Եզեկիէլին տեսիլքին մէջ,տաճարին շուրջը քառակուսի պարիսպ մը կար (Եզ 40.5): Ասիկա այն պարիսպն է,որ եկեղեցին աշխարհէն կը բաժնէ եւ կը պահպանէ զայն:
Աստուած կը յայտնէ,թէ պարիսպը քարէ պիտի չ'ըլլար, այլ՝ կրակէ (Զք 2.4-5): Այսօր մենք պէտք ունինք Աստուծոյ հետ մեր յարաբերութիւնը անկեղծ եւ առողջ պահելու, որպէսզի մեր մէջ գտնուող Սուրբ Հոգիին կրակը չպակսի եւ թշնամին չկարենայ մտնել:
Պարիսպները պատճառ կ'ըլլան,որ դուրսէն եկողները դռներէն ներս մտնեն եւ տեսնեն հոն գտնուող նշանները: Տաճարին դուրսի դուռէն մտնել ուզողները պէտք է աշխարհէն եօթը աստիճան վեր բարձրանան,ինչ որ օրինակն է աշխարհէն դէպի կատարելութիւն ելլելու որոշումին (Եզ 1.26): Քրիստոսով նոր կեանքը ապրելու կանչուած բոլոր մարդիկը այս որոշումը պէտք է առնեն: Եօթը աստիճան բարձրանալը եօթներորդ օրուան «հանգիստ»ը մտնելը կը խորհրդանշէ:
Արեւելեան դուռը դէպի արեւմուտք կը նայի (6),այսինքն՝ դէպի Սրբութիւն Սրբութեանց նայող դուռն է: Տեսիլքին մէջ այս դուռէն մտնելուն նպատակը ենթակային աչքերը դէպի Սրբութիւն Սրբութեանց՝ Տիրոջ փառքին ներկայութեան տանիլն է:
Դուռէն ներս կային պահակներու վեց խուցեր,որոնք պահակներուն սենեակներն էին: Խուցերը պզտիկ էին,որովհետեւ պահակութեան համար յատկացուած էին եւ իրարու նման էին՝ բոլորին հաւասարութիւնը ցոյց տալու համար: Պահակները միշտ իրարու կը նայէին եւ այսպիսով երբ օտար մը ներս մտնէր՝ շուտով կը նկատէին:
Պահակներուն խուցերուն պատուհաններուն վրայ արմաւենիի նկարներ կային (16): Արմաւենին յաղթութեան եւ կեանքի խորհրդանիշ է: Նաեւ խորհրդանիշ է պահակներուն աշխարհէն մեռած ըլլալուն եւ աշխարհայինին յաղթած ըլլալուն: Թշնամին չէր կրնար իրենց մօտենալ,որովհետեւ անոնք աշխարհէն մեռած էին:
Պատուհաններէն լոյս կը մտնէր,եւ թէ՛ սենեակը եւ թէ՛ պահակը կը լուսաւորէր (16): Լոյսը երկնային լոյսին խորհրդանիշն է եւ ցոյց կու տայ,թէ բոլոր անոնք,որոնք Տիրոջ տաճարին մէջ բնակելու կը մտնեն՝ երկնային լոյսը կը ստանան աշխատելու,քալելու եւ տեսնելու համար:
Պատուհանները վանդակապատ էին,այսինքն ներսէն լայն էին եւ դուրսէն՝ նեղ:Հետեւաբար,դուրսէն նայողին համար ներսը յստակ չէր երեւեր,բայց ներսը բնակողին համար դուրսը շատ յստակ կ'երեւէր:
Աստիճաններէն ելլելով՝ դռներէն ներս մտնելը տեսնելու, սորվելու, տպաւորուելու եւ առաջնորդութիւն գտնելու միջոց մըն էր: Նոյնպէս, նոր փորձառութիւններ պիտի օգնեն մեզի, որպէսզի ներս հասնինք: Պէտք է միշտ մեր կեդրոնացումը ըլլայ Սրբութեան Սրբոցին: