Վերնատան քարոզին միջոցաւ Տէր Յիսուս շատ բաներ ուզեց յայտնել աշակերտներուն, որոնք մօտ ատենէն այլեւս պիտի չտեսնէին զԻնք եւ շատ օտար, առանձին, տկար ու անմխիթար պիտի զգային՝ աշխարհէն եւ Սատանայէն եկող հոսանքներուն դիմաց:
Առանց Սուրբ Հոգիին օգնութեան, հաւատացեալներս Աստուծոյ պահանջած Քրիստոնէական կեանքը չենք կրնար ապրիլ. «[...] Վասնզի առանց ինծի բան մը չէք կրնար ընել» (Յհ 15.5: Հմմտ Զք 4.6):
Անհրաժեշտ է գիտնալ, թէ ո՛վ է Սուրբ Հոգին, ի՛նչ կ'ընէ եւ ի՛նչպէս կ'ընէ:
Սուրբ Հոգին Անձ Է
Տէր Յիսուս Սուրբ Հոգին կը ներկայացնէ իբրեւ Անձ եւ Անոր մասին ի՛նչ խոստումներ որ կ'ընէ, նոյն Անձին կը վերաբերին, եւ մեր կեանքերուն մէջ կատարուելու համար են:
Տէր Յիսուս նաեւ կը հաստատէ, թէ մինչ Ան աշխարհին կողմէ տեսանելի եւ ընդունելի չէ, սակայն հաւատացեալներուն մէջ պիտի բնակի Իր փառքով (Յհ 14.16-17).
« 16 Եւ ես Հօրս պիտի աղաչեմ՝ որ ուրիշ Մխիթարիչ մը տայ ձեզի, որպէսզի *յաւիտեան ձեզի հետ ըլլայ: 17 Անիկա Սուրբ Հոգին է, որ ճշմարտութիւնը կը յայտնէ: *Աշխարհը չի կրնար զայն ընդունիլ, որովհետեւ ո՛չ կը տեսնէ եւ ո՛չ ալ կը ճանչնայ զայն: Բայց դուք կը ճանչնաք զայն, որովհետեւ ձեր մէջ պիտի մնայ եւ ձեր հետ պիտի ըլլայ»:
Ուրիշ Մը՝ Նոյն Տեսակէն
Տէր Յիսուս երկու ձեւերով կը ճանչցնէ մեզի Սուրբ Հոգին. «Ես ալ Հօրը պիտի աղաչեմ եւ ուրիշ մխիթարիչ մը պիտի տայ ձեզի, որպէսզի յաւիտեան ձեզի հետ բնակի: Ճշմարտութեան Հոգին [...]» (Յհ 14.16-17).
1. Ուրիշ Մխիթարիչ մը
2. Ճշմարտութեան Հոգին
«Ուրիշ» բառը յունարէնով՝ «ալլոս» (ἄλλος [allos /al·los/]) բառն է, որ կը նշանակէ՝ «ուրիշ մը՝ նոյն տեսակէն»: Կայ նաեւ «հեթերոս» (ἕτερος [heteros /het·er·os/]) բառը, որ կը նշանակէ՝ «ուրիշ մը՝ ոչ նոյն տեսակէն»:
Ա.Յհ 2.1-ին համաձայն, Յիսուս է «Մխիթարիչ»ը՝ «փարաքլեթոս»-ը (παράκλητος [parakletos /par·ak·lay·tos/]), սակայն հոս Յիսուս Սուրբ Հոգիին կու տայ այդ անուանումը, որովհետեւ Սուրբ Հոգին Իր փոխարէն պիտի ըլլայ հաւատացեալներուն հետ եւ մէջ:
«Մխիթարիչ» անուանումը ունի եօթը հիմնական նշանակութիւններ: Այդ բառը գործածուած է միայն Յովհաննէս առաքեալի կողմէ եւ կ'ակնարկէ ընդհանուր օգնութեան (Յհ 14.16,26, 15.26, 16.7: Ա.Յհ 2.1):
Հիմնական իմաստը Յիսուսի փրկագործական յաղթութիւնը եւ նպատակն ու ծրագիրը բոլոր հաւատացեալներուն մէջ դնելով, փրկութիւնը աշխարհին յայտարարելն է:
Պօղոս առաքեալ այդ փառաւոր ներկայութիւնը կը ներկայացնէ իբրեւ Յիսուսը մեռելներէն յարուցանող զօրութիւնը (Եփ 1.20). « 20 Այդ ներգործող զօրութիւնը Աստուած ցոյց տուաւ Քրիստոսի անձին վրայ, զայն մեռելներէն յարուցանելով եւ երկինքի մէջ նստեցնելով իր աջ կողմը»:
Սուրբ Հոգին Մեր Միջոցաւ Կ'աշխատի
Սուրբ Հոգին չ'աշխատիր մեր փոխարէն, այլ՝ մեր միջոցաւ: Հետեւաբար, պէտք է գործակցինք Անոր հետ:
- Ան մեր շրթներով կը խօսի կրակէ խօսքը:
- Հրաշքները կը կատարէ մեր ձեռքերով կամ ծառայութիւններով:
- Իր արդարութիւնն ու սրբութիւնը կը բացայայտէ մեր կեանքերով:
Մէկ Անգամ Կը Ստանանք, Շարունակ Կը Զօրանանք
Անգամ մը որ Սուրբ Հոգին ստանանք, պէտք չէ շարունակ խնդրելու սովորութեան կապուինք, որովհետեւ Ան այլեւս մեզի հետ է: Ատիկա չի՛ նշանակեր, թէ Սուրբ Հոգիով մեր կեանքը ապրելու մէջ անհոգ եւ անտարբեր պիտի ըլլանք:
- Մենք պէտք է սորվինք մեր կեանքերը ապրիլ Սուրբ Հոգիին հետ:
- Իմանանք, թէ մեր ողջ Աստուածը մեր մէջ կը բնակի եւ մեր ողջութիւնը Անկէ է, ինչպէս Պօղոս կ'ըսէ Գղ 2.20-ին եւ Բ.Կր 13.5-6-ին մէջ:
Գիտնանք, թէ Ան մեր իրաւունքները պաշտպանողն է: Ան մեր մխիթարիչ խրատատուն, օգնողը, բարեխօսը, փաստաբանը, զօրացնողը եւ մեր հետը կանգնողն է.
1. Մխիթարիչ - Յիսուսի փոխանորդ (Յհ 16.7: հմմտ Յհ 14.16), «ալլոս» (ἄλλος [allos /al·los/] παράκλητος [parakletos /par·ak·lay·tos/])՝ «ուրիշ Մխիթարիչ»:
2. Խրատատու (Ես 30.21)
3. Օգնող (Հռ 8.26) եւ բժշկող (Հռ 8.11)
4. Բարեխօս (Հռ 8.27) - Յիսուսի պէս (Ա.Յհ 2.1)
5. Փաստաբան (Մտ 10.19-20: Գրծ 4.8-12)
6. Զօրացնող (Ա.Յհ 4.4: Ա.Կր 14.4: Գրծ 1.8)
7. Հետդ կանգնող (Գրծ 5.32: Ես 59.19)
Դուն կանչուած ես՝ Քրիստոսով նոր կեանքը ապրելու (Հռ 6.4): Քու Աստուծոյդ անունով ծառայէ՛ եւ Անոր պատրաստած եւ բերած յաղթութիւնը ապրէ՛: Խաւարէն լոյսի բերող զօրութեան մասին քարոզէ՛ կեանքովդ (Ա.Պտ 2.9):
Սուրբ Հոգին Հանգչեցաւ Եւ Իր բնակարանը ընտրեց
Սուրբ Հոգին մեր մարմիններուն միջոցաւ Ինքզինք կը յայտնէ (Ղկ 3.22):
«Եւ Սուրբ Հոգին մարմնաւոր երեւոյթով աղաւնիի պէս անոր վրայ իջաւ ու երկինքէն ձայն մը եկաւ, որ կ'ըսէր.”Դո՛ւն ես իմ սիրելի Որդիս, քեզի՛ հաւնեցայ”»:
«Մարմնաւոր» Յուն. «Սոմադիքո՛ս» (σωματικός, somatikos /so·mat·ee·kos)
«Սոմադիքո՛ս» բառը կը գործածու ըսելու.
1. Մարմնեղէն (Ան որ անտեսանելի է, Սուրբ Հոգին, տեսանելի մարմին ընդունեցգ(ստացաւ)):
2. Նիւթական (Ան ընդունեց նիւթական մարմին մը, որով պիտի հաղորդակցի մարդոց հետ):
3. Մարմնեղէն երեւոյթ
4. Բնոյթ ունենալ
5. Պատշաճիլ
6. Պատկանիլ
Երբ մեր անձը տուինք, Ան Իր Անձը տուաւ: