«Գալով ձեզի, որքան ատեն որ ձեր մէջ կը մնայ Սուրբ Հոգին, որով Քրիստոս ձեզ օծեց, պէտք չունիք ուրիշ մէկէն սորվելու: Հոգին ինք կը սորվեցնէ ձեզի ամէն բան, եւ կը սորվեցնէ ճշմարիտը, եւ ո՛չ թէ ստութիւնը» (Ա.Յհ 2.27):

Ինչքան ալ հաւատացեալ ըլլանք եւ հոգեւոր փորձառութիւն ունենանք, տակաւին իսկական ուսուցիչը Սուրբ Հոգին է:

Սուրբ Հոգին կանուխէն խոստացուած էր (Առ 1.23), որպէս իմաստութիւն տուող Հոգի: Պօղոս Առաքեալ hասկցած Էր, թէ Իմաստութեան Հոգին աղօթքներու միջոցաւ կը տրուի հաւատացեալներուն եւ թէ Ան կարեւոր է՝ Աստուծոյ պարգեւները ճանչնալու Եւ զանոնք հոգեւոր իմաստութեամբ բացատրելու Համար (Ա.Կր 2.12-13):

Աստուածաշունչը կը խօսի Սուրբ Հոգիին աշխատանքին մասին: Սուրբ Հոգին.

  • Աստուծոյ ծածուկ խորհուրդները կը յայտնէ (Ա.Կր 2.10),
  • Քրիստոսի մասին կը յայտնէ (Յհ 16.14),
  • Ապագան կը յայտնէ (Ղկ 2.26-27),
  • Քրիստոսի խօսքերը կը յիշեցնէ (Յհ 14.26),
  • Մեզ աստուածահաճոյ ճամբուն կ'ուղղէ (Ես 30.21),
  • Հալածանքի ատեն բացատրութիւն տալու խօսք կու տայ մեզի (Ղկ 12.12),
  • Իմաստութեամբ յորդորելու կարողութիւն կու տայ (Ա.Կր 12.8),
  • Դէպի ճշմարտութիւն կ'առաջնորդէ (Յհ 14.26),
  • Եկեղեցիին կու տայ յարմար կերպով դատելու կարողութիւն (Գրծ 15.28):

Կարեւոր է, որ լսենք Սուրբ Հոգիին ըսածները (Յյտ 2.7):

Կարեւոր է ճանչնանք, թէ մենք ի՛նչ ունինք Քրիստոսով: Մեր մէջ կը գտնուի Սուրբ Հոգիին յարութիւն տուող զօրութիւնը (Եփ 1.16-17), բայց ատիկա ճանչնալու համար պէտք է աղօթենք:

Քրիստոնէական վարդապետութեան համաձայն, Սուրբ Հոգին եկաւ մեր մէջ բնակելու: Ճանչնանք, թէ մենք ի՛նչ ունինք Քրիստոսով (Եփ 1.16-17): Մենք ունինք ընտրութիւնը Սուրբ Հոգիին աշխատանքը ընդունելու կամ մերժելու:

Նախորդ Հրապարակում Ուսուցում Աղօթքի Մասին - 1 (Մատթէոս 6.5-15)
Յաջորդ Հրապարակում Ուսուցում Աղօթքի Մասին - 2 (Մատթէոս 6.5-15)