Այս հատուածին մէջ պիտի տեսնենք աւետարանչական յատուկ աշխատանք մը՝ Սուրբ Հոգիին կողմէ տարուած:
Իսրայէլի եւ Եթովպիայի Կրօնական Կապը
Ն.Ք. 971-931, Սողոմոնի թագաւորութեան օրերուն, շատ ազգեր ճանչցան անոր իմաստութիւնը: Այդ ճանչցողներուն շարքին էր Սաբայի Մակտա (Magda) թագուհին՝ «Սաբայի Թագուհին Սողոմոնին համբաւն ու Տէրոջը անունը լսեց ու եկաւ որպէսզի խրթին հարցումներով զանիկա փորձէ» (Գ.Թգ 10.1):
Աւանդական պատմութիւններ կ’ըսեն, թէ երբ հասաւ ժամանակը, որ Մակտա (Magda) իր երկիրը վերադառնար, Սողոմոն ուզեց անկէ զաւակ մը ունենալ:
Սկիզբը թագուհին մերժեց գաղափարը, բայց վերջաւորութեան Սողոմոն կը համոզէ զայն:
Սողոմոն, թագուհիին կը պատուիրէ, որ երբ զաւակը ծնի, զայն իրեն ղրկէ, եւ հետեւեալ երազը կը պատմէ անոր. «Երբ կը քնանայի տեսիլք մը տեսայ: Արեւը կը փայլէր, Իսրայէլի վրայ ելաւ եւ սկսաւ փայլիլ Եթովպիայի վրայ: Եւ հոն մնաց: Եւ կը շարունակէ, ըսելով. «Ո՛վ գիտէ, թերեւս քու երկիրդ կ’օրհնուի այս պատճառով»:
Այս տեսիլքը պատմած է Սողոմոնին որդիներէն մէկը՝ Մենելէք Ա.:
Երբ տղուն տարիքը հասաւ, ան իր հօր քով ղրկուեցաւ: Ան մեծցաւ եւ ուսում ստացաւ Հրէաստանի մէջ: Ապա ղրկուեցաւ Եթովպիա, իրեն հետ ունենալով 10 պատուիրանները՝ իբրեւ թագաւորին կողմէ նուէր: Երբ ժամանակը հասաւ, Մենելէք Ա. Եթովպիայի թագաւորը եղաւ եւ ատիկա պատճառ դարձաւ, որ Եթովպիացիները ճանչնան Իսրայէլի եւ միաստուածութեան գաղափարը եւ գան Հրէաստան՝ ուխտ ընելու համար:
Այդ պատճառով եկած էր ներքինին: Եկեղեցւոյ հայրերէն մէկը, Երանոս հայրապետը, կ’ըսէ, թէ՝ «Ներքինին Եթովպիայի Միսիոնարը եղաւ»:
Ատկէ երեք հարիւր տարիներ ետք Եթովպիայի Էզանա թագաւորը ընդունեց Քրիստոնէութիւնը երկու սուրիացի հաւատացեալներու վկայութիւններուն շնորհիւ: Էզանա մկրտուեցաւ, եւ իրմով Քրիստոնէութիւնը Եթովպիայի պաշտօնական կրօնը դարձաւ:
Սուրբ Հոգին Փիլիպպոսի խօսեցաւ (Գրծ 8.26)
Սուրբ Հոգին մեզի ալ պէտք է խօսի. Անիկա համր չէ: Սուրբ Հոգին եկած է մեզի խօսելու եւ մեզ առաջնորդելու:
(Հմր 26) «Տէրոջը հրեշտակը Փիլիպպոսին խօսեցաւ՝ ըսելով. “Ելի՛ր ու գնա՛ հարաւային կողմը, այն ճամբան, որ Երուսաղէմէն դէպի Գազա կ'իջնէ, որ անապատ տեղ մըն է”»:
Յունարէն բնագիրին մէջ այս հատուածին մէջ գործածուած «Ելի՛ր» բառին համար գործածուած յունարէն բառը կը գործածուի ըսելու.
- Վեր կանգնէ՛, բարձրացի՛ր
- Բարձրանալու պատճառ ըլլալ
- Բարձրացի՛ր (երկնցած վիճակէդ)
- Մեռելներէն յարութիւն առնել
- Ծնելու պատճառ ըլլալ
- Երեւելու պատճառ ըլլալ
Փիլիպպոս հնազանդեցաւ Սուրբ Հոգիին
Փիլիպպոս անմիջապէս հնազանդեցաւ Սուրբ Հոգիին թէեւ Ան ամայի տեղ մը կը ղրկէր զինք: Իրեն համար ամայութիւնը հարց չէր, որովհետեւ Սուրբ Հոգին էր խօսողը:
«Ան ալ ելաւ գնաց: Ահա Եթովպիացի ներքինի մը, Եթովպիացիներու Կանդակա Թագուհիին մէկ պաշտօնեան, որ անոր բոլոր գանձերուն վրայ էր, որ Երուսաղէմ եկեր էր երկրպագութիւն ընելու անկէ ետ կը դառնար ու իր կառքը նստած Եսայի մարգարէին գիրքը կը կարդար» (Գրծ 8.27-28):
Ներքինիին դիրքը, պաշտօնը, ապրումները, ընթերցումները, երկրպագութիւնը, ատենագրութիւնը նկատի կ’առնուէին Սուրբ Հոգիին կողմէ... Սուրբ Հոգին յարատեւ կը հետեւէր անոր:
(Հմր 29) «Եւ Հոգին ըսաւ Փիլիպպոսին. “Մօտեցի՛ր եւ այդ կառքին քով գնա՛”» (29):
Հոգին խօսեցաւ Իր հաւաքած տեղեկութիւններուն համաձայն եւ Փիլիպպոսը բարձրացուց՝ հոգիներու փրկութեան համար:
«Փիլիպպոս ալ վազելով մօտը գնաց ու լսեց որ Եսայի մարգարէին գիրքը կը կարդար» (Գրծ 8.30):
Եթէ Փիլիպպոս անմիջապէս չկատարէր Սուրբ Հոգիին ըսածը, պիտի չկարենար հասնիլ ներքինիին այն պահուն երբ ան այդ հատուածը կը կարդար: Բայց ինք ճիշդ ատենին պատրաստ էր:
Քարոզելու Առիթ (Գրծ 8.31-35)
Սուրբ Հոգին առիթը բացաւ, որ Փիլիպպոս Աստուծոյ Խօսքը փոխանցէ եւ բաժնեկցի անոր հետ:
«Երբ իրենց ճամբան կ’երթային, ջուրի մը քով եկան: Ներքինին ըսաւ. “Ահա՛ ջուր, ալ ի՞նչ բան զիս կ’արգիլէ մկրտուելէ”» (Գրծ 8.36):
Փիլիպպոսի քարոզէն ետք, երբ «ջուրին քով եկան», ներքինին անմիջապէս մկրտութեան մասին խօսեցաւ:
Արդեօք ի՞նչ էր քարոզին կեդրոնացումը, Փիլիպպոս ի՞նչպէս ներկայացուցած էր Յիսուսը... Արդեօք ի՞նչպէս բացատրած էր Յիսուսի թագաւորութեան մաս կազմելու սկզբունքը, որ ներքինին անմիջապէս որ ջուրը տեսաւ՝ մկրտուիլ ուզեց:
«Եւ Փիլիպպոս ըսաւ անոր. “Եթէ քու բոլոր սրտովդ կը հաւատաս՝ կարելի է”: Անիկա պատասխան տուաւ ու ըսաւ.“Կը հաւատամ թէ Յիսուս Քրիստոս Որդի Աստուծոյ է” » (Գրծ 8.37):
Փիլիպպոսի կեդրոնացումը Յիսուսի ինքնութեան եւ Յիսուսը ընդունելու վրայ էր: Այդ պատճառով ներքինին պատասխանեց ըսելով. «[…]Կը հաւատամ թէ Յիսուս Քրիստոս Որդի Աստուծոյ է»: