Անցեալ նիւթին մէջ (Ուխտի Տապանակին Գրաւումը) տեսանք, թէ երբ Փղշտացիները պատերազմ պիտի ընէին Իսրայէլի ժողովուրդին դէմ, Իսրայէլի ժողովուրդը Սելովէն Աստուծոյ տապանակը բերաւ: Ժողովուրդը բարձր ձայնով աղաղակեց եւ երկիրը դղրդաց բայց տակաւին Փղշտացիները յարձակեցան եւ յաղթեցին: Աստուծոյ փառաւոր ներկայութիւնը չօգնեց Իսրայէլացիներուն, որովհետեւ անոնք տապանակը չէին բերած Աստուծոյ հետ մտերմութիւն ունենալով, այլ՝ պարզապէս իրենց շահին համար:
Ուխտի տապանակը, որ յաղթանակի նշան էր, գրաւուեցաւ եւ Փղշտացիները զայն դրին իրենց Դագոն չաստուծոյն տան մէջ:Տապանակըհոն դնելով, անոնք ըսել կ'ուզէին, թէ իրենց չաստուածը Իսրայէլի Եհովա Աստուծմէն զօրաւոր էր, եւ թէ իրենք յաղթած էին Իսրայէլացիներուն:
Թշնամինօգտուեցաւ, որովհետեւ Իսրայէլի ժողովուրդին մէջ Աստուծոյ իրական ներկայութիւնը չկար:ԵրբԱստուծոյ հետ մեր մտերմութիւնը եւ յարաբերութիւնը ճիշդ մակարդակին չըլլան, թէեւ մենքխօսինք Աստուծոյ փառաւոր գործերուն մասին, բայց մեր կեանքին մէջ անոնք չեն երեւիր, եւ մարդիկ կ'եզրակացնեն թէ՝ «հրաշքի օրերը անցան» եւ «Սատանան զօրացած է»:
Պէտք է ակնկալենք Աստուծոյ ներկայութիւնըիրականտեսնել:Մերբուն գործը մեր կեանքին մէջ Աստուծոյ հետ յարաբերութիւն ունենալով՝ Իր իսկական ինքնութիւնը, մեծութիւնը, զօրութիւնը արտացոլացնել է:Չընդունի՛նքբնաւ որ հոգեւոր կեանքը միօրինակ ըլլայ: Այնպէս ինչպէս կրակը միշտ շարժուն երեւոյթ կ'ունենայ, Աստուծոյ ներկայութիւնն ալ մի՛շտ շարժուն է, իրական եւ ո՛ղջ:
Կարեւոր է հասկնալ, թէ նոյնիսկ երբ մենք պարտուած զգանք գործնական գետնի վրայ, Աստուած ո՛չ պարտուած է եւ ո՛չ ալ կը պարտուի, որովհետեւ Ան թշնամիին դիմաց զիջումներ պիտի չընէ: Տապանակը Դագոնի տան մէջ դրուելուն յաջորդող առտուն, Ազովտացիները տեսան որ Դագոն տապանակին առջեւ երեսի վրայ գետին ինկեր էր (5.3):ԱնոնքԴագոնը վերցուցին եւ իր տեղը դրին, բայց յաջորդ օրը Դագոն նորէն ինկեր էր. այս անգամ գլուխն ու երկու թաթերը կոտրած:
Աստուածանկէ ետք Ազովտացիները զարկաւ թանչքի ուռեցքներով:Տապանակըտարին հինգ գաւառներ, բայց ո՛ւր որ տապանակը մտնէր, քաղաքը տակնուվրայ կ'ըլլար: Վերջապէս որոշեցինտապանակը վերադարձնել:
20 տարի ետք, Իսրայէլի ժողովուրդը տապանակը իր հետ ունենալով հանդերձ տակաւին գերութեան մէջ էր:Իրենցսիրտը Աստուծոյ հետ կապուած չէր եւ այդ պատճառով ալ արտաքին նշանը օգուտ մը չունէր: Անոնք Աստուծմէ օգնութիւն ուզեցին (Ա.Թգ 7.1-2):Սամուէլխօսեցաւ ժողովուրդին, որպէսզի օտար աստուածները վերցնեն, սրբուին եւ իրենց սիրտերը Տիրոջպատրաստեն:Պատրաստելկը նշանակէ՝ աշխատանք տանիլ,պատրաստութիւնընել, հիմնել ամրօրէն եւ ապահով ընել, նաեւ դիմացկուն ընել: Պէտք է մեր սիրտը հիմնենք ամուր ձեւով, այն սկզբունքներով, որոնք Աստուծոյ կը վերաբերին, որպէսզի մեր սիրտերը Տիրոջ ներկայութեան համար ապահով տեղ ըլլան: Պէտք է նաեւ մեր սիրտերը դիմացկուն ըլլան, Տիրոջ ներկայութիւնը բերելու համար:
ԻսրայէլացիներըԲահաղիմն ու Աստարովդը վերցուցին Աստուծոյ ծառայելու համար: Ջուր թափելով, անոնք յայտնեցին իրենց սխալ ճամբայէն իրենց ետ դառնալը (6):Իրենց սիրտին պատրաստութենէն ետք, Սամուէլկաթընկեր գառնուկ մը ողջակիզեց (9) ու աղօթք ըրաւ, եւՏէրընո՛յն օրըորոտաց Փղշտացիներուն վրայ եւ անոնք փախան:
Մեր սիրտերը բանալով՝ առիթ կու տանք Աստուծոյ, որ Իր ներկայութիւնը գայ, եւ թշնամին կոտորուի: