Նախորդ գլուխին մէջ (Գրծ 7) Սուրբ Հոգին երեւան հանեց անդամալուծող ոգին ու անոր գործերը եւ զայն վտարեց թագաւորութիւնը ներկայացնող եկեղեցիին մէջէն:
Այս հատուածին մէջ Աստուած հալածանքը կը գործածէ՝ թագաւորութիւնը երկրի վրայ տարածելու եւ ազգերը դարձի բերելու համար: Կը տեսնենք նաեւ, թէ Աստուած կը մերժէ հոգեւոր կաշառքը եւ ամէն դիւային ազդեցութիւն կը կոտրուի:
Մեծ հալածանքը (Գրծ 8.1-3)
«Այն օրը մեծ հալածանք եղաւ Երուսաղէմի մէջ եղող եկեղեցիին դէմ: Առաքեալներէն զատ ամէնքն ալ ցիրուցան եղան Հրէաստանի ու Սամարիայի երկիրներուն մէջ» (1):
«Բայց Սօղոս եկեղեցիին շատ վնաս կու տար, տուները կը մտնէր, այրեր ու կիներ կը քաշէր՝ բանտ դնել կու տար» (3):
Մեծ հալածանքը պատճառ եղաւ, որ բոլորը ցիրուցան ըլլան (բացի առաքեալներէն):
Ազգերը Դարձի Բերող Զօրութիւնը Եկեղեցիին Մէջ (Գրծ 8.4-8)
- Ցիրուցան եղողները խօսքը կը քարոզէին նշաններով ու հրաշքներով (4):
Այս մարդիկը լուրջ դժուարութեան մէջ էին, բայց տակաւին Յիսուսը քարոզեցին: Անոնք կրցան այդ մէկը ընել, որովհետեւ իրենց ինքնութիւնը ճանչցած էին:
Նշենք, որ հալածուողներէն շատեր գացին սամարացիներուն քով: Այդ օրերուն մեծ հակառակութիւն կար հրեաներուն եւ սամարացիներուն միջեւ եւ հրեաները «շուն» կը կոչէին սամարացիները: Հակառակ այդ հակառակութիւններուն, երբ հաւատացեալները սամարացիներուն քով գացին, իրենց ինքնութեան պահանջքը կատարելով քարոզեցին: - Թէեւ Փիլիպպոս խոհարար էր, բայց կը քարոզէր (5). Ժողովուրդը միաբան մտիկ կ'ընէր, (6) որովհետեւ ան հրաշքներով ու նշաններով կը հաստատէր իր խօսքերը. մարդիկ կը բժշկուէին եւ դեւեր կը հալածուէին (7-8):
- Փիլիպպոս քաղաքին մէջ ուրախութեան պատճառ եղաւ (9):
- Երբ Փիլիպպոս քաղաք մտաւ, ժողովուրդը դիւային ուժերու կողմէ բռնուած էր, (9) բայց դեւերը փախան եւ դիւային ազդեցութիւնը կոտրուեցաւ. դիւային խաբկանքներէ ազատագրութիւն տեղի ունեցաւ (Գրծ 8.12: հմմտ Յհ 8.31-32)՝ «Բայց երբ Փիլիպպոսին հաւատացին, որ Աստուծոյ թագաւորութեանը ու Յիսուս Քրիստոսին անունը կը քարոզէր, մկրտուեցան թէ՛ այրեր եւ թէ՛ կիներ»:
- Կախարդութեան անկում տեղի ունեցաւ (13): Սիմոն կախարդը կը զարմանար եւ ինք անգամ մկրտուեցաւ: Բայց լուրջ ապաշխարութիւն չունեցաւ...
- Սուրբ Հոգին բոլորին էր եւ նշաններ կային ամէն տեղի մէջ (Գրծ 8.14-17):
Այս բաժինը մեզի ցոյց կու տայ, թէ Աստուծոյ պարգեւն ու Սուրբ Հոգիին լեցունութիւնը բոլորին համար է, եւ ոչ միայն որոշ մարդոց համար:
Սուրբ Հոգին մերժեց որեւէ զիջում ընել (Գրծ 8.18-24)
Սիմոն կախարդը ուզեց դրամ տալ, որպէսզի ինք եւս իշխանութիւն ունենայ ձեռք դնելու, որպէսզի մարդիկ Սուրբ Հոգին ստանան: Ան ուզեց նուիրումով կատարուելիք Աստուծոյ գործը վաճառականութեամբ ձեռք ձգել, բայց Պետրոս Սուրբ Հոգիով տեսաւ այդ մէկը եւ մերժեց:
Սուրբ Հոգին մերժեց կաշառքը.
- (19-20) եկեղեցիին իշխանութիւնը կարելի չէ դրամով գնել:
- (21) միայն նուիրումով կարելի է ստանալ պարգեւները:
Այսպիսի վարմունքներ անիրաւութենէ ապաշխարել կը պահանջեն (22): Ոչ ոք կրնայ աղօթքով արարքի մը կամ վարմունքի մը հետեւանքները փոխել (24):
Սուրբ Հոգին բացայայտօրէն ցոյց տուաւ, թէ Ինք դիւային ազդեցութիւնները եւ անբարոյ բաները կը վերցնէ, որպէսզի մարդիկ օրհնուին:
Խօսքը կը տարածուէր, մարդիկ կը փրկուէին եւ Թագաւորութիւնը կը մեծնար (Գրծ 8.25): Հալածանքներ կան եւ պիտի ըլլան, բայց ատոնք միջոց են խօսքը քարոզելու: