Ա) Ի՞նչ են լեզուները:
Պատշաճ պատմական համարներն են՝ (Գրծ 2.1-11,10.44-45,19.1-6)-ը:
- Ցոյց կու տան, թէ լեզուները զօրաւոր, հոգեռանդ արտասանութիւններ են:
- Կ'արտասանուին, բայց արտասանողին համար անհասկնալի են:
- Սուրբ Հոգիին հրաշագործութեան պտուղն է:
- Չգիտցած լեզուն խօսելու կարողութիւնը տալուն համար
- Ոչ գիտական լեզու խօսի՛լը գերբնական է:
Բ) Աստուածաշունչը կը ցուցնէ երեք մարզեր, ուր լեզուները փորձառաբար կ'երեւին.
- Իբրեւ Սուրբ Հոգիի մկրտութեան նշան (“Clothed with Power” գիրքէն)
- Շինութեան համար.
- Ուղղակի Սուրբ Հոգիի մկրտութեան նշան է, որովհետեւ կը խօսի մկրտուածներուն (Ա.Կր 14.2,3,18):
- Շարունակական աշխատանքի եւ մենիկ պահերու ու պաշտամունքի ատեն աղօթելու:
- Պօղոս կը յայտնէ, թէ
- Լեզուները խոր եւ ներշնչիչ հաղորդակցութիւն են Աստուծոյ հետ (Ա.Կր 14.2)
- Եւ թէ ինք անձամբ կ'ունենար (18)
- Իրեն համար շնորհակալ ըլլալու միջոց էր (14-16):
- Իբրեւ միջոց, ծագում (աղբիւր) մարգարէական խօսքերու. (Տե՛ս Ա.Կր 12.10,30, 14.5, 13.26-27):
- Հոս լեզուն Աստուծոյ հետ չի խօսիր, բայց կ'ակնկալէ, որ իր խօսածը պիտի թարգմանուի, որպէսզի եկեղեցին օգտուի, ուղղուի եւ զօրանայ:
Գ) Լեզուներուն Բնոյթը
Լեզուներուն բնոյթը ներկայացնելու համար յատկանշական աստուածաշնչական համարներով եւ կարքով հաւաքուած պիտի կառուցենք մեր ուսուցումը:
- (Մր 16.17,20) « 17 Անոնք որոնք կը հաւատան՝ հետեւեալ նշաններով յայտնի պիտի ըլլան.- Իմ անունովս չար ոգիներ պիտի հանեն, նոր լեզուներ պիտի խօսին»:
- « 20 Իսկ անոնք աշխարհի բոլոր կողմերը երթալով՝ Տիրոջ գործակցութեամբ Աւետարանը կը քարոզէին, եւ իրենց քարոզութիւնը կը հաստատուէր իրենց տրուած բոլոր նշաններով»:
- Ասիկա ցոյց կու տայ առաջին եկեղեցիին հաւատքը թէ՝ լեզուներու պարգեւին հիմնական պաշտօնին կը հետեւին նշանները, որուն հաստատումն է համար 20-ը. «խօսքը կը հաստատուէր նշաններով»:
- Ասոր նման բաներ միշտ ալ վերագրուած են լեզուներու պարգեւին:
- Հոգիով լեցուն հաւատացեալին բարձրագոյն որակումներէն մէկը եղած է ասիկա:
- Լեզուն կը խօսի հաւատացեալին երկու ձեւերով.
- Ենթակայական ձեւով. Հաւատացեալին անհատականութեան եւ կեանքին վրայ իր բերած ազդեցութեամբ:
- Առարկայական ձեւով. նշան մը, որ կրնայ շօշափելիօրէն նշմարուիլ. նշան մը, որ կեանքէն ներս կ'երեւի որոշ ժամանակի մը համար եւ կը մնայ որպէս աստուածաշնչական կատարում մը:
- (Յհ 7.37-39) « 37 Տօնին վերջին եւ հանդիսաւոր օրը, Յիսուս ոտքի կանգնած՝ բարձրաձայն կ’ըսէր.- Ով որ ծարաւ է՝ թող ինծի գայ եւ խմէ: 38 Ով որ ինծի կը հաւատայ, ինչպէս Սուրբ գիրքը կ’ըսէ՝ «Անոր սիրտէն կենսատու ջուրի գետեր պիտի բղխին: 39 Յիսուս ասիկա կ’ըսէր Հոգիին համար, որ իրեն հաւատացողները պիտի ընդունէին. իսկ Հոգին տակաւին չէր տրուած, քանի Յիսուս փառաւորուած չէր»:
- Ասիկա նկարագրում մըն է Հոգիին հոսելուն եւ հաւանական համեմատութիւն ունի հոգիով աղօթելուն հետ (14.15):
- Եթէ այդպէս է, ուրեմն լեզուն կարելի է ներկայացնել որպէս գետ մը, որ Սուրբ Հոգիին միջոցաւ կ'արձակուի՝ մեր խոր հոգեւոր ծարաւը՝ պէտքերը, հագեցնելու համար:
- Յիսուս այս օրհնութիւնը որպէս խոստում կը ներկայացնէ եկեղեցիին:
- Թէեւ ոչ յատկապէս, բայց մօտաւորապէս Ես 35.1-6 եւ Եզ 47.1:
- Բոլոր անոնք, որոնք լեզուներու փորձառութիւնը ունեցած են, պիտի նկատեն ասիկա:
- Ասիկա նկարագրում մըն է Հոգիին հոսելուն եւ հաւանական համեմատութիւն ունի հոգիով աղօթելուն հետ (14.15):
- (Գրծ 2.4)-ին համաձայն, լեզուները հաստատ նշան մըն են Սուրբ Հոգիի մկրտութեան ինչպէս նաեւ՝ Սուրբ Հոգիով զօրանալու շարունակական փաստ մը թէ՛ խօսողներուն եւ թէ՛ հաւատացեալներուն համար:
- Ասկէ աւելի ազդու նշան մը չկայ, յատկապէս երբ կը խօսինք մարդուն լեզուին կարեւորութեան մասին, ըլլա՛յ անիկա երկրպագութեան կամ աղօթքի մէջ:
- Մարդուն լեզուն Ս.Հոգիին կողմէ իրաւասութիւն կը ստանայ:
- Մեր խօսելու կարողութիւնը եւ մանաւանդ ստեղծագործ ձեւով խօսելու կարողութիւնը շատ կարեւոր բան մըն է, որովհետեւ Աստուծոյ պատկերին նմանութեամբ ստեղծուած ենք: Այդ ստեղծագործող ուժը կը տեսնենք Աստուծոյ մէջ:
- Աստուած խօսեցաւ եւ եղաւ:
- Կը նկատուի, թէ մարդուն ձայնին մէջ ծածուկ ուժ մը կայ եւ ոչ մէկ ստեղծուած արարած ունի այդ բանը, ո՛չ ալ հրեշտակները (Առ 12.14, 18.20-21: Մր 7.29, 11.23: Հռ 10.9-10: Թւ 20.8 հմմտ Հռ 4.17-21): Կարելի է սաղմոսողին կողմէ գործածուած պայծառ բառին համար գործածել «փառքս» բառը(Սղ 16.9, 30.12, 57.8, 108.1): Այս տեղերուն մէջ Եբր. “Kabod” բառը շարունակ որպէս «անձ» բացատրուած է, բայց անոր իրական իմաստը «փառք, պայծառութիւն» է եւ վերագրուած է մարդկային «ձայնին» կամ «լեզուին», իբրեւ փառաբանութեան գործիք, որ երկնային բաներու մէջ կը մտցնէ մեզի:
- (Կարդա՛ Հռ 8.15-16-ը եւ Գղ 4.6-ը)
- « 15 Արդ, դուք Հոգին ստացաք՝ ո՛չ թէ ծառայ դառնալու եւ դարձեալ վախով ապրելու համար, այլ Հոգին ստացաք՝ Աստուծոյ որդիներ ըլլալու համար: Այդ Հոգիով է որ զԱստուած «Աբբա», այսինքն Հայր կը կոչենք, 16 եւ նոյն Հոգին ինք վկայութիւն կու տայ մեր հոգիին, թէ Աստուծոյ որդիներ ենք»:
- « 6 Արդ, որովհետեւ իր որդիներն ենք՝ Աստուած մեր սիրտերուն մէջ ղրկեց իր Որդիին Հոգին, որով զԱստուած «Աբբա», այսինքն «Հայր» կը կոչենք»:
- երկու համարներ են, որոնց մէջ կան Պօղոսի կողմէ գործածուած երկու բառեր, որոնք կ'ակնարկեն «կլոսոլալիա»յին(glosollalia):
- «Քրազօ» (krazo), որ կը նշանակէ աղաղակել (անգլերէնով՝ «դու քրայ» - to cry):
- Ասիկա նմանողական բառն մըն է, որ կը նկարագրէ ագռաւին կոկորդէն ելլող խեղդուկ ձայնը:
- Յոյներուն կողմէ կը գործածուի բացատրելու համար ագռաւին աղաղակը եւ կը նմանցուի մարդկային աղաղակին (ճչոցին, կանչելուն) (scream) կամ անարտասանելի (անբարբառ) պոռալուն (shout):
- Աղաղակ մը, որ կը կատարուի խոր ապրումով եւ խանդավառութեամբ:
- Ընդհանրապէս կը գործածուի, ինչպէս հոս կը գործածուի, բացատրելու համար զօրաւոր հոգեւոր զգացումէ մը դուրս եկած ինքնաբուխ աղաղակը:
- «Աբբա» = Արամերէն փոքրացուած ձեւն է «հայրիկ» բառին, որ համազօր է անգլերէնի մէջ գործածուող «տատի» (daddy) բառին:
- Իրենց հայրերը կանչելու համար տան մանուկներուն կողմէ գործածուած բառ մը նաեւ անուն մը, որուն գործածութիւնը արգիլուած էր տան գերիներուն համար:
- Մենք այս բառը կ'ըսենք Աստուծոյ, Սուրբ Հոգիով զԱյն իբրեւ մեր Հայրը ճանչցած ըլլալնուս համար:
- Միայն տան մէջ ծնած զաւակներուն արտօնուած էր գործածել այս բառը (Յհ 1.12-14):
- Որպէս Սուրբ Հոգիով լեցուած Քրիստոնեաներ, կրնանք աղօթել հասկացողութեամբ եւ հասկնալի լեզուով եւ Աստուծոյ հետ մեր ունեցած յարաբերութիւնը գիտութեամբ ճանչցած ըլլալով:
- Ան երկինքն է իսկ մենք՝ երկրի վրայ (Ժղ 5.1-2): Հետեւաբար երկիւղով կը մօտենանք եւ յարգանքով կ'ըսենք. «Հայր»: «Երբ Աստուծոյ տունը երթաս, ոտքիդ զգուշութիւն ըրէ՛: Աւելի մտիկ ընելու համար մօտեցիր, Քան թէ անմիտներու պէս զոհ մատուցանելու: Վասն զի անոնք չեն գիտեր թէ չարութիւն կ’ընեն: 2 Բերնովդ մի՛ աճապարեր, թող քու սիրտդ Աստուծոյ առջեւ խօսելու չարտորայ. քանզի Աստուած երկինքն է ու դուն երկրի վրայ ես, անոր համար քու խօսքերդ քիչ թող ըլլան»:
- Բայց որպէս Հոգիով լեցուն Քրիստոնեաներ կրնանք նաեւ աղօթել հոգիով, այսինքն՝ գերբնական լեզուով, լեզուներով:
- «Քրազօ» (krazo), որ կը նշանակէ աղաղակել (անգլերէնով՝ «դու քրայ» - to cry):
- երկու համարներ են, որոնց մէջ կան Պօղոսի կողմէ գործածուած երկու բառեր, որոնք կ'ակնարկեն «կլոսոլալիա»յին(glosollalia):
- Ասկէ աւելի ազդու նշան մը չկայ, յատկապէս երբ կը խօսինք մարդուն լեզուին կարեւորութեան մասին, ըլլա՛յ անիկա երկրպագութեան կամ աղօթքի մէջ:
(Ա.Կր 14.2)
Լեզուները Աստուծոյ հետ ուղղակի հաղորդուելու միջոց մըն են:
- Անոնք անմիջական միջոց մըն են Աստուծոյ գահին առջեւ մտնելու:
- Կրնան գործածուիլ միտքը զբաղեցնող զանազան արարքներու ընթացքին:
- Այս եւ ասոր նման իրողութիւններու պատճառներով լեզուները մեր հոգիին համար կ'ապահովեն (կը հայթայթեն) Ս.Հոգիին հետ մնայուն ընկերութեան մէջ մնալու միջոց մը:
- Բացի հետեւեալ երկու պարագաներէն.
- Երբ լեզուները կը գործածուին թարգմանութեան հետ միասին՝ եկեղեցիին մարգարէական պատգամ մը փոխանցելու համար:
- Երբ յատուկ հրաշքով մը լսողին համար հասկնալի ձեւով կ'արտայայտուին լեզուները (Գրծ 2.1-11):
Հոգեւոր Խորհուրդներ
Պօղոս կ'ըսէ, թէ երբ լեզուներ կը խօսինք, հոգեւոր խորհուրդներ կը յայտնենք (Ա.Կր 14.2): Ան կը գործածէ «մասթերիոն» (musterion) բառը, որ ունի հետաքրքրական նշանակութիւններ:
- Տապըլեու.Ի.Վայն (W.E.Vine) կը կապէ «մասթերիոն» (musterion) բառը խորհուրդներ՝ «տը միսթըրիզ» (the mysteries) բառին հետ, որ հին Յոյներուն կողմէ գործածուող բան մըն էր:
- Կրօնական ծէս մըն էր, որ կը կատարուէր գաղտնի ընկերութիւններու մէջ եւ կը պարտադրուէր անոնց, որոնք կ'ուզէին միանալ իրենց:
- Այն մարդիկը, որոնք այս սուրբ «միսթըրիզ»-ին (mysteries) մէջ կը մտնէին, կը նկատուէին այդ ծածուկ գիտութիւնը ստացողներ, որոնք մնացեալ աշխարհէն աւելի գիտէին:
- Անոնք կը կոչուէին կատարեալները (կատարելագործուածները) «տը փըրֆեքթըտ» (the perfected):
Ա.Կր 2.6-16-ին մէջ Պօղոս առաքեալ դիտմամբ քրիստոնէական ծածուկ խորհուրդներու եւ կատարելագործուած մարդոց եւ կիներու մասին կը խօսի. « 6 Սակայն հոգեւոր կատարելութեան հասածներուն իմաստութիւն ալ կը քարոզենք: Բայց մեր քարոզածը ո՛չ այս աշխարհի իմաստութիւնն է, ո՛չ ալ այս աշխարհը կառավարող ոյժերունը, որոնց իշխանութիւնը շուտով պիտի խափանուի: 7 Մեր քարոզածը Աստուծոյ իմաստութիւնն է, որ թաքուն էր եւ մեզմէ ծածկուած կը մնար մինչեւ հիմա, բայց որ Աստուած սկիզբէն իսկ, յաւիտեաններէն առաջ մեզի տալ սահմանած էր, որպէսզի անով մենք փառաւորուինք: 8 Այս աշխարհի իշխաններէն ոեւէ մէկը չհասկցաւ այդ իմաստութիւնը. որովհետեւ եթէ հասկցած ըլլային՝ խաչը չէին հաներ Տէրը, որ այդ փառքը պարգեւողն է: 9 Սակայն, ինչպէս գրուած է.- «Աստուած զինք սիրողներուն համար պատրաստեց այնպիսի փառք մը, որ ոեւէ աչք չէ տեսած, ոեւէ ականջ չէ լսած, եւ ոեւէ մէկուն միտքէն իսկ չէ անցած»:
Ան մասնաւորաբար կատարելութիւն բառը կը կապէ Սուրբ Հոգիի մկրտութեան եւ «քարիզմաթա»յին (charismata) կամ պարգեւներու կիրարկումին հետ, որուն մասին կը խօսի Ա.Կր 2.9, 10, 12, 14-ին մէջ.
« 10 Բայց Աստուած մեզի յայտնեց այդ խորհուրդը իր Հոգիին միջոցաւ, որովհետեւ Հոգին, որ ամէն ինչ կը քննէ, գիտէ Աստուծոյ նոյնիսկ ամենածածուկ ծրագիրները: 11 Մարդոցմէ ո՞վ կրնայ մարդուս խորհուրդները ճանչնալ, եթէ ոչ՝ նոյնինքն մարդուս հոգին որ իր մէջն է: Նոյնպէս ալ ո՛չ ոք կրնայ գիտնալ Աստուծոյ խորհուրդները, եթէ ոչ՝ Աստուծոյ Հոգին: 12 Արդ, մենք այս աշխարհի հոգին չէր որ առինք, այլ՝ Աստուծմէ ղրկուած Հոգին, որպէսզի ճանչնանք Աստուծմէ մեզի շնորհուած պարգեւները: 13 Եւ ինչ որ կը խօսինք՝ մարդկային իմաստութեան բերումը եղող խօսքեր չեն, այլ՝ Սուրբ Հոգիին կողմէ սորվեցուած իմաստութեամբ հոգեւոր ճշմարտութիւններ կը բացատրենք հոգեւոր մարդոց: 14 Աստուծոյ Հոգին չունեցող մարդը չ’ընդունիր Աստուծոյ Հոգիին բերած ճշմարտութիւնները, որովհետեւ անոնք յիմարութիւն կը թուին իրեն. եւ չի կրնար զանոնք ճանչնալ, որովհետեւ անոնք միայն Հոգիով կը քննուին: 15 Իսկ Աստուծոյ Հոգին ունեցող մարդը ամէն ինչ կը քննէ, բայց ինք ոեւէ մէկէն չի քննուիր: 16 Ահա թէ ինչու Սուրբ գիրքը կ’ըսէ.- «Ո՞վ կրցաւ երբեք Տիրոջ միտքը կարդալ, որ կարենայ խորհուրդ տալ անոր»: Բայց մենք գիտե՛նք թէ Քրիստոս ինչ կը խորհի»:
- Նոյն հատուածին մասին Երանոս հայրապետը (Ք.Ե. 130 – 202) ակնարկած է ըսելով, թէ՝ «Առաքեալը կ'ըսէ. “սակայն կատարեալներուն հետ իմաստութեան մասին կը խօսինք”» եւ կատարեալ ըսելով կ'ակնարկէ անոնց, որոնք Աստուծոյ Սուրբ Հոգին ստացած են եւ որոնք Սուրբ Հոգիին առաջնորդութեամբ շատ լեզուներ կը խօսին, ինչպէս ինքն ալ կը խօսէր»:
- Այսպիսով կը տեսնենք, թէ Պօղոսի մեռնելէն հարիւր տարի ետք տակաւին կային լեզուները վայելող մարդիկ:
-«Մասթերիոն» (musterion) բառը կրնայ նաեւ ակնարկ ըլլալ անոր թէ՝ երբ լեզուները կը խօսուին, Հոգին ենթակային սիրտին խոր գաղտնիքները ի յայտ կը բերէ. բաներ, որոնց մասին ինք դժուար թէ գաղափար ունենար:
-Աստուածային այս աղօթքին միջոցաւ մեր կեանքի ամենածածուկ բաժինները կը քննուին եւ կը բացայայտուին Սուրբ Հոգիին կողմէ եւ կը ներկայացուին Աստուծոյ առջեւ՝ մաքրագործման եւ վերակահաւորման համար:
Ա.Կր 14.4
Անձին շինարարութիւնը. յունարէնով «իքոտոմօ» (ikodomio) բառն է, որ ակնարկ է ոչ միայն անձ շինելու այլեւ շինողի:
- Առաքեալը փոխաբերական իմաստով գործածած է այդ բառը՝ հոգեւոր աճի գաղափարը փոխանցելու համար:
- Ան նաեւ կ'ուզէ ցոյց տալ թէ՝ լեզուներուն եւ մարգարէութեան նոյն արժէքը կու տայ եւ նոյն չափանիշով կը դիտէ զանոնք:
- Լեզու խօսիլը հաւատացեալին կ'օգնէ իր ներքին հոգեւոր աշխարհին մէջ, այնպէս ինչպէս մարգարէութիւնը ընդհանրապէս կ'օգնէ եկեղեցիին աճման:
- Զանազան գրագէտներ չորս բաներ կը նշեն հաւատացեալին անձին շինութեան վերաբերեալ.
- Մտապէս (Մտային շինութիւն) - Ոչ թէ գաղափարներու հոսանք մըն է, որ կու գայ (որովհետեւ միտքը անպտուղ կ'ըլլայ լեզուներով աղօթելու ատեն), այլ՝ երբ մարդուն հոգին զբաղ կ'ըլլայ լեզուներ խօսելով, միտքը կրնայ Աստուծոյ սիրոյն եւ ուրախութեան մէջը հանգիստ ըլլալ:
- Կը լուացուի, կը թարմանայ եւ կը զօրանայ ջինջ հոսող կեանքի ջուրէն (Յհ 7.38: Ես 28.11-12, 32.2-4):
- Բարոյապէս (Բարոյական) – Ես 35.3-6-ը կրնայ ընդունուիլ իբրեւ փայլուն մարգարէութիւն մը Սուրբ Հոգիին թափուելու օրուան եւ անոր բերելիք արդիւնքներուն մասին: Լեզուները արձակուեցան, որպէսզի ցնծութեան երգ երգեն եւ նոր զօրութիւն մը թափի Հոգիով լեցուած հաւատացեալներուն սիրտին եւ միտքին մէջ:
- Ֆիզիքապէս (Ֆիզիքական) – Առաջին դարու եկեղեցին «կլոսոլալիան» (glossolalia)՝ լեզուները կը նոյնացնէ Աստուծոյ բժշկող զօրութեան հետ (Մր 16.17-18. Տե՛ս Ես 40.31):
- Հոգեւորապէս (Հոգեկան) – Լեզուներ խօսիլը միակ որոշակիօրէն անջատ փորձառութիւնն է, որ հոգին կ'ունենայ: Պօղոս երեք տեսակի օրինակներ կու տայ անձնական հոգիով պաշտամունքի.
- Հոգիով աղօթել (Ա.Կր 14.15): Երբ տկարութեամբ պաշարուած կ'ըլլանք եւ չենք կրնար աղօթել այնպէս ինչպէս պէտք է աղօթել եւ կամ նոյնիսկ չենք գիտեր ի՛նչ բանի համար աղօթել. երբ սովորական մեր բառերը բաւարար չեն արտայայտելու մեր հառաչանքն ու փափաքը, Սուրբ Հոգին օգնութեան կը հասնի եւ անձամբ կ'աղօթէ մեզի համար (անոր յառաջացուցած զգացումը շատ խոր է մեր բնական անձին համար). անմռունջ եւ անբարբառ հառաչանքներով (Հռ 8.26):
- Երբ հասկնալի լեզուով կ'աղօթենք, ընդհանրապէս պէտք է աղօթենք ուրիշներու համար, իսկ եթէ մենք աղօթքի պէտք ունինք, լաւ կ'ըլլայ աղօթենք հոգիով- այսպէս ընելով. «...Հոգին՝ բարեխօս կ'ըլլայ մեզի համար... Աստուծոյ կամքին համեմատ ...»: Այս աղօթքին մէջ մեր մարմինին եսը չըլլար, որովհետեւ Սուրբ Հոգիին ստեղծած բառերը եւ մթնոլորտը կ'ըլլան եւ հետեւաբար Աստուծոյ կամքին համաձայն կ'ըլլայ:
- Պէտք է հոգիով աղօթել այն ատեն երբ չենք գիտեր, թէ ի՛նչ պէտք է աղօթենք: Շատ խորթ կ'ըլլայ երբ յատուկ ճանչցուած բանի մը համար լեզուով աղօթենք: Կամ փորձենք հասկնալ մեր աղօթած լեզուներուն իմաստը: Երբ մեր ուզածը գիտենք, պէտք է միտքով աղօթենք:
- Հոգիով երգել.- Ասիկա անշուշտ շնորհակալ ըլլալու գերազանց ձեւն է: Պօղոս ուրիշ տեղ ալ կը խօսի այդ մասին (Եփ 5.19: Կղ 3.16): Հաւանաբար մէկը ըսէ. «Անիմաստ է անհասկնալի եւ անիմանալի կերպով փառաբանել զԱստուած:
- Հոգիով օրհնել (Ա.Կր 14.16): Այս համարին մէջ գործածուած բառը «eulogeo» բառն է (to speak well of), որ կը նշանակէ լաւ բաներ խօսիլ, ջատագովել ... to celebrate with thanksgiving շնորհակալ ըլլալ տօնակատարութեամբ ... to make happy ուրախացնել ... անգլերէնով to eulogize բառը կը նշանակէ՝ ներբողել: Եթէ կրնամ օրհնել զԱստուած եւ հաճեցնել զԱյն լեզուներով Անոր երկրպագելով, այդ մէկը պէտք է ընեմ երբ որ կրնամ եւ ինչքան որ կրնամ: Ինչպէս շատ մը մեկնաբաններ 18-րդ համարը այսպէս կը թարգմանեն «Աստուծմէ կը գոհանամ որ բոլորէդ աւելի լեզուներով կը խօսիմ»: Ասով կ'իմանանք թէ լեզուները ինչքան կարեւոր եղած են Պօղոսի կեանքին համար եւ երկրպագութեան մէջ:
- Հոգիով աղօթել (Ա.Կր 14.15): Երբ տկարութեամբ պաշարուած կ'ըլլանք եւ չենք կրնար աղօթել այնպէս ինչպէս պէտք է աղօթել եւ կամ նոյնիսկ չենք գիտեր ի՛նչ բանի համար աղօթել. երբ սովորական մեր բառերը բաւարար չեն արտայայտելու մեր հառաչանքն ու փափաքը, Սուրբ Հոգին օգնութեան կը հասնի եւ անձամբ կ'աղօթէ մեզի համար (անոր յառաջացուցած զգացումը շատ խոր է մեր բնական անձին համար). անմռունջ եւ անբարբառ հառաչանքներով (Հռ 8.26):
- Մտապէս (Մտային շինութիւն) - Ոչ թէ գաղափարներու հոսանք մըն է, որ կու գայ (որովհետեւ միտքը անպտուղ կ'ըլլայ լեզուներով աղօթելու ատեն), այլ՝ երբ մարդուն հոգին զբաղ կ'ըլլայ լեզուներ խօսելով, միտքը կրնայ Աստուծոյ սիրոյն եւ ուրախութեան մէջը հանգիստ ըլլալ:
«Իքոտոմօ» (ikodomio) բառը նաեւ կը նշանակէ՝ հաստատել: Այս բառը տարբեր ձեւերով ցոյց կու տայ, թէ լեզուները ի՛նչ օգուտներ կրնան բերել հաւատացեալին.
- Զօրութիւնը աւելցնել.- Ֆիզիքական քաջագործութիւններ կը հաստատուին շարունակողական մարզումներով: Պօղոսի առաքելութեան ընթացքին երեւցած սքանչելի արիութիւնը, կորովը, քաջութիւնը եւ աշխատանքը վերագրուած է Աստուծոյ տուած «շնորհքին» (Ա.Կր 15.10):
- Հաստատել.- Նման է այն բանին երբ մէկը ըսէ. «ուրախ եմ ըսելու, թէ ժամադրութիւնդ հաստատուեցաւ...»: Ասով Պօղոս կը հաստատէ, թէ լեզուները Քրիստոսի Աւետարանին «ծածուկ» «խորհուրդներուն» մէջ մտնելու հաստատումն է: Նշան մը, թէ մենք «կատարեալներուն» միջեւն (խումբին մաս կը կազմենք) ենք:
- Վստահեցնել.- Նման է ըսելու. «Յոյսերս արդէն լման ապահովուած են»:
Պօղոս կ'ուրախանայ, որ Սուրբ Հոգին կը լեցնէ մեր կեանքերը եւ կու տայ այն «աղաղակը» (krazon), որ կ'աղաղակէ, թէ Աստուծոյ որդիներ ենք, եւ մեր ժառանգութիւնը ապահովուած է Քրիստոսի մէջ (Հռ 8.14-18): - Համաձայնութիւն մը վաւերացնել.- Նման է մէկու մը, որ կ'ըսէ. «Տնօրէնը կը հաստատէ, թէ պայմանագիրը վաւերացուեցաւ» Պօղոս Հոգիին լեցնելուն ակնարկելով կ'ըսէ. «շնորհքովը կնքուեցաք ... Ասիկա մեր ժառանգորդ ըլլալուն գրաւականն է մինչեւ սեփականութիւնը դարձնենք իր փառքին գովութեանը համար» (Եփ 1.13-14): «Կնիք» բառը՝ յունարէնով «sphragizo», որ ապահովութիւն եւ տեւողութիւն կը ներկայացնէ:
- Նպատակի մը համար զօրացնել: Այսինքն՝ կարծես մէկը ըսած ըլլար. «Քու խօսքերդ զօրացուցին իմ որոշումներս: Կը խնդրեմ, շարունակէ խօսիլ»: Յուդայ կ'ըսէ. «Բայց դո՛ւք, սիրելիներ, անձերնիդ շինեցէք ձեր ամենասուրբ հաւատքին վրայ եւ Սուրբ Հոգիով աղօթեցէք, անձերնիդ Աստուծոյ սիրոյն մէջ պահեցէք՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին ողորմութիւնը սպասելով՝ յաւիտենական կեանքի համար» (20-21):
Ուրեմն այս շինող լեզուներու կարողութիւնը կախարդական բան մը չէ:
- Այս պարգեւով ուրիշ խօսողներու հետ փոխադարձ հաղորդակցութիւն մը չստեղծուիր:
- Պարգեւը գործածելու ձեւը ամենակարեւոր բանն է: Ինչպէս կարծես մէկը ըսէր՝ «Ես լեզուներու պարեգեւը ունիմ, ի՞նչ պիտի ընեմ անով: Արդեօք իմ անձի՞ս համար է, իմ անձնական շահերուս եւ իմ բարձրացումի՞ս համար է: Ո՛չ: Այս պարգեւը պիտի գործածեմ Աստուծոյ փառքին համար:
- Ես զայն բացարձակապէս պիտի յատկացնեմ աղօթքի, երգեցողութեան եւ հոգիով օրհնութեան համար:
- Ուստի պէտք է որոշենք լեզուները չխօսիլ անհոգաբար կամ մարմնաւորապէս, ոչ ալ միայն խօսելու սիրոյն խօսինք զանոնք: Երբ լեզուները խօսելու սիրոյն կը խօսինք, շինարարութիւն չի բերեր: Կրնայ միայն պարապ ձայնի մը կրկնութիւնը ըլլալ (Ա.կր 13.1):
- «Կլոսոլալիան» (glossolalia) միայն օգտակար է երբ կը գործածուի.
- Տէրը պաշտելու համար աղօթքով, երգով եւ գովաբանութեամբ
- Մարգարէական խօսքեր ուղղելու համար եկեղեցիին
- Նոյնիսկ այս պարագաներուն, անոր գործածութիւնը պէտք է ըլլայ սիրով եւ անկեղծ հաւատքով, այլապէս անոր նպատակը պիտի ձախողի: