Ղեկավարութեան Ամենակարեւոր Գործը

Պէտք է ՄՏԱԾԵԼ յաջող, իմաստուն եւ Աստուծմով կերտուած ու առաջնորդուող առաջնորդի մը պէս: Այդպիսի առաջնորդի մը ամենակարեւոր յատկանիշներէն երկուքն են.

  1. ԴԱՍՏԻԱՐԱԿԵԼու զօրութիւնը (կարեւորութիւնը)
  2. ՅԱՋՈՐԴ առաջնորդը պատրաստելը (successor)

Ասոնք ամենակարեւոր գործերն են, որոնք շատ անգամ կամ բնաւ չեն կիրարկուիր, կամ ալ սխալ ձեւով կը գործադրուին:

  • Ես շատ անգամ սխալ հասկցած էի Աստուծոյ գործը ուրիշներուն յանձնելու ձեւը եւ ատիկա պատճառ եղած էր, որ դժուարութիւններ յառաջ քան:

Ի՞նչ Ըսել Է Ղեկավարութիւն

  • Հռչակաւո՞ր, լաւ դիրք ունեցո՞ղ, կառավարական մա՞րդ, եկեղեցակա՞ն, խումբի առաջնո՞րդ, կազմակերպութեան տէ՞ր, կամ Հովի՞ւ: Անձեր, որոնք կ'ըսեն թէ իրենք կարո՞ղ են, կամ լա՞ւ են, որոնք կ'առաջարկեն որ իրենց առաջնո՞րդ ընես:
    • Մայլզ Մոնրօ կ'ըսէ, «32 տարի ետք հասած է այն եզրակացութեան, թէ ճշմարիտ առաջնորդութիւնը այն կարողութիւնն է, որ ներշնչումի միջոցաւ ազդեցութիւն կը բերէ ուրիշներուն վրայ:
      1. Ունենալով կրակոտ եռանդ
      2. Կը մղուի տեսիլքով
      3. Նպատակի մը արտադրութիւնն է

Ներշնչումը

  1. Յառաջ կու գայ մէկու մը ունեցած եռանդէն
  2. Եռանդը կը շարժի եւ կը մղուի տեսիլքէ մը, որ անձը տեսած կ'ըլլայ
  3. Տեսիլքը կու գայ խոր համոզումէ (conviction), որ անձ մը կը մշակէ (cultivates):
  4. Համոզումը կու գայ նպատակէն (sense of purpose)

Առաջնորդութիւնը հարազատ դարձնելու համար վերոյիշեալ կէտերը հիմնական են: Եթէ կ'ուզես ըլլալ իսկական առաջնորդ մը, որ աշխարհը կրնայ փոխել, պէտք է վերոյիշեալ կէտերը հակառակ կողմէն աշխատելով իրականցնես:

Ինչո՞ւ: Որովհետեւ յաջող ղեկավարութիւնը բացատրելով, սորվելով կամ հասկնալով չըլլար, հապա ընթացիք է (ընթացքի մէջ բերած պտուղէն կամ արդիւնքէն):

Իսկական Առաջնորդները

Իսկական առաջնորդները բնաւ չեն փնտռած առաջնորդ ըլլալ: Գրեթէ բոլոր իսկական եւ յաջող առաջնորդները սկիզբը չեն ուզած ըլլալ առաջնորդ: Ուստի, առաջնորդ ըլլալու համար, ունեցիր.

  1. ՆՊԱՏԱԿ.- Նախնական սկզբնատիպ՝ օրինակ, ձգտում, մտադրութիւն: Հանդիպիլ, ճանչնալ քու ներքին անձդ եւ ապա հանդիպիլ Ստեղծիչին, որ կ'օգնէ քեզ այնպէս մը, որ հասկնաս, թէ դուն սխալի մը արդիւնքը չես, հապա ծնած ես բան մը ընելու, գտնելու համար բնօրինական ձգտումդ:
  2. ՀԱՄՈԶՈՒՄ, հաւաստիք.- Հաւատք եւ նշանակութիւն. անգամ մը որ գտնես կեանքիդ նպատակը, ան կը սկսի ներսիդիդ կազմել խոր համոզում, որ քու նշանակութեանդ, այսինքն՝ ով ըլլալուդ մասին հաւատքն է:
    • Առաջնորդ ըլլալը ճգնաժամային լուրջ աշխատանք է: Կը նշանակէ ունենալ փափաք՝ սխալներ շտկելու: Ճանչցուած է որպէս լուրջ դատողութիւն եւ ուշադիր գնահատում ընող: Ունենալ կամ կազմել այն բնոյթը, որ դժուար խնդիրներու ատեն ետ դառնալ կը սորվի: Համոզում մը, որ կը ձգէ առաջնորդը տեսնէ:
  3. ՏԵՍԻԼՔը կամ նպատակը՝ պատկերագրուած (պատկերաւոր կերպով): Համոզում մը, որ կը ծնի, կը վերածուի պատկերի մը, եւ ցոյց կու տայ աւելի լաւ, արժէքաւոր ապագայ մը:
    • Բոլոր յաջող առաջնորդները իրենց միտքին մէջ կ'ունենան այն պատկերը, որ իրենց ցոյց կու տայ, թէ կայ ապագայ մը, որ աւելի լաւ, հաճելի եւ յաջող է քան ներկան եւ կը մղէ որ անոր համար շարժին: Այդ տեսիլքը յառաջ կը բերէ ԵՌԱՆԴ:
  4. ԵՌԱՆԴ.- Եռանդը մահէն աւելի զօրաւոր փափաք է:
    • Եռանդը Ղեկավարին վառելանիւթն է:
    • Բոլոր հարազատ եւ իսկական առաջնորդները անձեր են, որոնք պատրաստ են մեռնելու:
      • Ոչ անպայման մարմինով, հապա պատրաստ են մեռնելու որեւէ վիճակէ: Նկարագիր փոխելու համար գին կը վճարեն, կամ համոզումի մը համար որ ունին:
    • Մեռած են հռչակաւոր ըլլալու կամ աղքատութեան ճնշումէն, եւ բարեկամներէն գնահատանք սպասելէն:
      • Այսպէս զօրաւոր է եռանդը: Այդ պատճառով, շատ մը առաջնորդներ իրենց բարեկամները կը կորսնցնեն, որովհետեւ իրենց համոզումը աւելի բարձր կ'արժեւորեն քան ընկերութեան համոզումը: Ասիկա կը շինէ իսկական առաջնորդը: Ուրեմն Եռանդը կը տանի ներշնչումի:
  5. ՆԵՐՇՆՉՈՒՄ.- Ուրիշին կեանքին իմաստը ներշնչել, աշխատցնել կամ գործարկել: Երբ շուրջիններդ տեսնեն, թէ բանի մը համար եռանդ ունիս, իրենք ալ կը ներշնչուին: Իրենց կեանքին իմաստը, նշանակութիւնը կ'արթնցնես: Ասիկա ներշնչումին արդիւնքն ու գործն է:
    • Զինք մղած կ'ըլլաս, որ զգան, թէ այս կեանքին մէջ ընելիք մը ունի:
    • Շատ զգուշ ըլլալու ենք ներշնչումի ՈՐԱԿԷՆ, որովհետեւ ներշնչումը շահագործութեան եւ խարդախութեան հակառակն է:
      • Շատ մը առաջնորդներ կրնան ըլլալ մասնագէտ շահագործողներ, կեղծողներ եւ խարդախողներ տարբեր բաժիններու մէջ:
        1. Կը խարդախեն վախերուդ վրայով խօսելով:
        2. Ընդունուած ըլլալուդ եւ զգացումներուդ պահանջքին համաձայն մօտեցում ցոյց տալով: (Այդպիսի առաջնորդներ քու իսկական պէտքդ բնաւ չեն ճանչնար: Քու բուն անձիդ մասին իրապէս տեղեակ չեն ըլլար):
        3. Յայտնի եւ ճանչցուած ըլլալու պէտքդ կը շահագործեն:
        4. Քու աճման բուն զգացումներովդ խաղալով՝ անշարժ կը դարձնեն քեզ:
        5. Այսպիսի վարմունքներով առաջնորդելը իսկական առաջնորդութիւն չէ, հապա խաբեբայութիւն, շահագործում եւ կեղծաւորութիւն:
        6. Անոնք հոգեբանութիւն ղեկավարող վարպետներ են:
          • Անոնցմէ շատեր կառավարութեան մէջ են, ուրիշներ եկեղեցիին մէջ: 
      • Իսկական առաջնորդները բնաւ չեն շահագործեր, հապա կը ներշնչեն: Որմէ ետք իրենց իշխանութիւնը քեզի կը յանձնեն: Ներշնչումը կը յայտնաբերէ ազդեցութիւնը եւ իշխանութիւնը երեւան կ'ելլէ:
  6. ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆ.- Իսկական ճշմարիտ ղեկավարին իշխանութիւնը քեզ կը մղէ, որ ենթարկուիս: Այդ է, որ քեզ առաջնորդ կ'ընէ:
  7. ՂԵԿԱՎԱՐ.- Ընկերութեան մէջ կ'ունենայ վստահութիւն: Մարդիկ առաջնորդներուն կ'ենթարկուին եւ կը յանձնուին նպատակի մը համար: Պատճառ մը պէտք է ըլլայ:
    • Այդ պատճառով կը նկատենք, թէ իսկական առաջնորդները միշտ ուրիշի մը շուքին տակ կ'ըլլան, եւ դուրս կու գան պատահական կերպով: Շատ անգամ ստիպումով առաջնորդութիւն յանձն կ'առնեն:
      1. Եթէ սկսիս նկատել, թէ մէկը դիրք եւ իշխանութիւն կը փնտռէ, պէտք է կասկածիս անոր հարազատութենէն: Եթէ իշխանութիւն եւ պատիւ կը փնտռէ, մեծ հաւանականութեամբ օգտակար եւ յաջող առաջնորդ պիտի չըլլայ:
      2. Որովհետեւ այդպիսի անձեր ժխտական ձգտումով կը փորձեն հասնիլ: Ձեռք կը բերեն միայն ինչ չափով, որ ուզեցին: Անշուշտ բնաւ մեծ նպատակին չեն ծառայեր ինչպէս որ պէտք է:

Եթէ կ'ուզես առաջնորդ ըլլալ, պէտք է պատրաստ ըլլաս անսակարկօրէն գին վճարելու:

  • Եթէ առաջնորդի փառքն ու պատիւները նկատի ունենալով կ'ուզես ըլլալ մակերեսային, կամ ծառայութիւնը թեթեւի առնող առաջնորդ մը, նախընտրելի է չըլլաս:
  • Եթէ կը փնտռես հռչակ, ուրիշին հետ մրցելով գլուխ կոտրել, ցոյց տալ թէ դուն ալ կրնաս, կամ ժողովուրդին կողմէ ճանչցուած ըլլալ, մի՛ ըլլար առաջնորդ: Դուն Աստուծոյ թագաւորութեան թշնամին կ'ըլլաս:

Նելսոն Մանտելան ըսած է.

  1. «Իսկական առաջնորդները հետեւորդներ չեն փնտռեր, ոչ ալ կեղծելով կը շահին, հապա ընդհանրապէս Ղեկավարին քաշողականութիւնը կը քաշէ (attract) զիրենք»:
  2. Առաջնորդութիւնը տրուող իրաւունք մը չէ, հապա հետեւորդներու կողմէ տրուած հաւանութիւն:
    • Առաջնորդութիւնը վստահութիւն մըն է ժողովուրդին կողմէ տրուած, համոզումիդ բռնուած ըլլալուդ համար:

Մարտահրաւէրը

  • Ղեկավարին առաջին դերը դաստիարակել է, մարզել է:
    • Առաջնո՞րդ ես, ազդեցութիւն բանեցնող դիրքի վրա՞յ ես, քու եռանդդ արտայայտելով երեւան հանէ:
    • Մարդիկ կը յարգե՞ն քեզ: Ուրեմն ապագայի մասին մտածէ:
    • Եթէ բաներ սորվեցար, փորձառութիւններ շահեցար, դիրքի մը հասար, բայց այդ բոլորը քեզի հետ մեռան, դուն սերնդական ձախողութիւն մըն ես:
      • Ղեկավարին բուն գործը, իր ունեցած չափահասութեամբ եւինքնավստահութեամբ դասիարակելն ու դիմացինը իսկապէս շինելն է:

Ղեկավարներ Քեզմէ Ետք

  • Իսկական Ղեկավարին ծառայութիւնը բնաւ մէկ սերունդի համար չէ սահմանափակուած:
  • Մէկ սերունդի ծառայելու կեդրոնացումով մղուած առաջնորդը ձախող անձ է:
  • Աստուած սերնդական ձեւով մտածող Աստուած է (հմմտ 12.1-3) «Տէրը ըսաւ Աբրամին. «Քու երկրէդ եւ քու ազգականներէդ ու քու հօրդ տունէն գնա՛ այն երկիրը, որ ես քեզի պիտի ցուցնեմ: Քեզ մեծ ազգ պիտի ընեմ ու քեզ պիտի օրհնեմ եւ քու անունդ պիտի մեծցնեմ ու դուն օրհնեալ պիտի ըլլաս: Քեզ օրհնողները պիտի օրհնեմ ու քեզ անիծողները պիտի անիծեմ ու երկրի բոլոր ազգերը քեզմով պիտի օրհնուին»:
  • Եթէ քու տեսիլքդ քեզի հետ մեռաւ, դուն ձախողեցար:

Ղեկավարներ Որոնց Պէտք Ունինք

  1. Առաջնորդներուն մեծամասնութիւնը գրաւուած են իրենց աւանդը պահպանելով՝
    • իրենց ընելիքները ընելով եւ զանոնք ապահովելով ու պաշտպանելով:
    • Իրենք զիրենք դնելով կարգ մը իրավիճակներու դիմաց, կարծես թէ այդ ըլլար իրենց բուն եւ միակ ընելիքը:
      1. Պէտք ունինք ղեկավարներու, որոնք կը մտածեն յաջորդ սերունդին մասին, աւելի քան իրենց յաջորդ դիրքին գաղափարով գրաւուած ըլլան:
      2. Պէտք ունինք ղեկավարներու, որոնք կը զգան թէ պարտք ունին ապագային:
      3. Ղեկավարներ, որոնք աւելի նուիրուած են թագաւորութեան պատմութեան քան իրենց դրամին եւ զայն շահելուն:
  2. Երբ ծառայող մը կամ առաջնորդ մը հաւատարիմ է եւ իր սխալը չի պարտադրեր (տարբեր ձեւերով).
    • Վստահէ անոր
    • Ծառայութիւն յանձնէ
    • Նորութիւններ թող մտցնէ

Միշտ Նոր Շունչ Բարձրացուր

  • Տէրը 12-13 տարի առաջ սորվեցուց եւ պատուիրեց ինծի, որ իմ ունեցածս ուրիշին անցընեմ: Առիթ տամ, որ անոնք բարձրանան, որովհետեւ ատիկա պատճառ պիտի ըլլար իմ բարձրանալուս:
    1. Տէր Յիսուս ըսաւ աշակերտներուն. « 7 Բայց ես ճշմարտութիւնը կ’ըսեմ ձեզի.- Ձեզի համար լաւ է որ ես երթամ, որովհետեւ եթէ չերթամ՝ Մխիթարիչը պիտի չգայ ձեզի. իսկ եթէ ես երթամ՝ զայն պիտի ղրկեմ ձեզի:» (Յհ 16.7):
    2. Տէրը ըսել ուզեց՝ «Եթէ ես չերթամ, դուք պիտի չկարենաք ընել մեծ գործերը»: Ասիկա է ղեկավարի մը մտայնութիւնը:
    3. Երբ աշակերտները եկան եւ պատմեցին, թէ ի՛նչպէս դեւերը կը հնազանդէին իրենց, Տէրը Հոգիով ուրախացաւ (Ղկ 10.21):
      • ἀγαλλιάω [agalliao /ag·al·lee·ah·o/] «այալիաօ», որ կը նշանակէ, գերազանց ուրախութիւն, անչափ ուրախութիւն, որուն պատճառով ուրախութենէն ցատկեց (Enhanced Strong’s Lexicon):
      • Իրմէ ետք գալիք ղեկավարութիւնը տեսնելու եւ անոր համար տրուած վկայութեան նշան մըն էր ուրախութիւնը, որովհետեւ անոնք պիտի ընէին ինչ որ Ինք ըրաւ եւ աւելին ալ (Յհ 14.12):

Ղեկավարին Մեծագոյն Պարտաւորութիւնը

  1. Իսկական Ղեկավարին մեծագոյն պարտաւորութիւնը իր աւանդը յաջորդ սերունդին փոխանցելն է:
  2. Իսկական առաջնորդները կը գիտնան, թէ ամէն դիրք ժամանակաւոր է:
  3. Ղեկավարին յաջողութիւնը կը չափուի իրեն յաջորդողին յաջողութեամբ:
    • Այդ պատճառով, ան հսկելու է անոր կեանքին բոլոր մանրամասնութիւններուն՝ հոգեւոր, նկարագրային եւ բարոյական:
  4. Ղեկավարին յաջողութիւնը նաեւ կը չափուի երբ իր բացակայութեան ժողովուրդը կը շարունակէ:
    1. Երբ դուն բացակայ ես եւ անոնք լաւ ձեւով կը պաշտեն զԱստուած՝ լաւ է:
    2. Երբ ամէն ինչ առանց քեզի լաւ կ'ընթանայ՝ լաւ է:
    3. Լաւ ղեկավարը կ'աշխատի, որ ինք երթայ եւ իր պաշտօնը յանձնէ յաջորդ սերունդին:
      • Տէր Յիսուս լաւագոյն ղեկավարն էր, որովհետեւ Ինք գնաց:
      • Տէր Յիսուս արձակեց 11 հոգի: 120 հոգի էին վերնատան մէջ, իսկ 3000 հոգի եղան Պենտեկոստէէն ետք եւ ապա՝ 5000: Հիմա 2.5 միլիառէն աւելի են, եւ Ան հոս չէ ալ: Ան լաւագոյն ղեկավարն է:

Ղեկավարութեան Մրցավազքը (The Relay Race)

Ղեկավարութիւնը արագ վազք չէ, հապա երկար մրցավազք, ուր քու վազքդ ուրիշը պիտի շարունակէ եւ վերջացնէ: Մրցանակը շահիլը միայն քու լաւ վազելուդ հետ կապուած չէ, այլ՝ յաջող կերպով քու յաջորդիդ փոխանցելուդ:

  • Այս մրցավազքին ընթացքին կայ տեղ մը, որ կը կոչուի փոխանցելու տեղ, ուր պէտք է «պաթոն»ը կամ գաւազանը փոխանցել ուրիշին, այլապէս խումբը կը պարտուի:
    1. Ես աւելի մտահոգ եմ, թէ ինձմէ ետք որո՞ւ պիտի անցնի գաւազանը «պաթոն»ը:
    2. Վստահաբար պիտի հսկեմ, որ չանցնի մէկու մը, որ վարպետ է ծախելու Աստուծոյ գործը:
      • Այսինքն՝ մէկը որ միշտ անտեսած է տեսիլքը եւ բնաւ չէ տեսած կամ ընդունած տեսիլքը որպէս իր սեփականը:
    3. Ուրեմն, քու շահած գիտելիքներդ որո՞ւ կը սորվեցնես: Փորձառութիւններդ որո՞ւ հետ կը բաժնեկցիս, նեռարեալ քու տկարութիւններդ եւ սխալներդ:
      • Առաջարկենք յարմար անձերու՝ «Եկո՛ւր, հետս մէկ կամ երկու տարի հետս մնա՛: Սորվեցնեմ, մարզեմ եւ դաստիարակեմ քեզ»:
      • Տէր Յիսուս ըսաւ Պետրոսին եւ աշակերտներուն. «ձեզ մարդու որսորդ պիտի ընեմ»: Ան անոնց կարծես կ'ըսէր՝ «մարզեմ եւ դաստիարակեմ, որպէսզի ինձմէ լաւ ըլլաք»: Աշակերտները Յիսուսի հետ մնացին:

Քու Յաջորդդ Գտնելու Գաղտնիքը

  1. Ղեկավարին առաջին նպատակը շատ հետեւորդ ունենալը պէտք չէ ըլլայ, այլ՝ առաջնորդ պատրաստելը:
  2. Իսկական եւ յաջողակ առաջնորդութիւնը կը չափուի, իր հետեւորդներուն իրեն պէտքը քիչ զգալնէն: (Առանց «մանուբուլէյդ» ընելով շահելու: Եթէ միշտ քեզի տեսնել ուզեն, դուն ձախողութիւն ես):
  3. Տէրը իր աշակերտներուն եւ մարդոց ըսաւ. «Մինչեւ ե՞րբ ձեզի հետ պիտի ըլլամ ...» (Մտ 17.16):
  4. Բարձրագոյն մակարդակի ղեկավարութեան չափը կ'երեւի ժողովուրդը ձգելով հեռանալու կարողութեան (յաջողելուն) մէջ:
  5. Իսկական ղեկավարութիւնը այն է, որ ղեկավարը ինքզինք անպէտք կը դարձնէ: Իր պաշտօնէն ելլելու եւ զայն ուրիշին՝ յաջորդին տալու նպատակով: Որովհետեւ լաւ ղեկավարը իրմէ լաւ ղեկավարներ կը բարձրացնէ:
  6. Դուն յաջող ղեկավար ես, երբ քու հետեւորդներդ ուրիշները առաջնորդել գիտեն:

Հետեւաբար, քու առաջին գործդ հարազատ, ճիշդ եւ յարմար անձը գտնել, զայն մարզելն ու դաստիարակելն է:

Ղեկավարներ Բարձրացնել

(Մտ 10.24-25) « 24 Աշակերտը իր ուսուցիչէն գերիվեր չէ, ոչ ալ ծառան՝ իր տիրոջմէն: 25 Հերիք է աշակերտին, որ իր ուսուցիչին պէս ըլլայ, եւ ծառային՝ իր տիրոջ պէս: Եթէ տանտէրը Բէեղզեբուղ կոչեցին, հարկաւ նոյնը աւելիով պիտի ըսեն անոր ընտանիքի անդամներուն»:

  • Իսկական ղեկավարները կրնան հետեւորդները ընել իրենց չափ կամ իրենց պէս:

Փտտածութեան Պատճառը (The reason of corruption)

  • Երրորդ աշխարհի երկիրներուն ձախողութիւնը կու գայ այն իրականութենէն, որ անոնք չեն սորվեցներ իրենց գաղտնիքները:
    • Օրինակ ՝ շաքարեղէք կու տան, բայց չեն սորվեցներ ինչպէս շաքար հանեն:
  • Ինչո՞ւ առաջնորդները մեծ տարիքով (75, 80, 90) տակաւին գահին նստած կ'ըլլան:
    • Յաջորդ չեն պատրաստեր եւ գաղտնիքները չեն սորվեցներ:
    • Առաջնորդներ չեն բարձրացներ, որպէսզի առանձին մնան: (ասիկա չշփոթել անհնազանդները պաշտօնէն դադրեցնելուն հետ):

Դիրքի Յաջորդութեան Վեց Գաղտնիքները

  1. Քու մեկնիլդ ծրագրէ ծառայութեան սկսած օրէդ (Ոչ ծուլութեամբ):
  2. Ղեկավարին յաջողութեան չափը կապուած է լաւ վերջաւորութենէն:
  3. Առաջնորդ մարզելը յաջող Ղեկավարութեան անխուսափելի գործն է:
  4. Երբ ժամանակը հասնի, առաջնորդները պէտք է հասկնան, թէ իրենց դիրքը պէտք է ուրիշին ձգեն (յանձնեն), փոխանցեն:
  5. Երբ առաջնորդները իրենց ժամանակէն աւելի երկար մնան, կործանումի պատճառ կ'ըլլան: Պէտք է ջահը անցընեն ուրիշին:
  6. Քու յաջորդդ ապագային համար լաւագոյն նուէրն է:

Յաջորդդ Չընտրելու Վեց Սկզբունքներ

  1. Մի՛ ընտրեր մէկը, որ քու տեսիլքդ կը սիրէ:
  2. Մի՛ ընտրեր մէկը, որ քու պարգեւդ կը սիրէ:
  3. Մի՛ ընտրեր մէկը, որ քու ունեցածդ կ'ուզէ: (օծութիւնդ, ազդեցութիւնդ եւլն):
  4. Մի՛ ընտրեր մէկը, որ քու զօրութիւնդ կ'ուզէ:
  5. Մի՛ ընտրեր մէկը, որ քու իշխանութիւնդ եւ մեծութիւնդ կ'ուզէ:
  6. Մի՛ ընտրեր մէկը, որ կը կարծէ, թէ քեզմէ աւելի իմաստուն է (կոչումին, տեսիլքին եւ ծառայութեան մարզին հետ կապուած):

Կան մարդիկ, որոնք կ'ապրին այն համոզումով, թէ քեզմէ խելացի են եւ պիտի ուզեն քեզի եւ բոլորին յայտնել՝ ձեւով մը, թէ կ'ուզեն սրբագրել քեզ: Այդ անձերը յաջորդդ ըլլալու համար շատ վտանգաւոր են:

Վստահ որ շուարեցար: Որովհետեւ ամէն սկզբունք, որ սորված ես՝ քանդուեցաւ եւ անոնց հակառակը ըսուեցաւ:

Սկզբունքներ, Որոնք Կը Հաստատեն Յաջորդը

Յհ 21.15-18 « 15 Ուտելէ ետք, Յիսուս ըսաւ Սիմոն Պետրոսի.
- Սիմո՛ն, Յովնանի՛ որդի, կը սիրե՞ս զիս ասոնցմէ աւելի:
- Այո՛, *Տէ՛ր,- պատասխանեց ան,- դուն գիտես որ կը սիրեմ քեզ:
- Արածէ՛ իմ գառնուկներս,- ըսաւ Յիսուս անոր:
16 Եւ դարձեալ հարցուց.
- Սիմո՛ն, Յովնանի՛ Որդի, կը սիրե՞ս զիս:
- Այո՛ Տէ՜ր,- պատասխանեց ան,- դուն գիտես որ կը սիրեմ քեզ:
- Արածէ՛ իմ ոչխարներս,- ըսաւ Յիսուս անոր: 17 Եւ երրորդ անգամ հարցուց.
- Սիմո՛ն, Յովնանի՛ որդի, կը սիրե՞ս զիս:
Պետրոս տրտմեցաւ որ երեք անգամ հարցուց իրեն՝ «կը սիրե՞ս զիս», եւ ըսաւ անոր.
- Տէ՛ր, դուն ամէն ինչ գիտես, եւ գիտես թէ կը սիրեմ քեզ:
18 Յիսուս ըսաւ անոր.
- Արածէ՛ իմ ոչխարներս:
Եւ աւելցուց.
- Լաւ գիտցիր, որ երբ երիտասարդ էիր՝ քու ձեռքովդ կը կապէիր գօտիդ եւ կ’երթայիր ո՛ւր որ կ’ուզէիր: Բայց երբ ծերանաս, ձեռքդ վեր պիտի բարձրացնես եւ ուրիշներ պիտի կապեն գօտիդ ու տանին հոն՝ ուր դուն չես ուզեր երթալ:

  • Վերը յիշուածներէն ո՞ր ձեւը որդեգրեց Տէր Յիսուս: Ո՛չ մէկը:
  • Քեզի յաջորդող ղեկավարը ան է, որ քե՛զ կը սիրէ, եւ ոչ թէ տեսիլքդ, դրամդ, ուժդ, իշխանութիւնդ, եւայլն:
    • Սկզբունքները օգտակար են, միայն երբ նախ քեզ կը սիրէ:
  • Ընտրէ՛ մէկը, որ կը սիրէ քեզ եւ պատրաստ է քեզ եւ քու առաքելութիւնդ պահպանելու ամէն գնով: Պատրաստ է մեռնելու քեզի համար: Պատրաստ է վտանգ յանձն առնելու քեզի համար եւ քու նպատակիդ շահ բերելու համար:

Սիրելով Յաջորդելու Զօրութիւնը

  1. Ով որ կը սիրէ քեզ, կը սիրէ ԱՆ որ կը սիրես
  2. Ով որ կը սիրէ քեզ, կը սիրէ ԻՆՉ որ կը սիրես

Այդ պատճառով, ով որ քեզ ՉԻ՛ ՍԻՐԵՐ.

  • Կը սկսի քանդել ըրածներդ:

 

Նախորդ Հրապարակում 04 - Ժամանակը Ծրագրելու Կարևորութիւնը
Յաջորդ Հրապարակում 04 - Ժամանակը Ծրագրելու Կարևորութիւնը