Տօնական այս օրերուն կը տեսնենք եւ կ’ապրինք ուրախութեան բոլոր երեւոյթները, որովհետեւ տօն է:

Աշխարհը ծնունդի առթիւ սկսած է ունենալ այնքան գեղեցիկ եւ մարդուն ուշադրութիւնը գրաւող բաներ, որ ընդհանրապէս Ծնունդը կը տօնէ առանց Ծնունդի Տիրոջ:

Ծնունդը՝ իր պատմութեամբ եւ ժամանակակից դէպքերով, կը ներկայացնէ Քրիստոնէութեա՛ն ալ ծնունդը:

Կ’ուզեմ խօսիլ Ծնունդի աստուածաշնչական իմաստին եւ արժէքներուն մասին, որպէսզի ճիշդ կերպով ապրինք մեր կեանքը՝ թէ՛ ֆիզիքական եւ թէ՛ վերստին ծնունդով:

Ծնունդ - Genesis

Սուրբ Գիրքի առաջին գիրքն է: Կը նշանակէ.

  • Սկիզբ, սերունդ
  • Բնական, բնութիւն
  • Ծագում, աղբիւր
  • Ազգաբանութիւն

Ազգաբանութիւնը

Երբ կը կարդանք Մատթէոսի Աւետարանի առաջին գլուխը, կը տեսնենք Յիսուսի ազգաբանութիւնը, որ կը սկսի Աբրահամէն եւ կը հասնի մինչեւ Փրկիչին՝ Յիսուսի ծնունդը:

Կը նկատենք, թէ ազգաբանութեան շարքին մէջ մտած են հեթանոս երկու կիներ՝ Հռութ եւ Ռախաբ:

Այդ կիները կը նկատուին հաւատքի հերոսներ, որոնք ազգաբանութեան շարքէն ներս մտան հաւատքի եւ հաւատարմութեան պատճառով: Կարդա՛ Հռութի Գիրքը ինչպէս նաեւ Յես 2 եւ 6 (Ռախաբ):

Այդ կիները իրենց « ծնունդները» հաւատքի գործով Փրկիչին ազգաբանութեան մէջ մտցուցին: Ատիկա նաեւ օրինակ է հաւատացեալներուն եւ վերստին ծնունդ ստանալով Քրիստոսի Եկեղեցիին մաս կազմողներուն:

Այդ կիներուն ծնունդները ունեցան իւրայատուկ ինքնութիւն, ինչպէս բոլոր հաւատացեալներս կ'ունենանք՝ անկախ մեր անցեալի կարգավիճակէն եւ թերութիւններէն:

Բոլոր մարդիկը հրաւիրուած են Եկեղեցիին կողմէ՝ ապաշխարութեան ճամբով յաւիտենական ազգաբանութեան մէջ մտնելու:

1. Հռութ եւ Ռախաբ

Հռութ եւ Ռախաբ ծնան ազգաբանութեան շարքին մէջ զաւակներ:

2. Մարիամ եւ Յիսուս

Միւս կողմէ Մարիամ, որ լաւագոյն օրինակն է, ծնաւ Յիսուսը:

3. Յիսուս եւ Եկեղեցին

Յիսուսի ազգաբանութեան շարքը եւ նպատակը փոխեցին կացութիւնը եւ շնորհեցին վերստին ծնելով (Յհ 1.12-13) Աստուծոյ հետ հաշտուելու եւ յաւիտենական կեանքի ազգաբանութեան մէջ արձանագրուելու հնարաւորութիւնը:

Վերստին Ծնունդ

Վերստին ծնելով.

1. Յիսուսի մարմինի անդամներն ենք (Եփ 1.23 Ն.Թ.):

  • «[…] Եկեղեցին Քրիստոսի Մարմինն է, ամբողջացումն է Քրիստոսի […]»:

2. Ծնած ենք կեանքի յոյսին համար (Ա.Պտ 1.3-4 Ն.Թ.):

  • «[…] Այն կենդանի յոյսը՝ թէ պիտի ժառանգենք անեղծ, անարատ եւ անթառամ կեանքը […]»:

3. Երկնաքաղաքացի ենք (Եփ 2.19 Ն.Թ.):

  • «[…] Աստուծոյ ժողովուրդին հետ համաքաղաքացի էք եւ Աստուծոյ ընտանիքին հարազատ անդամները»:

4. Նոր արարած (Բ.Կր 5.17 Ն.Թ.) եւ նոր ստեղծագործութիւնն ենք (Եփ 2.10 Ն.Թ.):

  • «Որեւէ մէկը, որ Քրիստոսի միացած է նոր արարած է […]»:
  • «Աստուծոյ նոր ստեղծագործութիւնն ենք մենք […]»:

Թագաւորութիւնը Ընդարձակողներ

1. Սատանային գործունէութեան վերջ դնելու համար (Ա.Յհ 3.8 Ն.Թ.)

  • «[…] Աստուծոյ Որդին աշխարհ եկաւ Սատանային գործունէութեան վերջ դնելու համար»:

2. Խաւարին լոյսի մասին խօսող (Ա.Պտ 2.9 Ն.Թ.)

  • «[…] Ձեր պարտականութիւնն է քարոզել զօրութիւնը անոր՝ որ ձեզ խաւարէն իր սքանչելի լոյսին կանչեց»:

3. Զօրութեամբ (Ա.Յհ 4.4 Ն.Թ.)

  • «[…] Ձեր մէջ եղող Աստուծոյ Հոգին աւելի մեծ է քան Քրիստոսի հակառակորդի հոգին […]»:

4. Մահէն կեանքի (Եփ 1.20 Ն.Թ.)

«Այդ ներգործող զօրութիւնը Աստուած ցոյց տուաւ Քրիստոսի անձին վրայ, զայն մեռելներէն յարուցանելով […]»:

Նախորդ Հրապարակում Վերարթնութեան Տանող Ծնունդը
Յաջորդ Հրապարակում Աստուծոյ Խօսքին Հնազանդելու Զօրութիւնը