Մտ 14.23-33 Մինչ աշակերտներուն նաւակը ալեկոծութեան մէջ բռնուած էր, Յիսուս քալելով ջուրերուն վրայէն իրենց քով եկաւ: Այսպիսով, Յիսուս ցոյց տուաւ որ իրենց (եւ այսօր ալ՝ մեր) դժուարութիւնները Անոր վրայ չեն տիրեր:
Նոյնիսկ երբ երեւութապէս պարտուած կ'երեւինք, Յիսուս տակաւին յաղթական է. պէտք ունինք իրեն վստահելու եւ մեր հաւատքի խօսքը յայտարարելու:
Երբ Յիսուս քալելով եկաւ ջուրերուն վրայէն, բոլոր աշակետները վախցան: Սակայն երբ Յիսուս ըսաւ «Ես եմ, մի՛ վախնաք», Պետրոս ըսաւ «Տէ՛ր, եթէ դուն ես՝ հրամայէ որ ջուրերուն վրայէն քալելով քովդ գամ»: Երբ Յիսուս ըսաւ «եկո՛ւր», Պետրոս իջաւ նաւակէն եւ դէպի Յիսուս գնաց՝ ջուրերուն վրայէն քալելով: Երբ թշնամին իր սուտերը կը թափէ, մեր գործն է Յիսուսի՛ նայիլ եւ ջուրերուն վրայէն քալել: