Նոր տաճարը, տրտունջները եւ Սուրբ Հոգիին ներդրումները. Սուրբ Հոգին ի՞նչ ձեւով մղեց, որ դէմ դնեն հալածանքին:
Աշակերտները իւրաքանչիւր դժուարութեան դիմաց սորվեցան ի՛նչպէս վարուին, եւ եկեղեցիին թիւը միշտ կ'աւելնար, քանի որ խօսքին կառչած կը մնային: Մենք ալ այսօր չենք կրնար մեր շահած փորձառութեամբ ծառայել, այլ միայն՝ գերբնականով. միջոցը Սուրբ Հոգիին հոսանքին մէջ գտնուիլն է, իսկ հոսանքին մէջ մնալու համար պէտք է Խօսքին կառչած մնանք:
Առաջին Եկեղեցին Դժուարութեան Հանդիպեցաւ
Եկեղեցիին բարձրանալուն հետ, պէտք եղաւ որ տարբեր ծառայութիւններ սկսին, որպէսզի եկեղեցիին ընթացքը օրինական ըլլար:
Երբ առաքելութիւնը մեծցաւ, ժողովուրդն ալ շատցաւ եւ եկեղեցին հարցի հանդիպեցաւ: Ատիկա բնական ընթացք մըն էր: Բայց տրտունջ յառաջացաւ:
Սուրբ Հոգիով աճող եկեղեցիին մէջ հարցերը պակաս չեն ըլլար, բայց մի՛շտ լուծում կ'ըլլայ Տիրոջմով:
«Տրտունջ» բառը յունարէն «ղոկիսմո՛ս» բառն է, որ կը նշանակէ բամբասանք, չարակամութիւն, նախանձ եւ ծածուկ կամ անհաճոյ վէճ:
Տրտունջը Աստուծոյ համար անհաճոյ բան մըն է, որովհետեւ.
- Տրտունջին ներքին վիճակը բամբասանք է, իսկ միտումը՝ ուրիշին վնաս հասցնելը: Տրտնջալով, եկեղեցիին մէջ կը բերենք բամբասանքի եւ չարակամութեան հոգին:
- Տրտունջին հետ նաեւ նախանձ կայ:
- Տրտունջը անհաճոյ վէճ մըն է, որ Աստուծոյ թագաւորութեան արգելք է:
Ծառայողներ Բարձրացան
Առաքեալները մեծ յանձնառարութիւնը արժեւորեցին ու բարձր պահեցին եւ այդ պատճառով ճիշդ գտան ուրիշ ծառայողներ բարձրացնելը (Գրծ 6.2-3):
Թէեւ տրտունջ ընողները սխալ էին, սակայն կարեւոր էր այդ տրտունջի կէտին լուծում ընելը, լուծում մը՝ Աստուծոյ կամքին համաձայն եւ ո՛չ տրտունջ ընողներուն վախէն ազդուած:
Առաքեալները գտան մարդիկ, որոնք բարի վկայութիւն ունէին, Սուրբ Հոգիով եւ իմաստութեամբ լեցուն էին (3): Այդ մարդիկը պիտի ստանձնէին ողորմութիւն մատակարարելու գործը, մինչ առաքեալները պիտի շարունակէին կատարել Մեծ Յանձնարարութիւնը եւ աղօթքը (հմր 4):
Այդ առաջարկը ժողովուրդին հաճոյ երեւցաւ (հմր 5). հարցերուն լուծում եղաւ եւ տրտունջը դադրեցաւ:
Ստեփանոս եւ Փիլիպպոս
Ընրտուեցաւ Ստեփանոսը, որ «հաւատքով ու Սուրբ Հոգիով լեցուն մարդ» մըն էր: Որպէս խոհարար սկսաւ ծառայել նաեւ Փիլիպպոս, ինչպէս նաեւ ուրիշներ:
«Ստեփանոս, որ հաւատքով ու զօրութիւնով լեցուած մարդ մըն էր, մեծ հրաշքներ եւ նշաններ կ'ընէր ժողովուրդին մէջ» (հմր 8):
Փիլիպպոս ալ իր կարգին թէեւ սկսաւ ծառայել որպէս խոհարար, բայց բարձրացաւ եւ կը ծառայէր.
- Հրաշքներով (Գրծ 8.4-25)
- Գերբնականով (հմր 26-40)
- Աւետարանելով (Գրծ 21.8-16). ան ունէր մարգարէութիւն ընող աղջիկներ:
Ստեփանոսի եւ Փիլիպպոսի նման մարդոց համար սահման չկայ: Անոնք ընտրուեցան ճաշ մատակարարելու համար, բայց այդ տեղին մէջ չմնացին:
Եկեղեցին Կ'աճէր
Նոր ծառայողներուն ձեռնադրութեան իբրեւ արդիւնք (Գրծ 6.7).
- «Աստուծոյ խօսքը կ'աճէր»:
- «Աշակերտներուն թիւը խիստ կը շատնար Երուսաղէմի մէջ»:
- «Նոյնիսկ քահանաներէն շատեր նոր հաւատքին կը յարէին»:
Ասիկա Սուրբ Հոգիին ծրագիրն էր Եկեղեցին բարձրացնելու համար: