Այս նիւթին մէջ պիտի տեսնենք, թէ Տէր Յիսուս Իր հետեւորդներուն կը թելադրէ հրաժարիլ կորստական ուտելիքը փնտռելու անիմաստ ջանքերէն եւ աշխատիլ ապահովել այն կերակուրը, որ յաւիտենական կեանքի մէջ կը մնայ:

Պատմութիւնը մեզի մտածել կու տայ, թէ կերակուրի օրինակով խօսիլը նպատակ մը ունի եւ թէ ի՞նչ է այն կերակուրը, որ յաւիտենականութեան մէջ կը մնայ:

Իր հետեւորդներուն ուղղելով Իր խօսքը, Տէր Յիսուս ըսաւ.

«[…] Կ’ըսեմ ձեզի, վստահաբար դուք զիս կը փնտռէք՝ ո՛չ թէ որովհետեւ հրաշքներ տեսաք, այլ որովհետեւ այդ հացէն կերաք եւ կշտացաք: 27Փոխանակ կորստական ուտելիքը փնտռելու, ջանացէք ապահովել այն կերակուրը, որ յաւիտենական կեանքի մէջ կը մնայ: Այդ կերակուրը Մարդու Որդին պիտի տայ ձեզի, որովհետեւ Հայրն Աստուած իր հաւանութեան կնիքը դրաւ անոր վրայ»:

Ի՞նչ է Կերակուրը

Առաջին հերթին, կերակուրը սնունդ ստանալու միջոցն է: Որպէսզի անձ մը լաւ սնունդ ստանայ, պէտք է ուտէ տարբեր տեսակի սննդարար կերակուրներ:

  • Երբ կերակուր ուտելով ապրելու մասին կը խօսինք, անմիջապէս կը հասկնանք, թէ անհրաժեշտ է, որ ամէն օր պէտք եղած ժամանակներուն կանոնաւոր կերպով կերակուր ուտենք: Այլ խօսքով, միայն մէկ անգամ կերակուր ուտելը կեանքը լման ապրելու ոյժը չապահովէր մեզի համար:
    • Թէեւ մէկ անգամ կ'ապաշխարենք եւ կը փրկուինք, բայց մեր հաւատքի գործե՛րը կ'որոշեն ներկային մէջ եւ յաւիտենականութեան մէջ մեր ունենալիք փառքը: Միայն մէկ բան ընելով ապահոված չենք ըլլար յաւիտենական փառաւոր սնունդը: Պէտք է ամբողջ կեանքի ընթացքին, ամէն մէկ բան ընելու ատեն ապահովենք յաւիտենական մնայուն կերակուրը: Մեր հաւատքի կեանքին որակը կ'որոշէ մարդուն յաւիտենական վիճակը:
    • Ա.Կր 3.12-15-ին մէջ Պօղոս առաքեալ կը խօսի իւրաքանչիւր հաւատացեալի երկրի վրայ ապահոված գործին որակին մասին, բացատրելով, որ անիկա ի՛նչպէս պիտի երեւի յաւիտենականութեան մէջ. «Այդ հիմին վրայ շինուածը կրնայ ոսկի, արծաթ կամ թանկագին քար ըլլալ, եւ կամ կրնայ փայտ, խոտ կամ եղէգ ըլլալ: 13Իւրաքանչիւրին գործը *դատաստանի օրը պիտի յայտնուի, եւ ատիկա կրակը պիտի յայտնէ, որովհետեւ իւրաքանչիւրին գործին որակը կրակով պիտի փորձուի: 14Եթէ մէկուն շինածը կրակին դիմանայ՝ ենթական պիտի վարձատրուի. 15իսկ եթէ այրի՝ ենթական պիտի տուժէ, այսինքն թէեւ անձը ինք պիտի փրկուի, սակայն իր գործերուն համար վարձատրութիւն պիտի չստանայ»:
      • Շարունակելով (16 եւ 17 համարները) առաքեալը կը պարզէ, թէ մեր անձերը տաճարներն են Աստուծոյ եւ զանոնք մաքուր պահելը ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ Է. «16Չէ՞ք գիտեր, թէ Աստուծոյ տաճարն էք դուք, եւ Աստուծոյ Հոգին կը բնակի ձեր մէջ: 17Հետեւաբար եթէ մէկը Աստուծոյ տաճարը քանդէ՝ Աստուած ալ զինք կորուստի պիտի մատնէ, որովհետեւ Աստուծոյ տաճարը սուրբ է. եւ դո՛ւք էք այդ տաճարը»:
    • Ըստ առաքեալին, մեր գործերը եւ անոնց բերած արդիւնքները կամ ազդեցութիւնները կ'ամբարուին կա՛մ ժամանակաւորին մէջ կամ ալ յաւիտենականին:
      • Ցանկութիւնները, աշխարհային փափաքները, սխալ խորհուրդները, անձնասիրութիւնը, բամբասանքը, բարկութիւնը, ատելութիւնը պոռնկութիւնը եւլն. կը վերաբերին ժամանակաւորին (հմմտ Գղ 5.19-21):
      • Իսկ ամէն ինչ որ Սուրբ Հոգիին պտուղն է եւ մենք զանիկա կ'ապրինք եւ անով կը սնանինք յօժարութեամբ, կը վերաբերի յաւիտենականին, որովհետեւ անոր միջոցաւ է, որ մենք ինքնաբերաբար մեր աշխարհայինը խաչին վրայ կը մահացնենք (Գղ 5.24): Այդպիսով, Քրիստոսի խաչին վրայ այժմէն յաղթութիւն կ'արձանագրենք:
      • Գղ 5.16-ին համաձայն, ժամանակաւորը հակառակ է յաւիտենականին, եւ մարմինը՝ հոգիին: Ապա առաքեալը կը պարզէ, թէ ասոնք այսպէս են, որպէսզի մենք մեր ուզած բաները չընենք, հապա՝ ընենք Տիրոջ թելադրածը:

Հոգեւոր Կերակուրը Մարդու Որդին Է

Յհ 6.27-ի խօսքերով Տէր Յիսուս ծուլութիւն չէր քաջալերեր, հապա՝ կ'առաջարկէր, որ մարդիկ ջանք թափեն այն բանին համար, որ յաւիտեան պիտի մնայ:

  • Տէրը գիտէր, թէ «մարդ միայն հացով չ'ապրիր, այլ բոլոր այն խօսքերով, որ Աստուած խօսած է» (Մտ 4.4): Տէրը կ'ուզէր հասկցնել, թէ սովորական կերակուրը ժամանակի մը համար ուժ կու տայ, մինչ հոգեւոր կերակուրը՝ յաւիտեան:
  • Մարդու Որդին, որ կրնայ մարդը երկինք մտցնել (տե՛ս Յհ 3.13), պիտի տայ մարդոց հոգեւոր կերակուրը, որ Քրիստոսն է. «Քանի մարմինս ճշմարիտ կերակուր է եւ արիւնս՝ ճշմարիտ խմելիք» (Յհ 6.55):
  • Հայր Աստուած Իր հաւանութեան կնիքը դրած է Անոր վրայ:
    • «[…] Որովհետեւ Հայրն Աստուած իր հաւանութեան կնիքը դրաւ անոր վրայ» (Յհ 6.27):
  • Տէր Յիսուս Ինքն է ճշմարիտ հացը:
    • «Ե՛ս եմ կեանքի հացը» (Յհ 6.48: Նաեւ տե՛ս հմր 34,51,52):
  • Ան որ հաղորդութիւնը կ'ուտէ, հասկնալու է, թէ Քրիստոսով կատարուած փրկագործութիւնը կ'ուտէ (տե՛ս Յհ 6.55):

Յհ 6.69-ին մէջ Պետրոս առաքեալի պատասխանը կը պարզէ, թէ Տէր Յիսուսի խօսքերը յաւիտենական կեանքի խօսքեր են. «Մենք հաւատացինք ու գիտցանք թէ դո՛ւն ես Քրիստոսը, Աստուծոյ Սուրբը»:

  • Այսինքն՝ զանոնք պահելը յաւիտենական կերակուր կու տայ մեզի: Անոր խօսքերը յաւիտենականութեան մէջ պիտի մնան:

Ես Կը Հաւատամ

«Եղբայրնե՛րս, ի՞նչ օգուտ այն մարդուն՝ որ կ’ըսէ թէ հաւատք ունի, երբ որ հաւատքին արտայայտութիւնը եղող գործեր չունի: Միթէ այդպիսի հաւատքը կրնա՞յ զայն փրկել: 15Ենթադրենք, որ կիսամերկ եւ օրուան հացին կարօտ եղբայր մը կամ քոյր մը ձեզի դիմեց: 16Եթէ ձեզմէ ոեւէ մէկը անոնց ըսէ՝ «Գացէ՛ք, Աստուած ձեզի հետ ըլլայ, տաքցէք եւ կշտացէք», եւ անոր մարմինին համար պէտք եղած զգեստը կամ ուտելիքը չտայ, ի՞նչ օգուտ ունի: 17Նոյնպէս ալ հաւատքը առանձինն՝ առանց գործերու՝ մեռած է» (Յկ 2.14-17):

Եփ 4.11-16 «[…] 12Աստուծոյ ժողովուրդը պատրաստելու եւ Աստուծոյ ծառայութեան մէջ դնելու համար, որպէսզի Քրիստոսի մարմինը՝ եկեղեցին աճի ու զօրանայ, 13մինչեւ բոլորս հասնինք հաւատքի ամբողջական միութեան եւ Աստուծոյ Որդիին ճանաչողութեան. այսինքն՝ մինչեւ հասնինք հաւատքի չափահասութեան, Քրիստոսի կատարեալ նմանութեան: 14Որպէսզի ասկէ ետք չնմանինք երեխաներու, որոնք ալիքներու հետ կը տարուբերին եւ զանազան վարդապետութեանց հովերէն կը քշուին խաբեբայ մարդոց կողմէ, որոնք խորամանկ հնարքներով կը խաբեն ու կը մոլորեցնեն: 15Այլ՝ ապրինք ճշմարտութեան համաձայն, սիրով, եւ հետզհետէ աճինք Քրիստոսի հետ մեր միութեան մէջ, որովհետեւ ի՛նքն է գլուխը, 16որ մարմինը իր բոլոր մասերով ներդաշնակ միասնութեամբ մը իրարու կը կապէ, բոլոր յօդերու օգնութեամբ: Եւ երբ իւրաքանչիւր մաս պէտք եղածին պէս կը գործէ՝ մարմինը կ’աճի եւ կը զօրանայ սիրոյ մէջ» (շեշտադրումը՝ մեր կողմէ):

Հաւատացեալին պարտականութիւնն է հսկել, որ հաւատքը գործեր ունենայ:

  • Հաւատքի գործեր բնաւորութեան վերաբերող
  • Հաւատքի գործեր բարոյականին վերաբերող
  • Հաւատքի գործեր նկարագիրին վերաբերով
  • Հաւատքի գործեր ընկերային կեանքի վերաբերող

Քու անձդ Տիրոջ հաւատքի հասակին եւ չափահասութեան հասցնելու համար, կեդրոնացիր սորվելիքիդ վրայ եւ ուրախացիր երբ նոր բան մը կը սորվիս Տիրոջմէ: Քու անձիդ բարի գործերը, նկարագիրը եւլն. երբեք որպէս սահման (առաստաղ) մի՛ ընդունիր կեանքիդ համար, որպէսզի չըլլայ որ սկսիս անոնցմով զանազանել ճիշդն ու սխալը:

Յհ 6.27-ի Տիրոջ խօսքերը լսելէ ետք, ժողովուրդը հարցուց Տիրոջ. «[…] Ի՞նչ ընենք, որ Աստուծոյ ուզածը կատարած ըլլանք» (հմր 28):

Յիսուս ըսաւ. «[…] Աստուծոյ ուզած գործը այն է, որ հաւատաք Անոր՝ զոր Ինք ղրկեց» (հմր 29):

  • Հմր 33-35- Ով որ ընդունի Յիսուսը եւ հաւատայ Անոր, այժմէն յագեցում պիտի ստանայ:
  • Հմր 50- Ընդունողին եւ հաւատացողին կեանքին մէջ, այդ Հացը (Յիսուս) այժմէն պիտի յաղթէ մահուան:
  • Հմր 51- Յաւիտենական կեանք պիտի ըլլայ ընդունողին, նաեւ որպէսզի աշխարհը կեանք ունենայ:
  • Հմր 57- Յիսուսի Անձով պատրաստուած կերակուրը ուտելը, Անոր միանալ եւ Անոր կեանքով ապրիլ կը նշանակէ:

Ամէն օր Տիրոջ հարցուր ամէն բանի մասին՝ աղօթքի եւ Խօսքը կարդալու ատեն, եւ թող Ան Իր սուրբ եւ արդար խորհուրդներովը շինէ եւ շաղէ քու անձդ՝ կեանքդ, այնպէս, որ ամբողջ էութիւնդ՝ խօսքդ, գործդ, բարոյականդ, ծառայութիւնդ, սիրելդ, յարգելդ եւլն., ունենան յաւիտենականութեան մէջ մնացող յատկութիւններ:

Նախորդ Հրապարակում Ապահո՞վ Ես (Յհ 6.16-21 -- Մտ 14.22-33)
Յաջորդ Հրապարակում Աստուած Կը Զօրացնէ Եւ Կը Հաստատէ