Եզեկիէլի մարգարէութիւնը կը խօսի Աստուծոյ եւ ժողովուրդին միջեւ գտնուող յարաբերութեան զանազան խոչընդոտներուն եւ հանգրուաններուն մասին:
Եզեկիէլ մարգարէն կը տեսնէ տեսիլք մը, որուն մէջ կ'անցնի զանազան հանգրուաններէ՝ Աստուծոյ ներկայութեան մտնելու համար (Եզ 1.1—3.27): Երբ Եզեկիէլ կը հասնի Աստուծոյ ներկայութեան եւ Աստուծոյ փառքին կը հանդիպի, գետին կ'իյնայ: Անկէ ետք, Տէրը Եզեկիէլին կ'ըսէ, որ ոտքի ելլէ եւ զայն ծառայութեան կը կանչէ (Եզ 2):
Տէրը իրեն կ'ըսէ որ չվախնայ եւ իրմէ կ'ուզէ որ խօսքը ուտէ (Եզ 3.1-3): Ասիկա Խօսքը մեր սիրտին մէջ ընդունելու օրինակն է: Խօսքը «Ուտե՛նք» այնպէս, ինչպէս Աստուած կու տայ զայն: Ատիկա է վախը փարատելու միջոցը, որովհետեւ երբ Խօսքը ուտենք, ինքնաբերաբար Աստուծոյ զօրութիւնը մեր մէջ պիտի գործէ:
Աստուած Եզեկիէլին կը յայտնէ, թէ Ան զինք որպէս դէտ դրած է (3.16-21): Ճիշդ ինչպէս դէտը միշտ արթուն կ'ըլլայ եւ թշնամիին շարժումները կը դիտէ, մենք ալ մեր պաշտօնին մէջ լուրջ պատասխանատուութիւն պէտք է յանձն առնենք: Մենք կանչուած ենք մարդիկը զգուշացնելու եւ ատոր համար կարեւոր է, որ միշտ Աստուծոյ խօսքին մէջ մնանք, որովհետեւ Տիրոջ հետ մեր ունեցած ճիշդ կապը մեզի յանձնուած պաշտօնը ապահով կը պահէ (3.22-27):
Անկէ ետք, մարգարէին միջոցաւ Աստուած նշաններ տուաւ ժողովուրդին, անոնց նամակ մը հասցնելու համար: Եզեկիէլ միշտ պատրաստ էր կատարելու Աստուծոյ կողմէ տրուած որեւէ պատուէր: Մենք ալ մեր կարգին պէտք է պատրաստ ըլլանք նոյնը ընելու եւ մեր անձերը պատրաստենք՝ մարդոց Աստուծոյ խօսքերը խօսելու համար: Գի՛ն վճարենք եւ մեր կոչումին պէտքին համաձայն քայլ առնենք:
Եզէկիէլ 8-ին մէջ Աստուած Իր սիրտը կը բանայ մարգարէին եւ անոր ցոյց կու տայ տաճարին ներսի սենեակներուն մէջ կատարուածները՝ կռապաշտութիւն եւ պոռնկութիւն:
Եզեկիէլ տեսաւ ինչպէս մարդիկ ամէն բան կ'ընէին՝ զԱստուած տաճարէն հեռացնելու համար: Եզեկիէլ տեսաւ, թէ ի՛նչպէս Աստուծոյ փառքը հեռացաւ տաճարէն (10.1-22) եւ Երուսաղէմէն (11.22-25):
Մենք կրնանք Աստուծոյ ներկայութիւնը մեր կեանքերէն դուրս վռնտել, բայց ատիկա բնաւ Աստուծոյ կամքը չէ: Եզեկիէլ Աստուծոյ խօսքով սնանեցաւ եւ Աստուծոյ ներկայութեան զգայուն դառնալէն ետք միայն կրցաւ տեսնել մեղքերը: Մեր կեանքերէն ներս շատ մեղքեր կրնան ծածկուած մնալ, բայց հոգեւոր զգայնութիւն ունենալով կրնանք այդ բաները տեսնել ու անոնցմէ հրաժարիլ:
Մենք Աստուծոյ պատկերին նմանութիւնը ունինք եւ Աստուած Իր փառքը տուած է մեզի: Շարունակ մտածենք մեր կոչումին տուեալներուն եւ նպատակին մասին, եւ ատոր համաձայն մեր անձերը կերտենք: Աստուած լուրջ է Իր գործին մէջ եւ կարեւոր է, որ մենք մեր կարգին մեր կեանքերով Աստուծոյ գործին նուիրուինք: