Մեր Տէրը մեծ կարեւորութիւն կու տար Սուրբ Հոգիին աշխարհի վրայ հաւատացեալներուն հետ ըլլալու եւ անոնց մէջ բնակելու իրականութեան:
Ինչո՞ւ արդեօք Տէր Յիսուս շարունակ կը կրկնէր եւ կը պնդէր, որ աշակերտները իրենց յանձնուած առաքելութեան չսկսին, նախքան Հօր խոստումին կատարուիլը, Սուրբ Հոգիին գալուստը եւ իրենց զօրութեամբ լեցուիլը.
«Եւ ահա ես ձեզի պիտի ղրկեմ Հօրս տուած խոստումը: Մնացէ՛ք Երուսաղէմի մէջ, մինչեւ երկինքէն զօրութիւն ստանաք» (Ղկ 24.49):
«Եւ առիթով մը, երբ անոնց հետ միասին հաց կ'ուտէր, անոնց պատուիրեց.- Երուսաղէմէն մի՛ հեռանաք, սպասեցէք՝ մինչեւ ստանաք Հօրը խոստումը, որուն մասին խօսեցայ ձեզի: Յովհաննէս ջուրով մկրտեց, բայց դուք Սուրբ Հոգիով պիտի մկրտուիք մօտ ատենէն» (Գրծ 1.4-5):
«Ուրիշ անգամ մը, երբ դարձեալ հաւաքուած էին, առաքեալները հարցուցին անոր.- Տէ՛ր, արդեօք հիմա՞ է ժամանակը երբ պիտի վերականգնես Իսրայէլի թագաւորութիւնը: Յիսուս պատասխանեց.- Դուք չէք կրնար գիտնալ ժամերն ու ժամանակները, որ Հայրը իր իշխանութեամբ որոշած է: Բայց երբ Սուրբ Հոգին իջնէ ձեր վրայ, զօրութեամբ պիտի լեցուիք եւ իմ վկաներս պիտի ըլլաք՝ Երուսաղէմի, ամբողջ Հրէաստանի եւ Սամարիայի մէջ, եւ մինչեւ աշխարհի ծայրամասերը» (Գրծ 1.6-8):
Մարդը` Սուրբ Հոգիով
Տէր Յիսուս կ'ուզէր, որ աշակերտներուն միակ կեդրոնացումը եւ ակնկալութիւնը ըլլայ Սուրբ Հոգիին գալուստը:
Ան ամէն առիթով կը տեղեկացնէր, թէ՝
Հոգին իրենց հետ պիտի բնակէր. «Եթէ կը սիրէք զիս՝ պիտի գործադրէք իմ պատուիրաններս: Եւ ես Հօրս պիտի աղաչեմ՝ որ ուրիշ Մխիթարիչ մը տայ ձեզի, որպէսզի յաւիտեան ձեզի հետ ըլլայ» (Յհ 14.15-16):
Պիտի սորվեցնէր եւ յիշեցնէր. «Այս բոլորը խօսեցայ ձեզի, քանի տակաւին ձեզի հետ եմ: Բայց Մխիթարիչը՝ Սուրբ Հոգին, որ Հայրս ձեզի պիտի ղրկէ իմ անունովս, անիկա ձեզի ամէն ինչ պիտի սորվեցնէ եւ յիշեցնէ ինչ որ ձեզի ըսի» (Յհ 14.25-26):
Զիրենք ճշմարտութեան ատակ պիտի պահէր. «Բայց երբ գայ Մխիթարիչը, այսինքն Սուրբ Հոգին, որ ես ձեզի պիտի ղրկեմ Հօրմէն, որովհետեւ Հօրմէն կ'ելլէ, անիկա ճշմարտութիւնը պիտի պատմէ եւ վկայէ իմ մասիս» (Յհ 15.26): «Բայց երբ գայ ինքը՝ Սուրբ Հոգին, որ ճշմարտութիւնը կը յայտնէ, անիկա պիտի առաջնորդէ ձեզ ամբողջական ճշմարտութեան, որովհետեւ անիկա ինքնիրմէ պիտի չխօսի, այլ ինչ որ լսէ՝ զայն պիտի խօսի եւ ձեզի պիտի պատմէ գալիք բաները» (Յհ 16.13):
Սուրբ Հոգին Յիսուսի փոխանորդը պիտի ըլլար. «Բայց ես ճշմարտութիւնը կ'ըսեմ ձեզի.- Ձեզի համար լաւ է որ ես երթամ, որովհետեւ եթէ չերթամ՝ Մխիթարիչը պիտի չգայ ձեզի. իսկ եթէ ես երթամ՝ զայն պիտի ղրկեմ ձեզի» (Յհ 16.7):
Այս բոլորը ըսելով, Տէր Յիսուս աշակերտներուն ուշադրութեան կը յանձնէր առաքելական նոր ընթացքը՝ Սուրբ Հոգիին (Անձին) միջոցաւ ուղղակի Հօր հետ հաղորդակցութիւն եւ գործակցութիւն.
«Այդ օրը այլեւս ինծի բան մը պիտի չհարցնէք: Լաւ գիտցէք, թէ ինչ որ Հօրմէս խնդրէք իմ անունովս՝ պիտի տայ ձեզի: Մինչեւ հիմա իմ անունովս բան չխնդրեցիք: Խնդրեցէք եւ պիտի ստանաք, որպէսզի ձեր ուրախութիւնը կատարեալ ըլլայ» (Յհ 16.23-24):
Սուրբ Հոգիին առաջնորդութեան մէջ մենք նոր ինքնութիւն մը պիտի վայելենք: Հօր եւ Որդիին միջեւ եղած յարաբերութեան մաս պիտի կազմենք:
- Որդին Իր մարդանալուն եւ երկրաւոր առաքելութիւնը ստանձնելուն հետ կապակցաբար կը տեսնենք, թէ միայն կ'ընէ այսպիսի արտայայտութիւններ, թէ Հայրը Ինձմէ մեծ է, Ես բան մը չեմ ըներ առանց տեսնելու եւ լսելու, թէ Հայրը կ'ընէ եւայլն: Առանց փրկագործական այդ աշխատանքին Ան միացած է Աստուածութեան:
Երբ Սուրբ Հոգիէն առաջնորդուած կ'ապրիս, այդ միութեան մէջ տարբեր ձեւերով պիտի վայելես այն իշխանութիւնը, որ մեր Տէրը կը վայելէր:
Հոգին եւ Աշակերտները
Ինչպէս Յիսուս աւետարանեց Սուրբ Հոգիով, նոյնպէս պիտի ընէին աշակերտները. «Ամէն իշխանութիւն տրուեցաւ ինծի երկինքի մէջ եւ երկրի վրայ: Ինչպէս որ Հայրը զիս ղրկեց, այնպէս ալ ես ձեզ կը ղրկեմ: Հետեւաբար, գացէք եւ բոլոր ժողովուրդները ինծի աշակերտ դարձուցէք ...» (Մտ 28.18-19):
Աշակերտներուն Ակնկալութիւնը
Հետեւաբար, երբ աշակերտները վերնատան մէջ կ'աղօթէին, Հօր խոստումը կը սպասէին, որ պիտի գար Յիսուսի փոխարէն եւ զիրենք Աստուծոյ միացնելով, առաքելութեան պիտի ղրկէր:
Անոնք մեծ համոզումով Յիսուսի խոստացածներուն կատարումը սպասելով՝ աղօթքի կեցած էին եւ մարգարէութիւններուն մէջ գրուածները կը կատարէին՝ հաւատքով (կարդա՛ Գրծ 1.16-26, 2.1-4):
Սուրբ Հոգիին Օծութիւնը եւ Անձը
Աշակերտները ամենասուրբ Երրորդութեան երրորդ Անձը կը սպասէին՝ զօրութեան համար: Այդ պատճառով, ամէն տեղ գոցած՝ ներսը մէկտեղուած էին:
Դուն ալ ներքին սենեակիդ մէջ ամփոփուելով՝ հոգիով փափաքէ Աստուծոյ ներկայութիւնը. «Քու դատաստաններուդ ճամբուն [Խօսքիդ] մէջ քեզի կը սպասենք, ո՛վ Տէր. մեր հոգիին ցանկութիւնը քու անուանդ եւ քու յիշատակիդ համար է» (Ես 26.8):
Սուրբ Հոգիին Անձը մարդուն հոգիին միջոցաւ կը ճանչցուի, իսկ զօրութիւնը շատ անգամ զանազան ձեւերով (օծութեամբ) կը զգացուի:
- Հաւատացեալները Անձը խնդրելու են՝ անձնական յարաբերութեան եւ փորձառութեան համար, եւ զգացումներով բաւարարուելու չեն:
Աշակերտները իրենց կենդանացած հոգիով հիւրընկալեցին զԱստուած եւ օծութիւնը սփռեցին ամբողջ մարդկութեան:
Մենք ալ՝ Քրիստոսով կեանքի կոչուած մեր հոգիով կը հրաւիրենք զԱստուած, որպէսզի Անոր զօրութեամբ յայտնենք աշխարհին, թէ՝
Յիսուս Նազովրեցի Տէր է եւ Փրկիչ:
Երեք Հանգրուանները
- Յիսուսի փրկագործութիւնը
- Ջուրի մկրտութիւնը
- Սուրբ Հոգիին մկրտութիւնը
1. Սուրբ Հոգին կը մկրտէ մեզ Քրիստոսով (հմմտ Ա.կր 10.1-3)
- Յուն. «պափթիզօ» բառը կը նշանակէ մէջը սուզել
- Սուզել Քրիստոսի մէջ, (Ա.Կր 12.13) « 12 Ինչպէս մարմինը իր զանազան անդամներով մէկ ամբողջութիւն է, այսինքն՝ բոլոր անդամները միասին մէկ մարմին կը կազմեն, նոյնպէս է նաեւ Քրիստոս: 13 Որովհետեւ մենք բոլորս՝ Հրեայ թէ *հեթանոս, ծառայ թէ ազատ, նոյն Հոգիով մկրտուեցանք՝ մէկ մարմին կազմելու համար, եւ ամէնքս ալ նոյն Հոգիէն խմեցինք»:
2. Ջուրի Մկրտութիւն Մտ 8.19
3. Տէր Յիսուս կը մկրտէ մեզ Սուրբ Հոգիով (Մտ 3.11: Մր 1.8: Ղկ 3.16: Յհ 1.33)
a. « 11 Ես ձեզ ջուրով կը մկրտեմ ապաշխարութեան իբրեւ նշան, բայց ան որ ինձմէ ետք կու գայ, անիկա ձեզ Սուրբ Հոգիով եւ կրակով պիտի մկրտէ: Անիկա ինձմէ աւելի հզօր է, եւ ես անոր կօշիկները կրելու իսկ արժանի չեմ»:
b. « 8 Ես ձեզ ջուրով մկրտեցի, բայց անիկա ձեզ Սուրբ Հոգիով պիտի մկրտէ:
c. « 16 Յովհաննէս անոնց պատասխանեց.- Ես ձեզ ջուրով կը մկրտեմ, բայց ինձմէ աւելի հզօրը պիտի գայ, որ ձեզ Սուրբ Հոգիով եւ կրակով պիտի մկրտէ: Ես անոր կօշիկին կապերն իսկ քակելու արժանի չեմ»:
d. « 33 Այո՛, ես չէի ճանչնար զինք, բայց ան՝ որ զիս ղրկեց ջուրով մկրտելու, ըսաւ ինծի. «Որուն վրայ որ տեսնես թէ կ’իջնէ ու կը հանգչի Հոգին, անիկա է որ Սուրբ Հոգիով պիտի մկրտէ»:
Ա.կր 10.1-2 «Եղբայրնե՛ր, մի՛ մոռնաք որ Եգիպտոսէն ելլող մեր հայրերը բոլորն ալ ամպին առաջնորդութեան եւ պահպանութեան տակ էին եւ բոլորն ալ Կարմիր ծովէն անցան, 2 եւ Մովսէսի հետեւելով՝ բոլորն ալ մկրտուեցան ամպին եւ ծովուն մէջ»:
Սպասելը եւ Առնելը Կարեւոր էին
37 Այս խօսքերը լսելով, ներկաները խորապէս ցնցուեցան եւ հարցուցին Պետրոսի եւ միւս առաքեալներուն.- Ի՞նչ պէտք է ընենք, ո՛վ եղբայրներ:
38 Պետրոս պատասխանեց.- Ձեր ընթացքը փոխեցէք եւ իւրաքանչիւրդ մկրտուեցէք Տէր Յիսուս Քրիստոսի անունով, որպէսզի ձեր մեղքերը ներուին: Եւ երբ մկրտուիք, խոստացուած պարգեւը՝ Սուրբ Հոգին պիտի ընդունիք: 39 Որովհետեւ Աստուած իր խոստումը ըրաւ թէ՛ ձեզի ու ձեր զաւակներուն եւ թէ՛ բոլոր անոնց՝ որոնք իրմէ հեռու են. մեր Տէր Աստուածը զանոնք իրեն պիտի կանչէ:
Գրծ 19.1-6
1 Մինչ Ապողոս Կորնթոս կը գտնուէր, Պօղոս Գաղատիայի եւ Փռիւգիայի կողմերը պտըտելէ ետք Եփեսոս իջաւ: Այստեղ *Տիրոջ աշակերտած մարդիկ գտնելով՝ 2 հարցուց անոնց.- Սուրբ Հոգին առի՞ք՝ երբ հաւատացիք: Անոնք պատասխանեցին.- Նոյնիսկ չենք լսած թէ Սուրբ Հոգի մը կայ: 3 Պօղոս հարցուց.- Հապա ինչո՞վ մկրտուեցաք: Պատասխանեցին. Յովհաննէսի մկրտութեամբ: 4 Եւ Պօղոս ըսաւ.- Յովհաննէս ժողովուրդը մկրտեց մկրտութեամբ մը՝ որ մարդիկը ապաշխարութեան կը հրաւիրէր, բայց կ’ըսէր որ հաւատան անոր՝ որ իրմէ ետք պիտի գար, այսինքն՝ Յիսուս *Քրիստոսին: 5 Եփեսացիները ասիկա լսելով, Տէր Յիսուսի անունով մկրտուեցան: 6 Իսկ երբ Պօղոս *ձեռքը դրաւ անոնց գլխուն, Սուրբ Հոգին իջաւ անոնց վրայ, անծանօթ լեզուներով կը խօսէին ու կը *մարգարէանային: