Երբ կը խօսինք յարութեան մասին, գերբնական միջամտութեան մասին կը խօսինք: Յիսուս կ'ուզէր, որ աշակերտները ասիկա լաւ ճանչնան (Գրծ 1.3) եւ զայն եկող սերունդներուն սորվեցնեն:
Մենք յարութիւն առած ենք եւ կարեւոր է, որ վերի բաները փնտռենք (Կղ 3.1). ճանչնանք Քրիստոսով մեր ունեցած կեանքը եւ վերանորոգուինք ատով:
Յարութիւնը ունի քառասուն սկզբունքներ, զորս պէտք է ճանչնանք մեր առօրեայ կեանքին մէջ, որպէսզի յարութեան ճշմարտութիւնը տիրապետէ եւ պարզապէս պատմական իրադարձութիւն մը չըլլայ: Այս նիւթին մէջ պիտի ուսումնասիրենք այդ 40 սկզբունքներէն եօթն.
1. Յարութիւնը գերբնական է եւ ենթակայ չէ պայմաններուն: Դժուարութեան մէջ, մենք պէտք ունինք գերբնական միջամտութիւնն ու երկնային օրհնութիւնը ակնկալելու (Եփ 1.3):
2. Պէտք է ակնկալենք, որ մինչ յարութեան մասին կը խօսինք՝ սիրտեր ու կեանքեր շարժին (Մտ 28.2),
3. Յարութիւնը ամէն արգելք կը վերցնէ (Մտ 28.2բ),
4. Յարութեան զօրութիւնը կը խաբանէ մահուան եւ դժուարութեան հետ կապ ունեցող ամէն տեսակի բան (Եբր 2.14)
5. Յարութեան զօրութիւնը պատճառ կ'ըլլայ, որ թշնամին մեր առջեւ մեռածի նման իյնայ (Մտ 28.4):
6. Յարութեան զօրութիւնը մեր մէջն է եւ այլեւս թշնամիին իշխանութիւնը մեր վրայ չի տիրեր:
7. Այլեւս թշնամիին կնիքը խաբանուած է եւ մեր կեանքերը Քրիստոսով կնքուած են:
Քրիստոսի յարութեամբ, ոգեղէն պետութիւններն ու իշխանութիւնները զինաթափ եղան (Կղ 2.15): Անոնց խայտառակութիւնը մե՛նք պիտի յայտնենք այսօր, մեր անձերը այս ճշմարտութիւններուն մէջ արթննցնելով: