Պէտք է հասկնանք

  1. Պատրաստուելու սկզբունքը եւ
  2. Ռազմավարական մտածումը:

Կեանքի երկու ուժերը

Կեանքի երկու գործօն ուժերն են.

  • Ժամանակը եւ Փոփոխութիւնը:

Այս կեանքը եւ ընթացքը չես կրնար փոխել.

  1. Չես կրնար կեցնել կամ կառավարել Ժամանակը եւ Փոփոխութիւնները:
  2. Կեանքի ընթացքին ամենադժուար երկու բաղադրիչները (բաները) ժամանակն ու փոփոխութիւնները կառավարելն է:

Մենք Մե՛ր Կեանքին Պտուղն Ենք

  • Ինչ ձեւով, որ կը գործածենք մեր ժամանակը ճիշդ այդպէս ենք մենք:
  • Մեր բուն ինքնութիւնը կախեալ է մեր ժամանակներն ու կատարուած փոփոխութիւնները կառավարելէն:
  • Մեր ապագայի յաջողութիւնը նորէն կապուած է ժամանակն ու փոփոխութիւնները լաւ կառավարելու հետ:

Ժամանակները Ունին Երկու Տարբեր Ընթացքներ
«Քրոնօ եւ Քէրոս»

Քրոնօ

Քրոնօն Ժամացոյց եւ օրացոյց է, կը չափուի եւ գուշակելի է:

Անգլերէնով chronology, chronic եւ chronicle բառը եկած է Յունարէն «քրոն» բառէն:
«Քրոնօ» բառը բառացիօրէն կը նշանակէ կամ կը բացատրէ «շարժում»: Ակնարկութիւն է ֆիզիքականի եւ կապուած է քանակի (Պալզ եւ Շնայտըր, 1990-1993):

  • Նոր Կտակարանին մէջ «քրոնօ» բառը ակնարկութիւն է ժամանակի ընթացքին (շրջելուն), բայց նաեւ կը գործածուի մատնանշելու յատուկ ժամանակ մը (Քիթել եւ Ֆրէյտրիչ, 1946-1976):

«Քրոնօ»ն կը վերաբերի ժամանակին մէջ կատարուած գործին.

  • Աւանդական եկեղեցին «Քրոնօ»-ի մէջ ծիսական կեանք կը վարէ, բայց Սուրբ Հոգիին ուղղակի միջամտութիւնը, փորձառութիւնը եւ որակը չի՛ վայելեր:
  • «Քրոնօ»ն սահմանափակուած է սովորական չափերով, բայց «Քայրոս»ը նկատի կ'առնէ ձեռկնարկներ (յատուկ ժամանակի մը մէջ):

Քէրոս

Քէրոսը փորձառութիւն մը յառաջ բերող ժամանակն է, որ չի կրկնուիր եւ անգուշակելի է:

  • Հին լեզուական ձեւով «Քերոս» կը նշանակէ, «որոշակի կամ կարեւոր տեղ կամ կէտ»:
    • Օրինակի համար, (Քիթել եւ Ֆրէյտրիչ, էջ 455-464), երբ կ'ըսուի, «ժամանակը գիտցիր», կը նշանակէ՝ իմացիր կեանքիդ վտանգաւոր ժամանակը, իմացիր որ լուծումի եւ որոշումի կը կարօտի, իմացիր, թէ ի՛նչն է ճիշդ որոշումը եւ ինքզինքդ մարզէ՛, որպէսզի կեանքիդ մէջ գտնուող նոյնանման վտանգաւոր բաները տեսնես եւ ըստ պէտքին լուծում ընես:

«Քէրոս»ը կը վերաբերի ժամանակին մէջ կատարուած գործին որակին:

http://www.fireflyimageworks.com/blog/wp-content/uploads/2009/11/kairos-diagram.jpg

Օրինակի համար

  • Թագաւորի մը իշխելու ժամանակամիջոցը
  • Մէկու մը հետ սիրահարելու ժամանակը
  • Եկեղեցիին հանդիպիլը` սրահին մէջ:
    • Կը նկատենք, որ ժամանակի մը մէջ կատարուող սահմանափակ բանի մը մասին չէ՛ խօսքը (ինչպէս ժամի, օրի, շաբաթի եւ տարիի) հապա, կը խօսի ժամանակին մէջ կատարուած փորձառութեան մասին:
      • «Յովհաննէսին մատնուելէն յետոյ Յիսուս Գալիլիա գալով, Աստուծոյ արքայութեան աւետարանը կը քարոզէր» (Մր 1.14):
      • «Հապա իմաստուններու պէս: ժամանակը ծախու առէք, վասնզի օրերս չար են» (Եփ 5.16):
  • Երբ կ'աղօթենք, որ երկրի վրայ խաղաղութիւն ըլլայ, խօսած չենք ըլլար ժամանակի մասին, հապա կեանքի որակի մը մասին: Օրինակ՝ Առ 15.23-ը, «Մարդ իր բերնին պատասխանովը կ'ուրախանայ: Ճիշդ ժամուն ըսուած խօսքը որչա՜փ գեղեցիկ է»: «Ճիշդ ժամուն» ըսելով՝ ժամանակի մասին չի խօսիր, այլ կը խօսի ըսուած խօսքին որակին մասին:
  • «Քէրոս»ի եւ «Քրոնօ»ի միջեւ զանազանութիւնը ճանչնալու համար ուրիշ օրինակ մը առնենք՝ ծովու ալիքներուն ընթացքը եւ օդն ու եղանակները:
    • Ծովերը ունին ձեւ, բայց կը մնան անգուշակելի եւ առանց օրինաւոր ընթացքի կամ նոյն կերպով կրկնուող եղանակի:
      • Ատեն-ատեն ծովը հանդարտ է, ուրիշ ատեններ՝ ալեկոծ:
      • Արդիական բոլոր միջոցները ունենալով հանդերձ «թսունամի»-ին «tsunami» պատահելու ժամը կը մնայ անգուշակելի:
    • Իսկ արեւը կը յայտնէ ժամը, լուսինը՝ օրերը, աստղերը՝ տարիները:
      • Երբ երկինքի զարդերուն ընթացքին հետեւինք, կը հասկնանք եղանակները՝ «Քրոնօ»-ն: Իսկ ծովուն ընթացքը կը յայտնէ մեզի «Քէրոս» եղանակը:

«Քէրոսի» Օրինակներ

«Քէրոս»ի փորձառութիւնը կեանքի նոր մակարդակներ են.

  • Ծնունդէն մինչեւ ալեւորութիւն, բոլոր հանգրուանները
  • Կեանքը լեցուն է տեսակաւոր եղանակներով.
    • Խօսքկապէն՝ ամուսնութիւն
    • Յղութենէն՝ ծննդաբերութիւն
    • Աճման հանգրուանէն՝ վիշտ

Պէտք չէ այս ժամանակները իրարու խառնուած ապրինք: Իրարու խառնելը մեզի չի տար գիտութիւնը, փափաքը եւ մղումը ապրելու վաղուան օրուան յաջողութեան համար:

Եբրայերէնով ժամանակ բառը, աւելի քան ժամանակագրութեան, ակնարկութիւն է եղանակի կամ առիթներու:

Պէտք է իմանալ, թէ

  • Կեանքը հաւասարակշիռ, ուղիղ կամ միաձեւ չէ:
  • Կեանքը, գործը, եկեղեցին յառաջ կ'երթան եւ կը շարժին տատանելով, թրթռալով եւ տրոփելով:
  • Լաւ եւ առողջ անձը ինքզինք պիտի դնէ ստեղծուած եւ կանխորոշուած եղանակին հետ ներդաշնակութեան մէջ:
    • Ելք 36.1 «Այն ատեն Բեսելիէլն ու Ոողիաբը եւ ամէն սրտով իմաստուն եղողը, որոնց որ Տէրը իմաստութիւն ու հանճար տուաւ սրբարանին պաշտամունքին գործերը ընելու եղանակը գիտնալու համար, Տէրոջը բոլոր պատուիրածին պէս գործեցին»:

Լաւ կեանք մը ձեռք բերելու համար, պէտք է ժամանակները ճանչնալու իմաստութիւնը ունենալ եւ հաւատքով ընդունիլ, որ մեր կեանքը Անոր ձեռքերուն մէջ ապահով է (տե՛ս Սղ 31.15) «Իմ ժամանակներս քու ձեռքդ են. փրկէ՛ զիս թշնամիներուս ձեռքէն ու զիս հալածողներէն»:

Աստուածաբանական Դիտանկիւնը

Աստուած ստեղծեց տիեզերքը եւ անոր մէջ գտնուող բոլոր բաները: Աստուած ստեղծեց արեւը, լուսինը եւ աստղերը, ժամանակներու եւ եղանակներուն համար:
Աստուած մարդը ստեղծեց Իր պատկերին նմանութեամբ ... ժամանակին մէջ:

Մենք կեանքի ալիքներուն վրայ կ'ելլենք, սակայն ինչքան լողալ սորվինք՝ այդքան ապահով կը մնանք (հմմտ Մտ 7.24) « 24 Ուրեմն, ով որ իմ այս խօսքերս կը լսէ եւ կը գործադրէ զանոնք, պիտի նմանի այն իմաստուն մարդուն, որ իր տունը ժայռի վրայ կը շինէ»:

Երբ բնական եղանակներուն եւ հոսանքին հակառակ կ'ապրինք, կը յոգնինք եւ կը սպառինք:
Երբ մեր կեանքերը ճիշդ եղանակին մէջ ուղենք, շատ մեծ հանգիստ կը գտնենք, ճիշդ ինչպէս Աստուած իւրաքանչիւր եղանակի պտուղը տուած է, որպէսզի մեր առողջութիւնը հաւասառակշռուած պահենք:

«ՔէՐՈՍ» «ՔՐՈՆՕ»
Փորձուած ժամանակ Չափուած ժամանակ
Ժամանակի որակ Ժամանակի քանակ
Ջերմ (սիրտի) ժամեր Ժամացոյց եւ օրացոյց
Գիծ (Linear) Շրջուն
Նոր ծագում (բանի) Նորէն (կրկնուելով) երեւցող
Անգուշակելի ճամբաներ Գուշակելի ճամբաներ
Յատուկ Միաձեւ
Յառաջդիմական Տատանող
Կեանքի ընթացք Սիրտի զարկի պէս
Փոխուող՝ սիմֆօնի եղանակ Երգի մը չափին պէս
Յոյս Ծիսական
Առիթ Քայլ առ քայլ
Մասնակցութիւն եւ ակնկալութիւն Աւանդութիւն
Նորանշան երեւոյթներ՝ ժամանակի մէջ Կարգ-կանոնով, շրջուն սկզբունքով ընթացք

 

Երբ «Քրոնօ» եւ «Քէրոս» եղանակներուն (Rhythm) տարբերութիւնը փորձառաբար գիտնաս եւ իրարմէ զանազանելով իւրաքանչիւրը իր ժամանակին համաձայն ապրիս, դուն աւելի զօրաւոր պիտի ըլլաս: Անշուշտ «Քէրոս»-ի ռազմավարութիւնը գործադրելու համար, պէտք է նախ իմանաս, թէ ո՞ր ժամանակին մէջն ես այսօր:

Դուն Ժամանակդ Կառավարելուն Արտադրութիւնն Ես:

Տասը տարի վերջ ըլլալիքը կախեալ է ժամանակը գործածելու ձեւէդ

Ժամանակը մեզի տրուած է Աստուծմէ որպէս նուէր:

  • Տրուած է, որպէսզի անոր մէջ բան մը ընենք եւ փոփոխութիւն բերենք:
  • Ուրեմն ժամանակին վրայ իշխանութիւն չունենալը եւ անոր շարունակուիլը՝ անցնիլը, ինքնաբերաբար մեզ հաշուետու կ'ընէ Աստուծոյ (Մայլզ կ'ըսէ, թէ իր ներշնչումն է ասիկա):
  • Հարցուր դուն քեզի: Ի՞նչ ըրի ես այս տարի, ի՞նչքան ժամանակ վատնեցի օրինակ հեռատեսիլ դիտելով, սխալ մարդոց հետ, կամ սովորութիւններով, որոնք մարմինիս եւ կեանքիս համար անօգուտ են:

(Յոբ 14.5) «Անոր օրերը որոշուած են, անոր ամիսներուն թիւը քու քովդ է. Դուն անոր սահման դրիր ու անիկա չի կրնար անդին անցնիլ»: Մարդուն կեանքը իր ձեռքը չէ, ինք չ'որոշեր: Այդ կեանքը անոր տրուած է Տիրոջմով: Այս համարը կ'ըսէ, թէ սահմաններ կան, որոնք չես կրնար անտեսել:

  • Տարիքոտ ըլլալը օրհնութիւն չէ, այլ ժամանակը լաւ կառավարած ըլլալն է:
  • Տէր Յիսուս երեսուներեք տարեկանին մեռաւ, բայց օրհնուած էր, որովհետեւ Ան Իր ժամանակը լեցուց: Ասոր մասին Ան ըսաւ. «կատարուեցաւ»:
    • Ան ժամանակը կը գործածէր իրեն տրուած պաշտօնը կատարելով:
    • Գիտէ՞ք ինչու միայն Տիրոջ ինծի տուած գործը ընել կը մտածեմ: Որովհետեւ ի՛նչ որ կ'ընեմ ատիկա շահ է ինծի: «Չեմ ուզեր մեռնիլ եւ փափաքիլ բաներ, որոնց համար պիտի ըսեմ՝ երանի թէ ըրած ըլլայի»: Հապա Պօղոս առաքեալի պէս ըսեմ. «... կեանքիս ընթացքը աւարտեցի» (Բ.Տմ 4.7):
    • Մենք աշխարհի վրայ կ'ապրինք՝ մեր ժամանակը Տիրոջմով ընթացքի մէջ դնելու համար:

Ի՞նչպէս Կը Կառավարես Ժամանակդ

Ամէն «Նոր Տարի» մեր կեանքի գիրքին մէջ նոր գլուխ մըն է, եւ ցոյց կու տայ, թէ ի՞նչպէս կառավարած ես ժամանակդ ու փոփոխութիւնները:

  • Ժամանակը եւ փոփոխութիւնները չես կրնար որոշել կամ փոխել. անոնք քու կեանքդ կը շինեն:
    • Հարց տուր, ի՞նչ ըրիր այս տարի:
    • Հին տարին գոցեցիր եւ նորը սկսար:
      • Մեծ խանդավառութեամբ կը նայիս եւ կը սպասես Նոր Տարուան, բայց ի՞նչ ըրիր հինին մէջ: Քննեցի՞ր դուն քեզի:

Ժամանակն ու փոփոխութիւնը կեանքիդ չմշակուած նիւթերն են եւ քու աւանդդ (պատմութիւնդ) շինող քարերն են:

Դուն քու քսանչորս ժամդ գործածելուդ որակին պտուղն ես:

  • Ուրեմն ամէն տարի նոր առիթ մըն է, որ դուն լաւանաս եւ սկսիս լաւ կերպով կառավարել կեանքդ:
    • Խօսէ՛ քու կեանքիդ համար:
      • Ըսէ՛. «Այս տարի .... յաջող պիտի ըլլամ»:
      • Ժամավաճառ պիտի չըլլամ:

Աստուած Ի՞նչպէս Ստեղծեց Ժամանակը

Ան ստեղծեց ժամանակը: «... որպէսզի ցորեկը գիշերէն զատեն եւ նշաններու ու ատեններու եւ օրերու ու տարիներու համար ըլլան» (Ծն 1.14-45):
Աստուած լոյսը ըրաւ ժամանակներու համար եւ հոն ապրելու կեանք տուաւ մեզի: Եւ ապա քեզ ստեղծեց Իր նմանութիւնովը եւ դրաւ, որ ժամանակին մէջ ապրիս, թէեւ Ան ժամանակին մէջ չի բնակիր:

  • Ան կ'ապրի յաւիտենականութեան մէջ: Ասիկա վտանգաւոր բան մըն է: Եթէ Աստուած քեզի խօսի եւ ըսէ. «վաղը», կրնայ ատիկա հազար տարի ըլլալ (նշանակել):
    • Պէտք է շատ համբերատար ըլլանք Աստուծոյ խոստումներուն համար:
    • Ան կը խօսի յաւիտենականութենէն, որպէսզի մենք ժամանակին մէջ տարածենք Իր Թագաւորութիւնը: Մենք Իր Թագաւորութիւնը ժամանակի մէջ բերողներն ենք:
      • Ան մեզ դրաւ ժամանակին մէջ, որպէսզի աներեւոյթը եւ յաւիտենականը բերենք ժամանակին մէջ:

Գիտենք, թէ եթէ մեր կեանքը յաւիտենական ըլլար, լուրջ դժուար պիտի ըլլար:

  • Ամէն ինչ յաւիտենական պիտի ըլլար:
  • Գլխուդ ցաւը յաւիտեան պիտի մնար:
  • Սխալներդ յաւիտեան պիտի մնային:
  • Արուսեակը յաւիտենական որոշում առաւ Աստուծոյ դէմ:

Աստուած մեզ օրհնեց մեզ ժամանակի մէջ դնելով, որպէսզի մենք կարենանք ըսել. «Ցաւս երեկ էր»:
Ժամանակը կ'արտօնէ, որ ձերբազատուիս անցեալէն եւ ատիկա անցեալ նկատուի, անցեալի պատմութիւն ըլլայ, բայց դուն նորը ապրիս՝ նոր ժամանակը, նոր գլուխը, նոր օրը:

Հետեւաբար, պէտք չէ բռնուիլ որեւէ բանի, որ անցած է՝ բարկութիւն, վէրք, ցաւ, որովհետեւ ժամանակը արդէն մաքրեց այդ բաները:
Եթէ դուն տակաւին կը զգաս ցաւ, բարկութիւն, լարուածութիւն եւայլն, կը զգաս միայն որովհետեւ դուն քեզի համոզած ես ապրելու անցեալիդ մէջ: Հետեւաբար այդ բաները անցեալէդ կը բերես եւ ներկադ անոր հիման վրայ կ'ապրիս:
Դուն կրնաս մէկ վայրկեան առաջ պատահածին համար ըսել՝ «Անցեալ տարի էր, անցեալ օր էր» եւ ատիկա ճիշդ է:

  • Հետեւաբար ըսէ. «Այս նոր տարին, նոր օրը, նոր ժամանակը ես յաջող, ուրախ, լաւ պիտի ըլլամ Աստուծոյ շնորհիւ»:

Մենք ինչքա՜ն ուրախ պէտք է ըլլանք, որ Աստուած մեր ամէն օրուան հացը կու տայ եւ ոչ թէ ամսականը:
Ամէն օր նորը կու տայ եւ չ'ուզեր, որ մենք մեզ մեր անցեալով նորոգենք եւ մեր հինը բերենք եւ անով նոր օր, ժամանակ կամ վիճակ ապրինք:

  • Ես եւ դուն կրնանք անցեալին կամ ներկայիս ձախողած եւ նիւթականով կոտրուած ըլլալ, կամ կրնայ պատահիլ, որ ապագային կոտրուինք: Բայց մէկ բան յստակ է, թէ ատիկա յաւիտեան պիտի չի մնայ:

Հոգեւոր Արարածներ

Դուն Հոգեւո՛ր արարած ես եւ ո՛չ թէ մարմնաւոր: Քու ծագումդ թէեւ երկրի վրայ երկրաւոր վրանի պէս այս մարմինին մէջ է, բայց դուն երկնաւոր ես:

  • Պէտք է փորձառութիւն շահելով այս ճշմարտութիւնը ըմբռնես: Դուն Ֆիզիքական՝ մարմնաւոր անձ մը չես, որ կ'ուզես հոգեւոր փորձառութիւն ունենալ:
  • Դուն հոգեւոր էակ ես, կ'ունենաս ֆիզիքական՝ մարմնաւոր փորձառութիւններ:
    • Փորձառութիւնները ֆիզիքականդ՝ մարմինդ եւ շունչդ է, որ կը շահին եւդուն կը զգաս, եւ ո՛չ թէ քու բուն հոգեւոր անձդ:

Ես եւ դուն հոգեւոր էակներ ենք: Ղրկուած ենք, որ մարմինին մէջ ապրելով՝ ժամանակին մէջ մեզի տրուած պարտականութիւնը ընենք:

Նոր Ժամանակը Նոր Առիթ է

Նոր տարուան եւ նոր ժամանակներուն առաւելութիւնները

  • Կրնաս անցեալի սխալները ճշդել:
  • Վերանայիլ տեսիլքիդ, նորէն ծրագրել եւ կազմակերպել կեանքդ:

Կրնաս Վերասահմանել քու

  • Առաջնահերթութիւններդ
  • Նպատակներդ
  • Տեսիլքդ
  • Նպատակակէտդ
  • Անցեալդ
  • Ծրագրել ապագադ, տարբեր անցեալէն

Ուրեմն կեանքի գաղտնիքը, ազդու կերպող ժամանակը եւ փոփոխութիւնները կազմակերպելն է: Թէեւ չես կրնար ժամանակը զսպել, անոր վրայ իշխել, բայց կրնաս անոր մէջ կազմակերպուած եւ ծրագրուած կեանք մը ապրիլ:

Ժամանակը Միայն Կը Կառավարուի Ծրագրելով (Planning)

Պօղոս կռփամարտիկի մը պէս կը մրցէր, ոչ թէ օդը ծեծելով (Ա.Կր 9.26-27). « 26 Ես այսպէս կը վազեմ, ահա, եւ ո՛չ թէ անորոշ ուղղութեամբ. կը մրցիմ կռփամարտիկի մը պէս, որ օդը չի ծեծեր: 27 Բայց ինքզինքս սեղմումներու կ’ենթարկեմ ու կը զսպեմ, որպէսզի չըլլայ թէ ես ինքս մրցանակէն զրկուիմ, ես՝ որ ուրիշներուն կը քարոզեմ»:

  • Եթէ դուն քու ժամանակդ, կեանքդ եւ փոփոխութիւնները չծրագրես եւ մօտէն չհետեւիս կեանքի փոփոխութիւններուն, մէկը կամ պայման մը քու տեղդ պիտի ծրագրէ եւ պիտի կատարէ փոփոխութիւնները, ինչպէս որ ուզէ:
    • Շատեր կը կարծեն, թէ վերջին վայրկեան որոշում առնելը, բանէ մը զիջելով, ուրիշ բան մը ընելը՝ ծրագրել է: Քու օրդ ծրագրէ ... լման:
      • Միակ ձեւը, որ դուն անակնկալ որոշումներ չառնես եւ պարապ ու անիմաստ բաներ չընես, բծախնդրօրէն ծրագրել սորվիլն է:
    • Քու կեանքդ առանց ծրագրելու եւ պէտք եղածը ընելու ապրիլը անհոգութիւն, անտարբերութիւն եւ գործնականի մէջ անհաւատութիւն է:
      • Այդ հանգրուանին աղօթքի դիմողները ընդհանրապէս պատասխան եւ հրաշք չեն ստանար:
      • Ատիկա իր կարգին, ժխտական տոկոսներ կ'աւելցնէ հաւատացեալներուն եւ Աստուծոյ միջեւ գտնուող յարաբերութեան վրայ:
    • Կարելի է ժամանակը ծրագրելով ապրելով, փոփոխութիւնները ի շահ մեզի ըլլան: Հակառակ պարագային, յստակ չէ, թէ ի շահ որո՞ւ պիտի ըլլան:

ՈՒՐԵՄՆ, ՄԵՐ ԱՌՋԵՒ ԿԱՅ ՆՈՐ ԺԱՄԱՆԱԿ ՄԸ

Այդ ժամանակը նոր է: Աստուծմէ ինծի տրուած է, որպէսզի ես կարենամ փոփոխութիւն ունենալ:

  • Ուրեմն՝ հիւանդութիւնը, անգործութիւնը, ընկճուածութիւնը եւայլն, պիտի անցնին եւ ես նոր սկիզբ պիտի ունենամ:
Նախորդ Հրապարակում 03 - Ամենակարևոր Սկզբունքը Ղեկավարութեան
Յաջորդ Հրապարակում 03 - Ամենակարևոր Սկզբունքը Ղեկավարութեան