Այս բաժինին մէջ Յովհաննէս Առաքեալ նշած է, թէ Քրիստոնեաները «առաջին յարութիւնը» պիտի առնեն, եւ Յիսուսի հետ 1000 տարի պիտի իշխեն: Հազար տարին Հազարամեայ Թագաւորութիւնը պիտի կոչուի:
Ի՞նչպէս կը հասկնանք Հազարամեայ Թագաւորութիւնը եւ ե՞րբ տեղի պիտի ունենայ ատիկա:
Այս բաժինին մէջ քանի մը կարծիքներ կան, եւ մենք մեր կարծիքն ալ պիտի յայտնենք եւ պիտի տանք պատճառներ, թէ ինչո՞ւ կը նախընտրենք հաւատքով սպասել այդ օրուան:
1. Յետ-Հազարամեայի (Postmillenial) Տեսակէտը
2000 տարի առաջ Յիսուս երկինք համբարձաւ եւ Իր գահը նստաւ:
Ասիկա կը նշանակէ, թէ մենք Հազարամեայի ժամանակաշրջանին մէջ կ'ապրինք:
Այս տեսակէտը Յետ-Հազարամեայ (կամ «Փոսթմիլենիըլ» - Postmillenial) կը կոչուի, այսինքն՝ Յիսուս կը վերադառնայ Հազարամեայէն ետք:
Յետ-Հազարամեայի տեսակէտի հետեւորդները (Postmillennialists) կ'ըսեն, թէ Յյտ 20-ին մէջ հազար տարի թագաւորելու մասին խօսքը տառացի հազար տարի չէ, որովհետեւ Եբրայեցիներուն համար 1000 թիւը, ինչպէս բացատրեցինք նախապէս, անսահման ժամանակի ակնարկութիւն է: Օրինակ՝Սղ 50.10 - «Վասն զի իմս են անտառին բոլոր գազանները, հազարաւոր լեռներուն անասունները» (Սղ 50.10) եւ - «Վասն զի քու սրահներուդ մէջ մէկ օրը ուրիշ տեղի հազարէն աղէկ է: Աւելի նախընտրեցի իմ Աստուծոյս տանը շեմին վրայ կենալ, քան թէ ամբարիշտներու վրաններուն մէջ բնակիլ» (Սղ 84.10):
Յետ-Հազարամեայի տեսակէտի հետեւորդները (Postmillennialists) կը հաւատան եւ կ'ըսեն, թէ Յյտ 20-ի բանաձեւը եւ պարունակը կ'ակնարկեն Յիսուսի առաջին գալուստէն մինչեւ երկրորդ գալուստի ժամանակաշրջանը:
Այս համոզումը շարունակ կրկնուած է Եկեղեցւոյ Պատմութեան Հայրերուն եւ առաջնորդներուն կողմէ. Օգոստինոս, Եւսեփիոս, Ճոն նոքս եւ Ճոն Ուէսլի:
1800 թուականներուն Յետ-Հազարամեայի տեսակէտի հետեւորդներուն (Postmillennialists) կարծիքը ժողովրդականութիւն գտած էր Աւետարանչական Քրիստոնեաներուն քով:
Եպիփան Կիպրացի
Սուրբ Յովհաննէս իրապէս կը խօսի Հազարամեայի մը մասին, բայց մարդոց մեծամասնութիւնը, յատկապէս այն աստուածավախ մարդիկը, իսկապէս ճշմարիտ կը համարեն այդ խօսքերը, բայց նաեւ կը հաւատան, թէ անոնք պէտք է հասկցուին հոգեւոր իմաստով:
Ճոն Կալիվին
Սակայն քիչ մը ետք յաջորդեցին Հազարամեանները (քիլիասթները), որոնք Քրիստոսի թագաւորելը սահմանափակեցին հազար տարուան մէջ: Անոնց տեսակէտը գրեթէ մանկական է եւ անարժան նոյնիսկ հերքումի:
2. Նախա-Հազարամեայի (Premillennial) Տեսակէտը
Պէտք է հասկնալ, որ երկու տեսակի Նախա-Հազարամեայի տեսակէտի հետեւորդներ կան.
- Տնօրինումի (Dispensational) Նախա-Հազարամեայի տեսակէտի հետեւորդները
- Պատմական Նախա-Հազարամեայի տեսակէտի հետեւորդները
Առաջինը կ'ընդունուի ապագայ կատարումի տեսակէտը (futurists) ընդունողներուն կողմէ, իսկ երկրորդը կ'ընդունուի մասնակի կատարումի տեսակէտը ընդունողներուն կողմէ, որոնք կը հաւատան, թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը 2000 տարի առաջ սկսաւ եւ տակաւին կը մեծնայ մանանեխի հատիկին պէս, խմորին մէջի թթխմորին պէս կը տարածուի:
Նախա-Հազարամեայի տեսակէտի հետեւորդները կը հաստատեն հիմնուելով հետեւեալ հատուածներուն վրայ.
- «Վասն զի Դաւիթ երկինք չելաւ, բայց ինք կ'ըսէ. “Տէրը իմ Տէրոջս ըսաւ, Նստէ՛ իմ աջ կողմս, մինչեւ քու թշնամիներդ ոտքերուդ պատուանդան ընեմ”» (Գրծ 2.34-35):
- «Վասն զի ան պէտք է թագաւորէ մինչեւ բոլոր թշնամիները իր ոտքերուն տակ դնէ» (Ա.Կր 15.25):
Յյտ 20 - Երկու Յաղթական Կարծիքները
Քրիստոնեաները կ'իշխեն Քրիստոսով, ինչ որ կը կոչուի Հազարամեայ Թագաւորութիւն: Սատանան 2000 տարիէ ի վեր կապուած է Յիսուսի Հազարամեայ Թագաւորութեան միջոցաւ եւ չի կրնար այլեւս խաբել ազգերը՝ «Ու անդունդը ձգեց զանիկա եւ գոցեց ու վրայէն կնքեց, որ ա՛լ չմոլորեցնէ ազգերը՝ մինչեւ հազար տարին լմննայ: Անկէ ետքը պիտի արձակուի անիկա կարճ ժամանակուան մը համար» (Յյտ 20.3):
Յիսուս զօրաւոր մարդը կապեց, որպէսզի մենք գործենք.«Բայց եթէ ես Աստուծոյ Հոգիովը կը հանեմ դեւերը, ուրեմն Աստուծոյ թագաւորութիւնը ձեր վրայ հասած է: Կամ ի՞նչպէս կրնայ մէկը զօրաւոր մարդու մը տունը մտնել եւ անոր կարասիները յափշտակել, եթէ առաջ այն զօրաւոր մարդը չկապէ ու ետքը անոր տունը կողոպտէ» (Մտ 12.28-29):
Սուրբ Աթանաս Աղեքսանդրացի
Որովհետեւ Տէրը դպաւ Ստեղծագործութեան բոլոր բաժիններուն, եւ ազատագրեց զանոնք ամէն խաբկանքէ: Սուրբ Պօղոս կ'ըսէ. «Եւ իշխանութիւններն ու պետութիւնները մերկացուց ու յայտնապէս խայտառակեց՝ յաղթելով անոնց անով» (Կղ 2.15), որպէսզի այլեւս ոչ ոք կարելի ըլլայ խաբուած պահել, այլ՝ ամէն տեղ կարելի ըլլայ Ինքնին Աստուծոյ Խօսքը գտնել:
«Առաջին յարութիւնը» ակնարկութիւն է Յիսուսի յարութեամբ արձակուած զօրութեան: Այդ զօրութիւնը տրուեցաւ նաեւ վերստին ծնած իւրաքանչիւր անհատի:
Այդ պահուն անոնք նստան «երկնաւորներուն մէջ». «Անոր հետ մեզ յարուցանեց ու անոր հետ նստեցուց երկնաւորներուն մէջ Քրիստոս Յիսուսով» (Եփ 2.6), եւ կ'իշխեն երկրի վրայ Քրիստոսով:
Յյտ 20.7-10
Հազար տարի ետք կ'արձակուի Սատանան. «Հազար տարին լրանալէն վերջը պիտի արձակուի Սատանան իր բանտէն, որ պիտի ելլէ ու մոլորեցնէ երկրին չորս անկիւնները եղող ազգերը՝ Գոգն ու Մագոգը՝ որպէսզի զանոնք պատերազմի հաւաքէ, որոնց համրանքը ծովու աւազին չափ է» (Յյտ 20.7)
Ապա ան կը փորձէ մեր Տիրոջ դէմ բանակ մը կազմել: Բայց այդպիսով միայն պիտի յայտնուին սրտանց Տիրոջ հետ չեղողները, որոնք պիտի կործանուին երկինքէն եկած կրակով (հմր 9-10):
Յյտ 20.11-15 - Մեծ Ճերմակ Դատաստանի Աթոռը
«Եւ ով որ կեանքի գրքին մէջ գրուած չգտնուեցաւ, կրակի լիճին մէջ ձգուեցաւ» (Յյտ 20.15):
Վերջին դատաստանը պիտի ըլլայ արդարութեամբ եւ գիրքերուն համաձայն: