Եկեղեցին իր վերելքին մէջն էր: Կը բարձրանար սուրբ զաւակներով, զօրութիւնով եւ աշխարհի վրայ մեծ օրհնութիւն ըլլալով:
Նախորդ նիւթին մէջ (Սուրբ Հոգիին Ծրագիրը Եկեղեցին Բարձրացնելու Մէջ (համար)[Եկեղեցին Բարձրացնելու Սուրբ Հոգիին Ծրագիրը]) տեսանք, թէ ի՛նչպէս եօթը ծառայողներ ընտրուեցան՝ կերակուր մատակարարելու համար: Ընտրուածներէն մէկն էր Ստեփանոսը՝ Սուրբ Հոգիով եւ իմաստութեամբ լեցուն մարդ մը, որ նշաններով ու հրաշքներով կը վկայէր Յիսուսի եկեղեցիին մասին:
Ան ճշմարտութիւնը սիրող Աստուծոյ մարդ մըն էր եւ իր առաքելութեան ընթացքին ամէն ձեւով կը փորձէր յայտնել, թէ Յիսուս Քրիստոսը միակ ճշմարիտ Փրկիչն է:
Եկեղեցիին Դէմ Մղուող Հոգեւոր Պատերազմը (Գրծ 6.8-14)
Հակառակորդները Ստեփանոսի հետ կը վիճաբանէին, «բայց չէին կրնար դէմ դնել այն իմաստութեան ու հոգիին, որով ան կը խօսէր» (Գրծ 6.8-10):
Քանի որ Ստեփանոս ճշմարտութեան կառչած էր, Սուրբ Հոգին, Իր նախանձախնդրութեամբ, անոր կեանքին միջոցաւ լուրջ աշխատանք կը տանէր ու եկեղեցին կը բարձրացնէր:
Շատ անգամ մենք կ'ակնկալենք, որ ճնշումը վերջ գտնէ, մինչ մեր կեդրոնացումը Աստուծոյ թագաւորութեան նպատակին իրականացման վրայ պէտք է ըլլայ: Երբ թագաւորութիւնը կը բարձրանայ, մեղքն ու դժուարութիւնը կ'ոչնչանան եւ մենք մեր կարգին կը բարձրանանք:
«Այն ատեն հրապուրեցին քանի մը մարդիկ, որպէսզի ըսեն թէ՝ 'Մենք լսեցինք որ ատիկա հայհոյութիւն կ'ընէր Մովսէսին ու Աստուծոյ'» (11):
Հրապուրեցին բառը բնագիրին մէջ ὑπέβαλον (hypoballō) «հուփովալլօ» («հուփապա՛լօ») բառն է, որ կը նշանակէ՝
- Նետել կամ տակը առնել (Խօսք),
- Մէկու մը մտքին առաջարկ ընել,
- Անձնական եւ գաղտնի ձեւով ուղղել մէկը,
- Դրդել, մղել, գրգռել,
- Ապօրինի կերպով մէկը կաշառել կամ անոր վրայ ազդեցութիւն բանեցնել, որպէսզի սխալ գործ կամ ոճիր ընէ,
- Սուտ վկայութիւն տալու համար ուղղել խօսքով կամ այլ ձեւով:
Հակառակորդները
- (12) գրգռեցին
- (13) «Սուտ վկաներ կայնեցուցին […]»
- (14) ապօրինի կերպով ազդեցին միտքերուն վրայ: Ըսին, թէ Ստեփանոս յայտարարած էր, որ Յիսուս տաճարը պիտի քակէ: (Ժողովուրդին համար ասիկա շատ գայթակղեցուցիչ էր, որովհետեւ իրենց համար Սողոմոնի տաճարը իրենց մշակոյթին, կրօնին եւ կեանքին կեդրոնն էր):
Անդամալուծող Ոգին
«Ատեանը նստողներուն ամէնքը երբ անոր (Ստեփանոսին) նայեցան, անոր երեսը հրեշտակի պէս տեսան» (15), բայց տակաւին թշնամութիւն կը ցուցաբերէին:
Երբ բարի լուրը կը տարածենք, շատ անգամ դիմացինները մեզ շրջապատող մարդիկը լեցուած, զինուած ու կատղած կ'ըլլան սուտ, սխալ եւ անաստուած նիւթերով ... Ասիկա հոգեւոր կեանքը անդամալուծող ոգին է, որ անհաւատներուն միջոցաւ կը գործէ: Անիկա կ'անդամալուծէ աւետարանչութիւնը եւ աճումը:
Մենք շատ անգամ կը լարուինք մերժող մարդոց դէմ, մինչ մեր պարտականութիւնը այդ մարդոց ետին գտնուող անդամալուծող ոգին կոտրել է:
Ճշմարտութիւնը Կը Ծածկուի (Գրծ 7)
(7.1) Անոնք կատարուած հրաշքներուն մասին բան մը չհարցուցին, այլ ըսին՝ «[…] Իրաւցնէ այդ բաները այդպէ՞ս են»:
Ստեփանոս անոնց ներկայացուց փրկութիւնը (7.2-53), բայց «Անոնք այս բաները լսելով՝սրտերնուն մէջ կը կատղէին եւ ակռանին անոր վրայ կը կրճտէին» (54):
Յիսուս՝ Ստեփանոսի համար Կայնած
«Բայց անիկա Սուրբ Հոգիով լեցուած՝ երկինք նայեցաւ եւ տեսաւ Աստուծոյ փառքը ու Յիսուսն ալ, որ Աստուծոյ աջ կողմը նստեր էր եւ ըսաւ. 'Ահա կը տեսնեմ երկինքը բացուած ու Որդին մարդոյ Աստուծոյ աջ կողմէ կայնած'» (Գրծ 7.55):
Այս տեսիլքն ու յայտարարութիւնը ցոյց կու տայ, թէ՝
- Յիսուս Մեսիան՝ Քրիստոսն է (հմմտ Դն 7.13-14):
- Յիսուս երբ երկինք ելաւ՝ նստաւ (Սղ 110.1: Մր 16.19)
- Բայց Ստեփանոսը դիմաւորելու համար ոտքի ելաւ:
Յիսուս նոյն ձեւով կը դիմաւորէ երկրի վրայ կատարուած որեւէ գործ, որ Իրմով կ'ընենք:
Մինչ մենք Աստուծոյ խօսքը կը քարոզենք եւ կը բարձրացնենք զայն, պէտք է մերժենք անդամալուծող ոգին եւ ճանչնանք Քրիստոսով մեր ինքնութիւնը: