«Հաւատք՝ կը նշանակէ վստահ ըլլալ այն բաներուն՝ որոնց կը յուսանք, եւ համոզուած ըլլալ այն բաներուն՝ որոնք չեն երեւիր» (Եբր 11.1): Այս հաւատքը ձեռք կը բերենք Սուրբ Հոգիին միջոցաւ, Աստուծոյ խօսքը ընդունելով (Ա.Թս 1.5):
Ադամ Աստուծոյ հաւատքին պտուղն էր եւ Աստուծոյ խօսքին հանդէպ ունեցած իր հաւատքով կրնար ապրիլ իրեն շնորհուած Աստուծոյ պատկերին նմանութիւնը վայելող կեանքը: Ան պէտք էր հաւատար Աստուծոյ կողմէ տրուած թելադրութիւններուն՝ աճելու, շատնալու, երկիրը լեցնելու, անոր տիրելու եւ զանիկա մշակելու համար (Ծն 1.26-28, 2.15-17):
Հաւատքով ապրելուն եւ գործելուն արդիւնք՝ գերբնական հաւատքի նշանները կարծես Ադամի եւ Եւայի սովորական կեանքին հետ զուգահեռ կ'ընթանային (Օրինակ՝ կենդանիները կառավարելը):
Աստուածաշունչը կը հաստատէ, թէ Աստուծոյ եւ փրկագործութեան հաւատացողները օծման միջոցաւ հովերուն դէմ դնող ծածկոցի պէս պիտի ըլլան (Ես 32.2): Անոնք օծութեան միջոցաւ գերբնական կապակցութիւն կ'ունենան Աստուծոյ հետ: Կրնան հասկնալ տիզերքին ստեղծումը (Եբր 11.3) եւ լաւագոյն զոհը կը մատուցանեն (4): Հաւատքով կրնան երկինք ելլել (5), Աստուծոյ հաճութիւնը կը շահին (6) եւ կրնան սերունդներ յառաջ բերել (8-12): Նաեւ հաւատքով կը տեսնեն մեռելներուն յարութիւնը (35):
Այդպիսի հաւատք ծնունդ կ'առնէ եւ ապա կ'աճի Աստուծոյ խօսքը լսելէն եւ Յիսուսը իբրեւ Փրկիչ եւ բացարձակ ճշմարտութիւն ընդունելէն (Հռ 10.17):Յիսուս կ'ակնկալէր, որ հաւատացեալները աճող հաւատք ունենան (Ղկ 17.5-6):
Հաւատքի չորս հանգրուանները.
- Շնորհքով փրկուելու հաւատք (Եփ 2.8)
- Աճող հաւատք (Հռ 10.17, 12.1-3)
- Ապրուող հաւատք (Ա.Կր 13.7)
- Գերբնական հաւատք (Ա.Կր 12.9)
Սերմնացանին Առակին մէջ կը տեսնենք Խօսքը ընդունելու չորս հանգրուանները (Մտ 13.1-9,18-23):Երբ հաւատքի այս զարգացումը տեղի կ'ունենայ, Սուրբ Հոգիին օծութիւնը գերբնական գործակցութիւն ցոյց կու տայ, ինչպէս արիւնահոսութենէ տառապող կնոջ (Մր 5.25-34) եւ երկու կոյրերուն բժշկութեան պարագաներուն (Մտ 9.27-31):
Հաւատքի պարգեւը Սուրբ Հոգիին միջամտութեամբ կիրարկուող պարգեւ մըն է եւ որեւէ ձեւով մարդուն ջանքերէն, ոյժէն կամ գիտակցութենէն կախեալ չէ: Այս պարգեւը Սուրբ Հոգիէն եկած հաւատքի հրամանին ենթարկուելու ատակ ըլլալ է:
Հաւատքի պարգեւը կը տարբերի հրաշագործութեան պարգեւէն, թէեւ երկուքն ալ հրաշքներ կը կատարեն: Հաւատքի պարգեւը հրաշք կը ստանայ հաւատալով մինչ հրաշագործութեան պարգեւը հրաշքը կը գործէ յայտարարելով:
Նաեւ հաւատքի պարգեւին միջոցաւ կատարուող բժշկութիւնները կը տարբերին բժշկութեան պարգեւին միջոցաւ կատարուող բժշկութիւններէն:
Յիսուս հաւատքով հրաշագործեց (Ղկ 5.1-7), հաւատքով բժշկեց (Մր 3.1-6) եւ հաւատքով բազմացուց հացերն ու ձուկերը (Մր 6.30-43): Նաեւ, հաւատքի պարգեւը գործակցեցաւ Փիւնիկեցի կնոջ հետ (Մր 7.24-30):