Իր Աւետարանի առաջին գլուխին մէջ, Յովհաննէս Առաքեալ մեզի կը յայտնէ, թէ Խօսքը Աստուած է, ամէն բան Անով եղած է եւ թէ Ան մարմնացաւ եւ մարդոց միջեւ բնակեցաւ: Ետքը կը պատմէ, թէ ի՛նչպէս ինք եւ միւս հինգ աշակերտները հետեւեցան Յիսուսի:
Երկրորդ գլուխին մէջ աւետարանիչը կը խօսի Յիսուսի հետեւելու մասին՝ յատուկ ձեւով անդրադառնալով իրենց հետեւելու սկսելուն եօթներորդ օրուան, որ Փիլիպպոսի եւ Նաթանայէլի իրենց խումբին միանալու երրորդ օրն էր (տե՛ս Յհ 1.19,29,35,43), եւ որ փառաւոր օր մը եղաւ Կանա քաղաքին մէջ, ուր հարսանիք մը կար :
Կանայի մէջ տեղի ունեցած հարսանիքին ընթացքին Տէր Յիսուսի կատարած հրաշքը Անոր առաջին հրաշքն էր: Այդ դէպքը եւ հրաշքը այնքան տպաւորիչ էին, որ առաքեալը կ'ըսէ՝ «[…] Հոն ան իր փառքը յայտնեց, եւ աշակերտները հաւատացին իրեն» (հմր 11):
Պատահածը այդքան տպաւորեց աշակերտները, որովհետեւ սովորական հարսանիքէ մը շատ աւելի անդին հոգեւոր ճշմարտութիւն մը ունէր իր մէջ:
«Յիսուսի Գալիլեա հասնելուն երրորդ օրը հարսանիք մը կար Կանա քաղաքին մէջ, եւ Յիսուսի մայրը հոն էր: 2Յիսուս եւ իր աշակերտներն ալ հրաւիրուած էին հարսանիքին» (Յհ 2.1-2):
Վստահելով Յիսուսի, վեց աշակերտները ոչ-պաշտօնական ձեւով սկսան իրենց առաքելական ճամբորդութեան՝ միշտ սորվելով Անկէ: Անոնք, որոնք պարզի կ'առնեն այս պատմութիւններն ու համարները, պարզութեամբ կը փախցնեն անոնցմէ սորվելու առիթները: Աշակերտներուն համար, իւրաքանչիւր օր եւ եղելութիւն նոր բան մը սորվելու եւ հիացումի առիթ մըն էր, թէեւ շատ անգամ դժուարութեամբ կրնային բացատրել իրենց հետ պատահածները:
Կը հաւատամ, որ այս պատմութեան բուն կորիզը կը խօսի Քրիստոսով կատարուելիք փրկութեան մասին:
- Աստուած մարդը ստեղծեց Իր պատկերին նմանութեամբ եւ անոր տուաւ ամէն բանի վրայ իշխանութիւն (Ծն 1.26-28: Հմմտ Սղ 115.16):
- Աստուած ամէն բան բարի ստեղծեց եւ եօթներորդ օրը հանգչեցաւ Իր գործերէն, սպասելով, որ մարդը իր կեանքը Տիրոջ կամքին համաձայն երկրի վրայ ապրելով իրեն վերադառնար փառաւորուած: Սակայն մարդը վերադարձաւ անհնազանդութեան մեղքով (Ծն 3):
- Տէրը փրկութիւն խոստացաւ մարդուն (Ծն 3.15):
- Թէեւ Տէրը հանգչեցաւ եօթներորդ օրը, սակայն իրականութեան մէջ տակաւին շարունակ կը գործէր (հմմտ Յհ 5.17-ին):
- Շատ մը մեկնաբաններ կ'ըսեն, թէ եբրայական մշակոյթին համաձայն, հարսանիքը կը տեւէր եօթը օրեր եւ Տէր Յիսուսի հարսանիքի եկած օրը եօթներորդ օրն էր: Թէեւ Օրէնքին համաձայն Յիսուս պէտք էր, որ հանգչէր եւ գործ չընէր Շաբաթ օրերը, բայց որպէս Աստուծոյ Խօսքը, Ան կը գործէր ինչպէս Հայրը կը գործէր (հմմտ Յհ 5.17):
- Այդ էր պատճառը, որ Յիսուս ամէն հրաշքէ ետք քարոզ մը կու տար՝ բացատրելու համար հրաշքներուն բուն նպատակը: Օրինակ, անդամալոյծ մարդուն բժշկութիւնը Շաբաթ օրով (տե՛ս Յհ 5) պատճառ եղաւ, որ Իր աստուածութեան մասին խօսէր:
- Եթէ ջուրը գինիի փոխելէ ետք Տէրը քարոզ պիտի տար, հաւանաբար պիտի ըսէր, թէ աշխարհին տուած ուրախութիւնը միշտ կը վերջանայ եւ չի նորոգուիր, բայց Իր տուած ուրախութիւնը միշտ նոր է եւ միշտ գոհացուցիչ:
- Աստուածաշունչին մէջ, գինին խորհրդանիշ է ուրախութեան (տե՛ս Յդ 13: Սղ 104.15): Աշխարհը սկիզբը իր լաւագոյնը կը հրամցնէ եւ երբ բռնուիս իրեն, կը սկսի գէշ բաները հրամցնել: Սակայն Յիսուս շարունակ կը հրամցնէ լաւագոյնը, մինչեւ որ օր մը վայելենք կատարեալ օրհնութիւնը յաւիտենական թագաւորութեան մէջ (տե՛ս Ղկ 22.18):
- Այս հրաշքը գործնական դաս մըն է Աստուծոյ ծառայելու մէջ: Ջուրը գինիի վերածուեցաւ, որովհետեւ ծառայողները Յիսուսի խօսքին հնազանդելով գործակցեցան: Յովհաննէս կը նշէ շատ մը հրաշքներ, որոնք կատարուած են մարդուն Աստուծոյ հետ գործակցելուն պատճառով, ինչպէս 5000-ին կերակրումը (Յհ 6) կամ ի ծնէ կոյր մարդուն բժշկութիւնը (Յհ 9):
- Կարեւոր չէ, որ մենք հաց կը բաժնենք, աղտ կը մաքրենք կամ քար կը վերցնենք... կարեւորը մենք կ'օգնենք, որ Ան հրաշքէ կատարէ:
Ներկայ օրերու անկեղծ Քրիստոնեաները պէտք է նկատի առնեն հետեւեալներուն նման համարներ՝ Ա.Կր 8.9, 10.23,31, նախքան որ եզրակացնեն, թէ այս օրերուն ոգելից ըմպելիներ (ալքոլ պարունակող խմիչքներ) խմելը իմաստուն բան մըն է:
Նոյնպէս ալ անոնք պէտք է ապրին ու ծառայեն՝ մղուած ըլլալով Աստուծոյ հանդէպ իրենց նուիրումէն եւ ոչ թէ իրենց հաճելի թուացող որեւէ համոզումէ: Որովհետեւթշնամիին հալածանքները կ'արդիւնաւորուին (արդիւնք կու տան) միայն երբ քեզի հաճելի թուացածին համաձայն կ'ապրիս Քրիստոնէութիւնը կամ հաւատքը:
Ածխահանքի գործաւոր մը, որ նաեւ գինեմոլ էր, դարձի կու գայ եւ կը դառնայ անդադար Յիսուսի մասին խօսող վկայ մը: Առիթով մը, անոր բարեկամներէն մէկը՝ փորձելով զինք ծուղակը ձգել, կը հարցնէ. «Կը հաւատա՞ս, որ Յիսուս ջուրը գինիի փոխեց»:
«Անշուշտ կը հաւատամ», կը պատասխանէ հաւատացեալ ածխահանքի գործաւորը: «Իմ տանս մէջ, Ան գինին վերածած է կահ կարասիի, շնորհքով հագուստներու եւ կերակուրի զաւակներուս համար»:
Մինչ մեր հաւատքը կ'ապրինք նուիրումով, պիտի տեսնենք, թէ Տէրը մեր առօրեային մէջ պիտի հրաշագործէ ամէն օր: