Եզեկիէլի մարգարէութեան 40-րդ գլուխէն մինչեւ 48-րդ գլուխը, մարգարէն կը խօսի իր տեսած տեսիլքին մասին: Տեսիլքին մէջ ան կը նկարագրէ հազարամեայ Երուսաղէմը:
Ըստ Տոքթոր Լայթֆութի, հազարամեայ Երուսաղէմի մասին արձանագրուած տեղեկութիւնները սոսկ բառացիօրէն կատարուելիք բաներ չեն եւ ան կը հաւատայ, որ հազարամեայ Երուսաղէմը Աւետարանին շինելիք տաճարն է:
Եզեկիէլ մարգարէն նոր տաճարին միջոցաւ Աստուած-մարդ յարաբերութիւնը կը ներկայացնէ: Ան կ'առաջարկէ, որ Տիրոջ տուած նկարագրութիւններուն միջոցաւ մարդիկ լրջօրէն հետեւին տրուած այլաբանական օրինակներուն:
Տեսիլքին միջոցաւ, կը հասկնանք, թէ ի՞նչ ձեւով կարելի է տաճար մտնել եւ ի՞նչ գին պէտք է վճառել՝ Աստուծոյ ներկայութեան կենալով ծառայելու համար: Տեսիլքին մանրամասնութիւնները ճանչնալէն ետք միայն Աստուած մեզի ցոյց կու տայ հոսանքին աղբիւրը այնպէս, ինչպէս Ան ցոյց տուաւ Եզեկիէլ մարգարէին Եզ 47-ին մէջ, որպէսզի գործենք հոսանքին մէջ:
Եզ 40.1-4-ին մէջ, Աստուած տեսիլքով մարգարէն Իսրայէլի երկիրը կը տանի եւ զայն խիստ բարձր լերան մը վրայ հանելով, ցոյց կու տայ անոր քաղաքի նման շինուածք մը, այսինքն՝ կաղապարը: Տաճարը ունէր քաղաքի մը մեծութիւնը եւ Եզեկիէլ կը նկարագրէ «Նոր Երուսաղէմը», որ պարզ տաճար մը չէ, «որովհետեւ ամենակալ Տէր Աստուածը եւ Գառնուկը իրե՛նք էին տաճարը» (Յյտ 21.22):
Տեսիլքին մէջ երեւցած տաճարը շատ ձեւերով տարբեր էր Սողոմոնի տաճարէն: Հազարամեայ տաճարը անսահման իմաստութեամբ շինուած է՝ երկնային կեանքը երկրի վրայ ապրելու համար:
Հոն մարգարէն կը հանդիպի պղինձի երեւոյթով մարդու մը, որ ձեռքին քթանէ լար մը ու չափելու եղէգ մը ունի:
Այս մարդը ստեղծուած հրեշտակ մը չէր, այլ ինքնին Քրիստոսը, որ պիտի մարդանար ու Աւետարանի տաճարին հիմնադիրն ու կառուցողը պիտի ըլլար: Քրիստոսի միջոցաւ է, որ կը ծանօթանանք եւ կը վերադառնանք Աստուծոյ տան առաւելութիւններուն: Մարգարէութիւններուն համաձայն՝ «Անիկա պիտի շինէ Տիրոջ տաճարը» (Զք 6.13):
Մարդուն ձեռքին մէջ գտնուող քթանէ լարը եւ եղէգը օրինակ են Աւետարանին: Եկեղեցին Աստուծոյ Խօսքին միջոցաւ կը հաստատուի եւ հաւատացեալներուն կեանքը Քրիստոսի վարդապետութեան ու օրէնքներուն հիմին վրայ պէտք է չափուի եւ քննուի:
Աստուծոյ խօսքը եւ գործը օգտակար պիտի չըլլան մեզի, եթէ սրտանց չհետեւինք անոնց (40.4): Անոնք՝ որոնք Աստուծոյ խօսքը պիտի քարոզեն, պէտք է զայն լաւ սորվին (Եզ 3.1) եւ սրտանց անոր նուիրուին: