«Սակայն դուք օծութիւն ունիք Սուրբէն ու ամէն բան գիտէք» (Ա. Յհ 2.20): Աստուածաշունչը կը յայտնէ, թէ մենք գիտենք ամէն բան, զոր պէտք ունինք գիտնալու: Սակայն շատ անգամ ամէն բան մեզի համար յստակ չ'ըլլար:
Սամարացի կինը մերժուած ու մարդոց կողմէ հալածուած կին մըն էր (Յհ 4.9-14): Ան կարգ մը հոգեւոր սկզբունքներէ տեղեակ էր, սակայն այդ հոգեւոր սկզբունքներուն համաձայն չէր ապրեր: Մինչ Յիսուս եկած էր իրեն ջուր տալու, ինք արգելքներով զբաղած էր:
Մինչ Եղիսէ Եղիային ետեւէն կ'երթար, որովհետեւ Սուրբ Հոգին իրեն յայտնած էր, թէ Եղիային օծութիւնը իրեն պէտք էր, մարգարէներու որդիներ անոր գալով կ'ըսէին, թէ Աստուած Եղիան իրմէ պիտի առնէ: Եղիսէ անտեսեց անոնց ըսածները եւ վերջաւորութեան ան Եղիային կրկնապատիկ օծութիւնը առաւ:
Սամարացի կինը եւ մարգարէներուն որդիները արգելքներով զբաղած էին: Մենք եւս շատ անգամ մեր միտքերով զբաղած կ'ըլլանք, մինչ Աստուած մեզի հոգեւոր առաջնորդութիւն կ'ուզէ տալ:
Չապրինք ժամանակաւորին ու տրամաբանականին համաձայն, այլ՝ յաւիտենականին: Երբ Սուրբ Հոգիին հետ մեր յարաբերութիւնը շինենք եւ Աստուծոյ խօսքին ականջ տանք, փոխանակ մարդոց խօսքերուն հետեւինք, պիտի կարենանք գործածել Աստուծմէ մեր ստացածը: