Երրորդ Սիւնը՝ Հեզութեան Սիւնը

Մտ 5.5- «Երանի հեզերուն, որովհետեւ անոնք պիտի ժառանգեն երկիրը»:

Որո՞նք են «հեզերը»: Ի՞նչ ձեւով կը տարբերին «հոգիով աղքատներէն»:

  1. Հոգեւոր աղքատութիւնը խոնարհութիւնն է, որ դէպի Աստուծոյ եւ Անոր շնորհքին կը նայի:
  2. Հեզութիւնը խոնարհութիւնն է, որ դէպի մարդոց կը նայի եւ այդ ճամբով շնորհք կը գտնէ:
  • Երկուքն ալ կարեւոր են եւ միասին գործելու են: Կարելի չէ մէկը հեզ ըլլայ մարդոց միջեւ առանց Աստուծոյ առջեւ հոգիով աղքատ ըլլալու: Սակայն, եթէ մէկը աղքատ է հոգիով Աստուծոյ առջեւ, պիտի յաջողի ըլլալ հեզ, խոնարհ, համբերատար, ազատ ամէն յամառութենէ եւայլն:
    • Ան պիտի ունենայ Քրիստոսի միտքը, որովհետեւ Քրիստոս «հեզ ու խոնարհ էր սրտով»:

«Որովհետեւ անոնք պիտի ժառանգեն երկիրը»:

Հաւատացեալները ներքին հանգիստ եւ հաճութիւն կ'ունենան, այդ պատճառով կը յարմարին բոլոր պայմաններուն եւ այդպիսով կը ժառանգեն երկիրը (հմմտ Սղ 37.11):

  • Թէեւ աշխարհը չի պատկերացներ այդ մէկը, բայց հեզերը տէրեր են իրենց շարժած տեղին մէջ:

Չորրորդ Սիւնը՝ Արդարիւթեան Քաղցն ու Ծարաւը Ունեցողը

Մտ 5.6- «Երանի անոնց, որոնք արդարութեան քաղցն ու ծարաւը ունին, որովհետեւ անոնք պիտի յագենան»:

Նկատի ունեցիր, թէ մարդուն մարմինը այդքան չանօթենար, ինչքան որ հոգին կ'անօթենայ: 

Հետեւաբար.

  • Աստուծոյ արդարութեան՝ ներկայութեան եւ լեցունութեան պէտքին տարողութիւնը եւ չափը մարդուն մէջ սահման չունի:
  • Միշտ Աստուծոյ ծարաւ եւ անօթի ըլլալն է, որ կու տայ մարդուն կարողութիւնը, որ ստանայ Աստուծմէ ներշնչումներ կամ կարենայ իր մէջը ընդունիլ հզօր Աստուածը:
  • Կայ հիւանդոտ ախորժակ եւ առողջ ախորժակ: 
    • Կեղեւ փափաքող ախորժակ կայ, նաեւ մանանայ փափաքող ախորժակ կայ:
    • Բոլոր մարդոց հոգիները աղերսելու կարողութեամբ եղած են:
      • Մեր հոգիին անօթութեան եւ ծարաւին լաւագոյն կերակուրը Աստուծոյ արդարութիւնն է:
        • Արդարացածի մը արդարութիւնը կ'ըլլայ անոր նկարագիրին մէջ գտնուող գործօն եւ իրական արդարութիւնը:
          • Արդարութիւն մը, որ Թագաւորին կամքը ընել կը փափաքի ուրախութեամբ:
        • Անձը կատարելութեան հասցնող արդարութիւնը, ճիշտ ինչպէս երկնաւոր Հայրը  կատարեալ է:
        • Միայն այդ տեսակի արդարութիւնն է, որ կրնայ մեր շունչին եւ հոգիին քաղցը յագեցնել:

«Որովհետեւ անոնք պիտի յագենան»: 

Ըսել չ'ուզեր, թէ ալ բնաւ պիտի չանօթենան, որովհետեւ անօթութիւնը մարմինին եւ հոգիին առողջութեան նշանն է

Արդար հոգին աճելու համար միշտ աւելի  կերակուր պիտի պահանջէ: Այդ հոգեւոր անօթութիւնը պիտի յագենայ ըստ պէտքին:

Հինգերորդ Սիւնը՝ Ողորմածներուն Սիւնը

Մտ 5.7- «Երանի ողորմածներուն, որովհետեւ անոնք Աստուծմէ ողորմութիւն պիտի գտնեն»:

Շատ ընդարձակ բացատրութիւն ունեցող բառ մը:

  • Ողորմած ըլլալ կը նշանակէ՝ ըլլալ բարի ամէն բանի մէջ: 
    • Յանցաւորին եւ ցաւողին հետ, զզուելիին ու քնքուշին հետ, միջատին եւ մարդուն հետ:
    • Ողորմած ըլլալ կը նշանակէ, ողորմութեամբ լեցուն ըլլալ ամէն բանի հանդէպ, զոր Աստուած ստեղծած է:

Հունձքի Օրէնքը

Գեղեցիկ է այս հունձքի Օրէնքը: Ով որ ողորմութիւն կը ցանէ, ողորմութիւն ալ պիտի հնձէ:

Վեցերրորդ Սիւնը՝ «Սիրտով Մաքուրները»

Մտ 5.8- «Երանի անոնց, որոնք սիրտով մաքուր են, որովհետեւ անոնք զԱստուած պիտի տեսնեն»:

Որո՞նք են սիրտով մաքուրները: Շեշտը «սիրտով» բառին վրան է: Տէրը չէ ըսած մաքուրները: Եթէ գործածեր միայն «մաքուրները» բառը, ըսածը շատ ընդունելի պիտի ըլլար այդ օրուան ուսուցիչներուն համար, որոնք ձեռքեր լուալու մաքրութիւն կը քարոզէին:

Բայց Տէրը յստակօրէն պարզեց, թէ ամէն ինչ որ մարդուն մէջէն կ'ելլէ կը պղծէ զանիկա:

  • Արտաքնապէս կրօնասէր կամ մաքուր անձին կեանքին մէջ կրնայ ամէն բան մաքուր ըլլալ: Մինչ պղծուած եւ անհաւատ անձին կեանքին մէջ կրնայ բան մըն ալ մաքուր չըլլալ: Բայց տակաւին, երկուքին ալ խիղճը պիղծ է:
  • Պարագայի մը դիմաց, սիրտդ է, որ պիտի մղէ քեզ, որ վարուիս բարոյապէս լաւ կամ մաքուր նկարագիրով եւ ոչ թէ հակառակը: Այսինքն՝ քեզի հանդիպող պարագան չէ, որ պէտք է որոշէ նկարագիրդ կամ այդ պահուն քու սիրտիդ ընելիքը կամ կեցուածքը:
    • Այսինքն՝ սիրտ մը, որ զերծ է օտար բաներէ: 
      • Ինչպէս օրինակ ջուրը, օդը եւ ապակին, երբ զերծ են իրենց մէջ խառնուած այլ բաներէ, լաւ արդիւնք կու տան: Նոյնպէս ալ սիրտով մաքուր կը նշանակէ՝ բարոյապէս մաքուր նպատակ: Ազատ՝ ամէն խառնուած բանէ:
      • Սիրտով մաքուրները կ'ըլլան պարզ մտածողներ, յստակ նպատակ ունեցողներ, ուղիղ դէպի առաջ քալողներ, անմեղադրելիներ:

«[...] Որովհետեւ անոնք  զԱստուած պիտի տեսնեն»:

Երբ սիրտը իր բնական մաքրութեան հասնի՝ Տիրոջ ներկայութիւնը անձին հետ պիտի ապրի:

Եօթներորդ՝ Խաղաղութիւն Ընողները

Մտ 5.9- «Երանի անոնց, որոնք խաղաղութեան հաստատումին համար կ'աշխատին, որովհետեւ անոնք Աստուծոյ որդիներ պիտի կոչուին»:

Միայն խաղաղասէրի մասին չի խօսիր: 

Ոչ թէ միայն վէճերէն հեռու մնացողներ, հապա՝ անհամաձայնութիւնները գործնականօրէն հաշտութեան բերողի դերը առնողներուն մասին:

Անոնք, որոնք Որդիին պէս են, որ.

  1. Աստուծոյ եւ մարդուն միջեւ խաղաղութիւն բերաւ:
  2. Մարդուն եւ Ինքն Իր միջեւ խաղաղութիւն բերաւ:
  3. Մարդուն եւ իր նման մարդուն միջեւ խաղաղութիւն բերաւ:

Երեք կողմէ գործող խաղաղութեան իշխան:

  • Իրեն նման ըլլալու համար, ոչ միայն հեռու մնանք հակառակութենէ, առեւտուրի վէճերէ, ընկերային թշնամութիւններէ, աղանդաւորական վէճերէ, հապա՝ բարեխօսենք եւ իրարմէ օտարացածները իրարու քով բերենք խաղաղութիւն հաստատելով:

«Որովհետեւ անոնք Աստուծոյ որդիներ պիտի կոչուին»:

  • Խաղաղութիւն ընելը միջոցն է որդի կոչուելուն կամ ըլլալուն: Որդիներ պիտի կոչուին, հռչակուին, ճանչցուին:
  • Աշխարհի բոլոր իմաստութիւններուն մէջէն պիտի բխին, յառաջ գան Աստուծոյ որդիները ու ճանչցուին:

Ութերորդ Սիւնը՝ Հալածանքը

Մտ 5.10- «Երանի անոնց, որոնք կը հալածուին արդարութեան համար, որովհետեւ անոնցն է երկինքի արքայութիւնը»:

Ո՛չ թէ բոլոր անոնք, որոնք կը չարչարուին՝ երանելի են: Ուրեմն, մեր սխալներուն համար չսիրուած ըլլալը հալածանք չի սեպուիր, ոչ ալ մեր անհանգստութիւնները, ոչ ալ մեր գոռոզութիւնը, անձնասիրութիւնը, յամառութիւնը, որոնք հալածանքներ կը բերեն (հմմտ Ա.Պտ 2.19-21):

  • Միայն արդարութեան համար հալածուողներուն մասին կը խօսուի կամ Քրիստոսի սիրոյն համար հալածուողներուն:
    • Հալածանք գրգռող ամենազօրաւոր պատճառը՝ բարոյական մաքրութիւնն է: Ասիկա էր հիմնական պատճառներէն մէկն էր Տէր Յիսուսի սպանութեան:
      • Սպաննեցին, որովհետեւ Ան լոյսն էր իսկ իրենք՝ աշխարհայինը, խաւարը: Եւ ինչպէս որ զԱյն հալածեցին, մե՛զ ալ պիտի հալածեն:
Նախորդ Հրապարակում Արդարացածներուն Ինքնութիւնը
Յաջորդ Հրապարակում Աստուծոյ Թագաւորութիւնը Գործունեայ Է