Մր 16.15-ին մէջ կը կարդանք Յիսուսի տուած Մեծ Յանձնարարութիւնը իր աշակերտներուն, որ այսօր մեզի եւս կը վերաբերի:
Սղ 96.1-3-ին մէջ, կը տեսնենք, թէ Աստուած կ'ակնկալէ, որ աշխարհի բոլոր ազգերը իրեն գան: Աստուած շատերու խօսեցաւ իր այդ փափաքին մասին, բայց շատեր Անոր նպատակը չըմբռնեցին: Աստուած Յովնանին խօսեցաւ, սակայն Յովնան չհնազանդեցաւ, որովհետեւ համոզուած չէր Աստուծոյ ձեւին:
Այսօր մենք ունինք պարտականութիւնը Աստուծոյ ծրագիրը ժողովուրդին փոխանցելու եւ Աստուած մեզի ալ կը խօսի եւ մեզ կ'առաջնորդէ այդ մէկին համար: Բայց շատ անգամ, զանազան պատճառներով եւ կամ մարդոց մերժումին դիմաց կը շինենք պատեր եւ այդպիսով մարդիկը դարձի բերելու գործնական աշխատանքը կը դադրեցնենք:
Առաջին եկեղեցին եւս ճեղքելու դժուարութիւնը ունէր, որովհետեւ իրենց առաքելութեան սահմաններ դրած էին:Սուրբ Հոգին ստանալով՝ անոնք աշխարհը փոխելու համար զօրութիւն ստացան, բայց Երուսաղէմի մէջ մնացին:
Հակառակ տիրող պայմաններուն, Սուրբ Հոգին կ'աշխատի, որպէսզի կատարենք Աստուծոյ փափաքը: Ան Պետրոսին տեսիլքով յայտնեց հռոմէացի մէկու մը փրկութիւն տալու իր փափաքը եւ այդ մէկին իրականացման համար զայն քայլ առ քայլ առաջնորդեց: Ստեփանոս ճաշ կը մատակարարէր, բայց Տէրը իրմով ընելիք ունէր եւ Սուրբ Հոգին Ստեփանոսի միջոցաւ հրաշքներ ըրաւ: Փիլիպպոս եւս ճաշի մատակարարութեամբ կը զբաղէր, բայց անոր սիրտին մէջ կար բան մը, որ Սուրբ Հոգին կ'ուզէր գործածել եւ վերջապէս, ան ամբողջ քաղաքի մը ուրախութեան պատճառ եղաւ: Սուրբ Հոգիին այս մարդոցմով աշխատելու փափաքը մեծ էր, եւ Ան այսօր նոյն փափաքը ունի մեր կեանքերուն համար:
Չարտօնենք, որ մեր կեցուածքը եւ պայմանները արգելք կենան Աստուծոյ ծրագիրին կատարման մեր կեանքերէն ներս: Որոշում առնենք այդ արգելքները կոտրելու եւ մեր շուրջը գտնուող մարդոց հասնելու, որպէսզի անոնք եւս Տիրոջ ներկայութիւնը վայելեն: