«Դուն Ա՞ն ես […] Թէ Ուրիշի Մը Սպասենք» (Մտ 11.3): Այս հարցումին պատասխանը Յիսուս Ինք պիտի տար, որպէսզի Յովհաննէս Մկրտիչ եւ անոր աշակերտները իրենց պաշտօնին վերջանալը եւ Մեսիային պաշտօնին սկսիլը իմանային:
Յիսուս նոյնանման հարցում մը հարցուց հաւատացեալներուն եւ աշակերտներուն, անոնց կեդրոնացումը, տպաւորութեան չափը եւ վիճակը քննելու համար (Մտ 16.18): Յիսուս հրաշքներ ըրաւ, բայց բաւարարուած չէր մարդոց մօտեցումէն, որովհետեւ մարդիկ կու գային օգտուելու, աւելի քան Իրմով փոխակերպուելու համար:
Մտ 11.4-ին մէջ, Յիսուս պատասխան տուաւ եւ ըսաւ որ երթան ու պատմեն Յովհաննէսին ինչ որ կը լսեն ու կը տեսնեն: Յիսուս այս հարցումին պատասխանը տուաւ յատուկ կերպով եւ կը հետապնդէր նպատակ մը:
Յիսուսի այս ձեւը ընդհանրապէս Աստուծոյ ձեւը եղած է խօսելու (Մտ 11.4-6): Աստուած միշտ Իր ներկայութիւնը ցոյց տուած է նշաններով ու հրաշքներով (Ելք 7.4-5, 14.14) եւ Մովսէսի օրերուն Աստուած ինքզինք թշնամիին յայտնել ուզեց տասը հարուածներուն միջոցաւ:
Աստուած Մովսէսի միջոցաւ Փարաւոնին ցոյց տուաւ, թէ իսկական Աստուածը մէկ է, առանձինն կը տիրէ եւ Իր փառքը ուրիշին չի տար (Ելք 7.8-13: Ես 42.8):
Աստուած ցոյց տուաւ, թէ՝
- Բոլոր բարիքները Իրմէ՛ կու գան եւ ոչ թէ Օսիրիսէն, որ բեղմնաւորութեան չաստուածն էր (Ելք 7.24) եւ թէ միակ կեանք տուողը Ի՛նքն է,
- Բոլոր միւս չաստուածները (Աբիս, Րէ, Հադոր) չեն կրնար սէր, ուրախութիւն եւ գեղեցկութիւն տալ (Ելք 9.1-7),
- Միա՛կ բժշկող Աստուածը Ինքն է, եւ ոչ թէ Իսիս չաստուածը, զոր կը պաշտէին բժշկութեան համար (Ելք 9.11),
- Լոյս, տաքութիւն եւ բեղմնաւորութիւն ապահովողը Րէ չաստուածը չէ (որուն ներկայացուցիչն էր Փարաւոն) (Ելք 10.21-29):
Ելք 11--12.42-ին մէջ Անդրանիկներու մեռնիլը թշնամիին վերջնական պարտութիւնը կը ներկայացնէ:
Աստուածաշունչը կ'ըսէ. «Իսկ զինք ընդունողներուն եւ իրեն հաւատացողներուն իշխանութիւն տուաւ Աստուծոյ որդիներ ըլլալու» (Յհ 1.12, շեշտադրութիւնը մեր կողմէն է):
«Ընդունիլ» բառը յունարէն բնագիրին մէջ «լամպանօ» λαμβάνω [lambano /lam•ban•o/] բառն է որ կը գործածուի ըսելու համար՝ հռչակել, ընդունածիդ բռնուած մնալ, պայքարիլ ձեռք բերելու համար, հրամցուածը ընդունիլ եւ առնել:
Մեզի իշխանութիւն տրուած է: Բռնուած մնանք մեր ընդունածին եւ աղօթքով կենանք՝ Խօսքը հռչակելով, եւ պիտի իրականանայ: Ձգտինք եւ պայքարինք որպէսզի Աստուծոյ կամքը մեր կեանքին մէջ լման կատարուի: