Այս օրուան նիւթիս նպատակն է, որ դուն սիրահարուիս Սուրբ Հոգիին հետ:
Նոր Կտակարանի հեղինակները, թէեւ տարբեր ուժգնութեամբ, բայց համաձայնութեամբ կը խօսին Սուրբ Հոգիին դերին մասին: Բոլորն ալ կը հաստատեն, թէ Սուրբ Հոգիին պարգեւը ստանալը Քրիստոնէական փորձառութեան սկիզբն ու գրաւականն է (հմմտ Եփ 1.14):
Առաքեալներու Գործերը գիրքին մէջ կը նկատենք, թէ Պենտէկոստէի օրը, առաքեալները Սուրբ Հոգիին էջքով ճանչցան իրենց հին անձին «վերջին օրերը», որովհետեւ Սուրբ Հոգիին ազատ բաշխումը նոր դարաշրջանի մը կնիքը եղաւ անոնց համար (նման ոսկիին մաքրութիւնը հաստատող ոսկերիչներու կնիքին): Սուրբ Հոգին ստանալէ ետք է, որ առաքեալները Քրիստոնէական հաւատքը կատարելագործուած ձեւով ապրիլ սկսան (Գրծ 11.17):
Խոստում Եւ Ընդունուած Ըլլալու Նշան
Գրծ 2.38-ին մէջ, Քրիստոսի հաւատացողներուն համար սահմանուած խոստումը Սուրբ Հոգին կը նկատուի: Այլ պարագաներու մէջ, Սուրբ Հոգին կը նկատուի Աստուծոյ կողմէ մարդուն ընդունուած ըլլալը հաստատող նշանը (Գրծ 8.14-17, 9.17, 10.44, 11.15-17, 19.2,6):
«Մինչ Պետրոս կը խօսէր, Սուրբ Հոգին իջաւ բոլորին վրայ, որոնք Աստուծոյ խօսքը կը լսէին»(Գրծ 10.44):
Պօղոս Առաքեալին Տեսակէտը
Պօղոս առաքեալին համար ալ Սուրբ Հոգիին պարգեւը ստանալ կը նշանակէ Քրիստոնէական հաւատքի կեանքը փորձառութեամբ ապրիլ. « 2 Սա՛ միայն կ’ուզեմ գիտնալ, ըսէ՛ք, Օրէնքի գործադրութեա՞մբ Սուրբ Հոգին ստացաք, թէ Աւետարանի պատգամին հաւատալով: 3 Այդքան անմի՞տ էք. Սուրբ Հոգիով նոր կեանք սկսելէ ետք այժմ Օրէնքին պահանջքներո՞ւն կը վերադառնաք» (Գղ 3.2-3): Եւ արդար կեանքին հետ յարաբերութիւնը սկսիլ (Ա.Կր 6.11: Գղ 3.14: Տիտ 3.6-7). « 6 Աստուած Սուրբ Հոգին առատօրէն մեր վրայ թափեց՝ մեր փրկչին Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ, 7 որպէսզի Քրիստոսի շնորհքովը արդարացած՝ ժառանգենք յաւիտենական կեանքը, որուն կը յուսանք» Տիտ 3.6-7:
Ան կը հաստատէ, թէ Սուրբ Հոգիին բացակայութիւնը Քրիստոսէն անջատուած ըլլալ կը նկատուի.
- Առանց Սուրբ Հոգիին՝ ոեւէ մէկը Քրիստոսի չի պատկանիր (Հռ 8.9):
- Առանց Սուրբ Հոգիին՝ ոեւէ մէկը Քրիստոսի միացած չի նկատուիր (Ա.Կր 6.17):
- Առանց Սուրբ Հոգիին՝ որդեգրութիւնը անստոյգ կ՛ըլլայ (Հռ 8.14-17: Գղ 4.6):
- Առանց Սուրբ Հոգիին՝ ոեւէ մէկը Քրիստոսի մարմինին անդամ չ՛ըլլար (Ա.Կր 12.13)
Յովհաննէս Առաքեալի Տեսակէտը
- Սուրբ Հոգին վերստին ծնունդ տուող զօրութիւնն է (Յհ 3.3-8: Ա.Յհ 3.9). « 9 Ով որ Աստուծոյ զաւակ դարձած է՝ մեղք չի գործեր, որովհետեւ Աստուծոյ կեանքին հաղորդակից կը մնայ: Այլեւս կը դադրի մեղանչելէ, քանի Աստուծոյ զաւակ կը դառնայ» Ա.Յհ 3.9:
- Սուրբ Հոգին կեանք տուող է (Յհ 6.63). « 63 Աստուծոյ Հոգին է որ կեանք կու տայ. մարդս բան մը չի կրնար ընել: Այն խօսքերը որ ես ձեզի խօսեցայ, Աստուծոյ Հոգիէն կու գան եւ կեանք կու տան» (Յհ 6.63):
- Ան կենդանի ջուրերու աղբիւրի պէս կը հոսի Քրիստոսէն եւ կեանք կու տայ անոնց, որոնք կ՛ընդունին եւ կը հաւատան (Յհ 7.37-39, հմմտ 4.10,14).
« 10 Յիսուս պատասխանեց.- Եթէ գիտնայիր Աստուծոյ պարգեւը եւ թէ ո՛վ է որ քեզի կ’ըսէ՝ ջուր տուր ինծի, հաւանաբար դո՛ւն իրմէ ջուր պիտի ուզէիր, եւ անիկա քեզի կենսատու ջուր պիտի տար:
« 14 բայց ով որ իմ տալիք ջուրէս խմէ՝ յաւիտեան պիտի չծարաւնայ: Ընդհակառակը, ջուրը որ ես պիտի տամ՝ անոր մէջ պիտի վերածուի աղբիւրի մը, որ ջուր կը ցայտէ եւ յաւիտենական կեանք կու տայ» (Յհ 4.10,14):
- Յհ 20.22-ին մէջ, առաքեալը խոհականօրէն կը նկարագրէ Ծն 2.7-ին իրականութիւնը թէ՝ Սուրբ Հոգին նոր ստեղծագործութեան կեանքի շունչն է. « 22 Ապա փչեց անոնց վրայ եւ ըսաւ.- Առէ՛ք Սուրբ Հոգին»:
- Սուրբ Հոգին նշան է թէ՝ Տէրը մեզի եւ մենք Տիրոջ միացած ենք (Ա.Յհ 3.24, 4.13). « 24 Արդ, ով որ Աստուծոյ պատուիրանները կը գործադրէ՝ Աստուծոյ միացած կը մնայ եւ Աստուած ալ՝ իրեն: Իսկ Աստուծոյ մեզի միացած մնալուն ապացոյցը՝ Սուրբ Հոգին է, որ Աստուած մեզի տուաւ»(Ա.Յհ 3.24):
Հոգիին Հետքերը
Կարեւոր է գիտնալ, թէ Սուրբ Հոգիին ներգործութիւնը առաջին Քրիստոնեաներուն կեանքին մէջ զգալի եւ բացայայտ նշաններ կը ձգէր աստուածային զօրութեամբ:
Սուրբ Հոգիին այցելութիւնը անհատը կամ հանդիսատեսը չէր ձգեր կասկածի մէջ, այլ՝ աստուածային ներգործութեամբ նշանակալից եւ յայտնի փոփոխութիւն մը կը կատարէր անոր կեանքին մէջ:
Պօղոս առաքեալ իր նամակներով շարունակ կը մղէր ընթերցողները, որ Սուրբ Հոգիին հետ ունեցած իրենց սկզբնական փորձառութիւնը յիշեն:
Այդ փորձառութիւնը շատերու համար եղած է.
- Աստուծոյ սքանչելի սիրոյն փորձառութիւն (Հռ 5.5) « 5 Իսկ յոյսը երբեք ամօթով չի ձգեր, որովհետեւ Աստուծոյ սէրը տեղ գտած է մեր սիրտերուն մէջ՝ մեզի տրուած Սուրբ Հոգիին միջոցաւ»:
- Աստուծոյ ուրախութիւնը (Ա.Թս 1.6) « 6 Մեզի նմանելով՝ դուք Տիրոջ նմանած եղաք, քանի որ՝ հակառակ ձեր կրած բոլոր նեղութիւններուն՝ Սուրբ Հոգիին պարգեւած ուրախութեամբ ընդունեցիք մեր քարոզութիւնը»:
- Միտքի պայծառութիւն (Բ.Կր 3.14-15) « 14 Արդարեւ, անոնց միտքերը փակուեցան, եւ մինչեւ այսօր ալ երբ Հին Կտակարանը կը կարդան՝ նոյն այդ քողը կը մնայ իրենց միտքերուն վրայ, որովհետեւ կը վերնայ միայն ա՛յն ատեն՝ երբ *Քրիստոսի հաւատան»:
- Ազատութիւն (Հռ 8.2: Բ.Կր 3.16-17) « 16 Բայց երբ Տիրոջ դառնան՝ քողը կը վերցուի. 17 քանի Տիրոջ դառնալ՝ կը նշանակէ Հոգին ունենալ, եւ ուր որ Տիրոջ Հոգին ներկայ է՝ հոն
ազատութիւն է»( Բ.Կր 3.16-17):
- Բարոյական մաքրութիւն (Ա.Կր 6.9-11) « 9 Միթէ չէ՞ք գիտեր որ անիրաւութիւն ընողները Աստուծոյ արքայութիւնը պիտի չժառանգեն: Դուք ձեզ չխաբէք: Անոնք որ պոռնկութիւն կ’ընեն կամ կռապաշտ են, կամ՝ շնացող, իգացեալ, արուագէտ, 10 գող, ագահ, գինեմոլ, բամբասող կամ յափշտակող՝ Աստուծոյ արքայութիւնը պիտի չժառանգեն: 11 Եւ ձեզմէ ոմանք այդպիսին չէի՞ն: Բայց ձեր մեղքերէն լուացուեցաք, սրբուեցաք, արդարացաք մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի անունով եւ մեր Աստուծոյ Հոգիին միջոցաւ»:
- Հոգեւոր պարգեւներ (Ա.Կր 1.4-7) « 4 Միշտ ձեզի համար շնորհակալութիւն կը յայտնեմ իմ Աստուծոյս՝ այն շնորհքին համար, որ ձեզի տուաւ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ, ըլլա՛յ 5 որովհետեւ ամէն բանի մէջ հարստացաք իրմով, ըլլա՛յ խօսքի առատութեամբ, ըլլա՛յ գիտութեան: 6 Այդպէս ալ, Քրիստոսի մասին մեր վկայութիւնը ամրօրէն հաստատուեցաւ ձեր մէջ, 7 եւ ոեւէ շնորհք չի պակսիր ձեզի, մինչ կը սպասէք մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի յայտնուելուն»:
Առաքեալներու Գործերը գիրքին մէջ, Սուրբ Հոգիին յայտնութիւնը կանոնաւորապէս երեւցած է յափշտակութեան մէջ խօսելու պարգեւներով (Գրծ 2.4, 4.8,31, 10.46, 13.9-11, 19.6).
- Լեզուներ խօսիլ
- Մարգարէութիւն ընել
- Փառաբանել
- Աստուծոյ խօսքը համարձակութեամբ յայտարարել
Սուրբ Հոգին վերոյիշեալ նշաններուն համաձայն ունենալը կ՛որոշէ Քրիստոնեային իւրայատուկ ինքնութիւնը եւ նկարագիրը (Հռ 8.9: Ա.Յհ 3.24, 4.13): Այդ պատճառով, արդարացուցիչ է եւ իրաւունք է հարցնել. «Սուրբ Հոգին առի՞ք, երբ հաւատացիք» (Գրծ 19.2):
Տէր Յիսուս շատ յստակօրէն կը յայտնէ, թէ Սուրբ Հոգին աներեւելի է, սակայն Անոր ներկայութիւնը՝ հետապնդելի (Յհ 3.8):
Հետեւաբար, Սուրբ Հոգիին հետ փորձառութիւնը նաեւ քո՛ւ իրաւունքդ է: