Աստուծոյ Թագաւորութեան իշխանութիւնը շարունակ գործող իշխանութիւն մըն է: Երբ մենք կ'անցնինք պայմաններէ, ան չի գործեր մեր պայմաններուն համաձայն, այլ՝ Քրիստոսի փրկագործութեան համաձայն, եւ Քրիստոսի ոտքին տակ կը դնէ թշնամիին իշխանութիւնը: Կարեւոր է, որ հաւատացեալը իր անձը մարզէ այդ ինքնութեան մէջ եւ ապրի Թագաւորութեան մթնոլորտին մէջ՝Աստուծոյ սպառազինութեամբ զինուելով (Եփ 6):