Շատեր յարութեան լուրը առած կ'ըլլան եւ յարութեան մասին կը գիտնան, բայց տակաւին իւրաքանչիւր հաւատացեալ պէտք է հանդիպի յարութիւն առնողին, որովհետեւ հանդիպո՛ւմն է միայն, որ կեանքը կը փոխէ:
Յիսուսի խաչելութենէն ետք, իր աշակերտներէն երկուքը յուսահատ ճամբայ ելած էին՝ Երուսաղէմէն դէպի Էմմաուս երթալու (Ղկ 24.22): Թէեւ յարութեան լուրը առած էին, բայց տակաւին կ'երթային իրենց կոչումին հակառակ ճամբով մը: Յիսուս ճամբուն ընթացքին անոնց միացաւ, սակայն անոնք չէին գիտեր, թէ Ան Յիսուսն է: Երբ անոնց աչքերը բացուեցան ու ճանչցան Յիսուսը, նո՛յն ժամուն Երուսաղէմ դարձան (33):
Թովմաս եւս, Յիսուսի խաչելութենէն ազդուած՝ չհաւատաց յարութեան լուրին: Սակայն երբ ան Յիսուսի հետ հանդիպում ունեցաւ՝ վկայեց Յիսուսի մասին (Յհ 20.26-29):
Միա՛յն հանդիպումն է, որ վերադարձի եւ վկայութեան պատճառ կ'ըլլայ:
Յիսուսի խաչելութենէն ետք, մինչ աշակերտները պահուըտած էին, կիները քաջ գտնուեցան եւ Յիսուսի գերեզմանը գացին: Այդ կիներուն քաջութիւնը յարութիւնը տեսնելու միջոց եղաւ եւ անոնք անձնական փորձառութիւն վայելեցին:
Նախորդ պահուն, խօսեցանք 40 սկզբունքներէն առաջին եօթին մասին: Յաջորդ երեք սկզբունքներն են՝
8. Քաջութեան որպէս արդիւնք, կիները մտան գերեզմանին ներսի բաժինը (Մտ 28.5-7), ուր յարութեան ականատես եղան:
9. Այս քաջ կիները վկայութիւն տուին Պետրոսին ու Յովհաննէսին: Անոնք նաեւ ուրիշներուն վկայեցին (Յհ 20.2-10):
10. Իրենց քաջութիւնը պատճառ եղաւ, որ անոնք մխիթարուին եւ տարակուսանքէ ազատ մնան:
Մենք, մեր կարգին, պէտք չէ արտօնենք, որ պայմանները մեր քաջութիւնը սահմանեն եւ արգելք ըլլան, որ մենք մօտենանք այն տեղին, ուր ներքնապէս յարութեան ականատես պիտի ըլլանք, եւ անձնական փորձառութիւնը պիտի վայելենք: Միայն այն ատեն մենք կրնանք արտօնել, որ յարութիւնը եւ յարութիւն առնողը մեր կեանքերը փոխակերպեն: