Վերնատան քարոզին միջոցաւ Տէր Յիսուս շատ բաներ ուզեց յայտնել աշակերտներուն, որոնք մօտ ատենէ այլեւս պիտի չտեսնէին զԻնք եւ շատ օտար, առանձին, տկար ու անմխիթար պիտի զգային աշխարհէն եւ Սատանայէն եկող հոսանքներուն դիմաց:
Առանց Սուրբ Հոգիին օգնութեան, հաւատացեալներս Աստուծոյ պահանջած Քրիստոնէական կեանքը չենք կրնար ապրիլ. «[...] Վասնզի առանց ինծի բան մը չէք կրնար ընել» (Յհ 15.5: Հմմտ Զք 4.6):
Անհրաժեշտ է գիտնալ, թէ ո՛վ է Սուրբ Հոգին, ի՛նչ կ'ընէ եւ ի՛նչպէս կ'ընէ:
Սուրբ Հոգին Անձ Է
Տէր Յիսուս Սուրբ Հոգին կը ներկայացնէ իբրեւ Անձ եւ Անոր մասին ի՛նչ խոստումներ որ կ'ընէ մեր կեանքերուն մէջ կատարուելու համար են:
Տէր Յիսուս նաեւ կը հաստատէ, թէ մինչ Ան աշխարհին կողմէ տեսանելի եւ ընդունելի չէ, սակայն հաւատացեալներուն մէջ պիտի բնակի Իր փառքով (Յհ 14.16-17):
Պօղոս առաքեալ այդ փառաւոր ներկայութիւնը կը ներկայացնէ իբրեւ Յիսուսը մեռելներէն յարուցանող զօրութիւնը (Եփ 1.20):
Ուրիշ մը Նոյն Տեսակէն
Տէր Յիսուս երկու ձեւերով կը ճանչցնէ մեզի Սուրբ Հոգին. «Ես ալ Հօրը պիտի աղաչեմ եւ ուրիշ մխիթարիչ մը պիտի տայ ձեզի, որպէսզի յաւիտեան ձեզի հետ բնակի: Ճշմարտութեան Հոգին [...]» (Յհ 14.16-17, շեշտադրումը՝ մեր կողմէ).
- Ուրիշ Մխիթարիչ մը
- Ճշմարտութեան Հոգին
«Ուրիշ» բառը, յունարէնով՝ «ա՛լլոս» ( ἄλλος [ allos / al·los/]), կը նշանակէ՝ «ուրիշ մը նոյն տեսակէն»: Կայ նաեւ «է՛թերոս» ( ἕτερος [ heteros / het·er·os/]) բառը, որ կը նշանակէ՝ «ուրիշ մը ոչ նոյն տեսակէն»:
Ա.Յհ 2.1-ին համաձայն, Յիսուս է Մխիթարիչը՝ «փարա՛քլեթոս» ( παράκλητος [ parakletos /par· ak·lay·tos/]): Սակայն հոս Յիսուս Սուրբ Հոգիին կու տայ այդ անուանումը, որովհետեւ Սուրբ Հոգին Իր փոխարէն պիտի ըլլայ հաւատացեալներուն հետը եւ մէջը:
«Մխիթարիչ» անուանումը ունի եօթը հիմնական նշանակութիւններ: Այդ բառը գործածուած է միայն Յովհաննէս առաքեալի կողմէ եւ կ'ակնարկէ ամբողջական օգնութեան (տե՛ս Յհ 14.16,26, 15.26, 16.7: Ա.Յհ 2.1): Այսինքն՝ օգնութիւն Յիսուսի փրկագործական յաղթութիւնը, նպատակն ու ծրագիրը՝ փրկութիւնը, հաւատացեալներուն միջոցաւ աշխարհին հրամցնելու գործին մէջ:
Սուրբ Հոգին Կ'աշխատի Մեր Միջոցաւ
Սուրբ Հոգին չ'աշխատիր մեր փոխարէն, այլ՝ մեր միջոցաւ : Հետեւաբար, պէտք է գործակցինք Անոր հետ: Ան մեր շրթներով կը խօսի կրակէ խօսքը: Հրաշքները կը կատարէ մեր ձեռքերով կամ ծառայութիւններով: Իր արդարութիւնն ու սրբութիւնը կը բացայայտէ մեր կեանքերով:
Մէկ Անգամ Կը Ստանանք, Շարունակ Կը Զօրանանք
Անգամ մը որ Սուրբ Հոգին ստանանք, պէտք չէ շարունակ խնդրելու սովորութեան կապուինք, որովհետեւ Ան այլեւս մեզի հետ է:
Մենք պէտք է սորվինք մեր կեանքը ապրիլ Սուրբ Հոգիին հետ: Իմանանք, թէ մեր ողջ Աստուածը մեր մէջ կը բնակի եւ մեր ողջութիւնը անկէ է, ինչպէս Պօղոս կ'ըսէ Գղ 2.20-ին եւ Բ.Կր 13.5-6-ին մէջ:
Գիտնանք, թէ Ան մեր իրաւունքները պաշտպանողն է: Ան մեր մխիթարիչ խրատատուն, օգնողը, բարեխօսը, փաստաբանը, զօրացնողը եւ մեր հետը կանգնողն է.
- Մխիթարիչ - Յիսուսի փոխանորդ (Յհ 16.7, հմմտ Յհ 14.16), «ա՛լլոս» ( ἄλλος [ allos / al·los/] παράκλητος [ parakletos /par· ak·lay·tos/])՝ «ուրիշ Մխիթարիչ»
- Խրատատու (Ես 30.21)
- Օգնող (Հռ 8.26) եւ բժշկող (Հռ 8.11)
- Բարեխօս (Հռ 8.27) - Յիսուսի պէս (Ա.Յհ 2.1)
- Փաստաբան (Մտ 10.19-20: Գրծ 4.8-12)
- Զօրացնող (Ա.Յհ 4.4: Ա.Կր 14.4: Գրծ 1.8)
- Հետդ կանգնող (Գրծ 5.32: Ես 59.19)
Դուն կանչուած ես Քրիստոսով նոր կեանքը ապրելու (տե՛ս Հռ 6.4): Քու Աստուծոյդ անունով ծառայէ՛ եւ Անոր պատրաստած եւ բերած յաղթութիւնը ապրէ՛: Խաւարէն լոյսի բերող զօրութեան մասին քարոզէ՛ կեանքովդ (Ա.Պտ 2.9):