արարած ես (Բ.Կր 5.17), Անոր մէջ կը բնակիս (Ա.Յհ 4.16), Ան քու ներսիդիդ է, եւ դուն Անոր ներսիդին (Յհ 6.57): Միութիւնը պահելը անհրաժեշտ է (Եփ 4.3):

Եբր 2.14-18-ին մէջ կը կարդանք՝ «Որովհետեւ զաւակները մարմնին ու արիւնին հաղորդակցեցան, ինքն ալ անոնց բաժնեկից եղաւ, որպէսզի իր մահով փճացնէ զանիկա որ մահուան իշխանութիւնը ունէր , «Այսինքն՝ Սատանան եւ ազատէ զանոնք որ մահուանվախովը միշտ ծառայութեան մէջ կ՚ապրէին: Քանզի բնաւ հրեշտակներուն չ‘օգներ, հապա Աբրահամին սերունդին կ‘օգնէ: Անոր համար ալ պէտք էր բոլորովին եղբայրներուն նմանէր, որպէսզի ինք ողորմած ըլլայ ու հաւատարիմ քահանայապետ՝ Աստուծոյ կողմանէ, ժողովուրդին մեղքերը քաւելու համար: Քանզի ինչ բանով որ ինք չարչարուեցաւ փորձութիւն կրելով, կրնայ փորձուողներուն ալ օգնական ըլլալ»:

Յիսուս կը հասկնայ քեզի եւ այն վիճակը, որուն մէջէն կ՚անցնիս: Ան կը զգայ քու ցաւերդ եւ Անոր անապական մարմինը կը զգայ քու ցաւերդ:

Յիսուս կը զգայ ու կը խղճայ. Դուն պէտք չունիս իրեն ըսելու քու ցաւիդ մասին այլ պէտք ունիս հռչակելու Յիսուսի ընելիքը:

Նախորդ Հրապարակում Կոչումը Ճանչնալու Զօրութիւնը - Գողիաթ Իսրայէլացիներուն Մենամարտի Կը Հրաւիրէ (Ա. Թագաւորաց 17)
Յաջորդ Հրապարակում Վախճանաբանութիւն - Պոռնիկին եւ Բաբելոնին Անկումը (Յայտնութիւն Յովհաննու 17--18)