Ղեւտացւոց Գիրքի քսանհինգերորդ գլուխը մեզի կը յստակացնէ, թէ ամբողջ երկիրը Տիրոջ կը պատկանի եւ մարդիկ պանդուխտ են անոր վրայ: Երբ մարդիկ երկրի մը մէջ կ'ապրին Տիրոջ կանոններուն համաձայն, պիտի ըլլան ապահով ամէն տեսակի պատուհասներու դէմ:
Հանգստութեան Շաբաթը, Այսինքն՝ Նուիրուած Կեանքը
(Հմր 2) «[...] Երբ այն երկիրը մտնէք, որ ես ձեզի պիտի տամ, թող այն երկիրը հանգստութեան շաբաթ մը պահէ Տիրոջը» (շեշտադրումը՝ մեր կողմէ):
(Հմր 4) «[...] Քու արտդ պիտի չցանես եւ քու այգիդ պիտի չյօտես»:
(Հմր 5) «Քու արտիդ մէջ ինքնիրմէ բուսածը պէտք չէ հնձես եւ քու չյօտած այգիիդ խաղողները պէտք չէ հաւաքես [...]»:
(Հմր 6) «Եւ երկրին շաբաթը թող կերակուր հայթայթէ քեզի եւ քու ծառաներուդ եւ քու աղախինիդ ու քու վարձկանիդ եւ քու քովդ պանդխտացած օտարականին»:
Հանգստութեան շաբաթը նման էր Շաբաթ օրերու օրէնքին: Սակայն եօթներորդ օրուան փոխարէն պիտի պահէին եօթներորդ տարին եւ այդպիսով, ամբողջ տարին Տիրոջ նպատակին նուիրուած ձեւով պիտի ապրէին:
- Եօթներորդ տարին հանգստութեան սուրբ տարի էր (հմր 12): Այդ տարին պէտք չէր վաճառականութեան մասին մտածէին, հապա՝ արտը եւ բերքը բոլորին համար գործածելի դարձնէին:
- Այն ինչ որ Տիրոջ սեփականը ըլլար, Ան շուտով կը գործածէր զանիկա բոլորին օգուտին համար (հմմտ Գրծ 4.32: Ա.Կր 12.7):
- Այսօրուան դրութեամբ, «երկիրը» Քրիստոսով խոստացուած կեանքն է, զոր պէտք է ապրինք Քրիստոսի կեանքի կանոններուն նուիրուելով:
Նորոգուելու Տարի
Հմր 8-էն 17-ը կը խօսի մեղքերու քաւութեան մասին (հմր 9), աղքատին, կապուածին, ծառային եւ գերիին ազատութիւնը հռչակելու մասին եւ անոնց կորսնցուցած ստացուածքը անոնց վերաշնորհելու մասին (հմր 10):
Կանոնները Միջոցներ Են Օրհնութեան
Հմր 18-ին մէջ Տէրը կը պատուիրէ, որ ժողովուրդը Իր կանոններն ու կարգադրութիւնները պահէ, որովհետեւ ատիկա միջոցը պիտի ըլլար երկրին մէջ օրհնուած եւ ապահովութեամբ ապրելու:
- Ապահովութիւն՝ եբրայերէնով «պեթախ», կը նշանակէ՝ անվտանգ, վստահութիւն, համարձակութեամբ եւ յոյսով:
(Հմր 19) Իր կանոններուն եւ կարգադրութիւններուն մէջ մնալու պատուէրէն ետք, Տէրը կ'ըսէ, թէ.
- Երկիրը իր պտուղը պիտի տայ:
- Պիտի ուտեն ու պիտի յագենան:
- Ապահովութեամբ պիտի բնակին:
21 եւ 22 համարներուն մէջ Տէրը Իր խօսքը կ'ուղղէ այն մարդոց, որոնք կ'ըսեն, «[...] Ի՞նչ պիտի ուտենք եթէ չցանենք ու մեր հունձքը չհաւաքենք» (հմր 20):
Տէրը կը պատասխանէ. «Վեցերորդ տարին ձեր վրայ պիտի ղրկեմ Իմ օրհնութիւնս, այնպէս որ երեք տարուան արդիւնք պիտի տայ: Եւ մինչեւ որ ութերորդ տարին ցանէք, հին հունձքէն պիտի ուտէք մինչեւ իններորդ տարին: Մինչեւ նոր հունձքին հասնիլը հինէն պիտի ուտէք»:
«Ղրկել» բառին փոխարէն եբրայերէն բնագիրին մէջ կը գործածուի «ցիվահ» բառը, որ կը նշանակէ՝ հրամայել ինչպէս նաեւ՝ պատուիրել, նշանակել եւ ձեռնադրել աստուածային գործով եւ վճիռով:
Տիրոջ խոստումը բարգաւաճման հետ ալ կապ ունէր, որովհետեւ Տիրոջ նպատակին համաձայն շարժելով, մէկ տարուան հունձքը չորս տարի պիտի բաւէր, հետեւաբար ժողովուրդը պէտք էր ամբարներ պատրաստէր՝ բերքը պահելու համար:
Այսօրուան դրութեամբ, քու անկեղծ նուիրումդ աստուածային արդիւնք պիտի բերէ: Քու մէկ տարուան հունձքդ կամ եկամուտդ չորս տարուան արդիւնք պիտի ունենայ, այսինքն՝ դուն միշտ պահեստ պիտի ունենաս նուիրուած կեանքիդ օրերուն չափովը՝ ամէն տարի չորս տարուան չափ:
Այսուհետեւ ո՛ւր ապրիլդ կարեւորութիւն չունի. մինչեւ այն ատեն, որ Տիրոջ վերոյիշեալ կանոնները եւ կարգադրութիւնները կ'ապրիս (հմմտ Բ.Օր 28.1-14), դուն ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ մէջ պիտի բնակիս համաձայն Սղ 91.9-10-ին, «Որովհետեւ դուն Տէրը՝ իմ ապաւէնս, Բարձրեալը՝ քեզի ապաստանարան ըրիր քեզի չարիք պիտի չհասնի [...]»:
- Ընտանիքդ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԻՒՆ պիտի ունենայ:
- Առողջութիւնդ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԻՒՆ պիտի ունենայ:
- Գործդ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԻՒՆ պիտի ունենայ:
- Ծառայութիւնդ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԻՒՆ պիտի ունենայ:
- Ճամբորդութիւններդ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԻՒՆ պիտի ունենան:
- Ընկերային կեանքդ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԻՒՆ պիտի ունենայ: