Յիսուս կը զգուշացնէ նիւթապաշտութեան մասին, որովհետեւ ատիկա մեզ գերի կը դարձնէ (Մտ 6.24) եւ կը սկսինք ատոր համաձայն մտածելու ու գործելու:
Կարելի չէ, որ մեր սիրտը նոյն ատեն երկու տէրերու ծառայէ. Կա՛մ Յիսուսը եւ կամ ստացուածքն է մեր տէրը (24):
Կողմնորոշուիլը կապ ունի մեր կամքին հետ եւ ո՛չ պայմաններուն հետ: ԱՆհրաժեշտ է դիրքորոշուիլը, որովհետեւ երբ սխալ տիրոջ ծառայենք, կը սկսինք թշնամիին ազդեցութեան տակ աշխատիլ եւ ատկէ տիրապետուիլ: Ստացուածք փնտռողները կ'իյնան փորձութեան, ոռոգայթի եւ յիմարական ցանկութիւններու մէջ (Ա. Տմ 6.9):
Յիսուս կը պարզէ, թէ թռչունները եւ դաշտի շուշանները, իրենց բնազդին համաձայն, կը վստահին Աստուծոյ իրենց կեանքին համար եւ այդ պատճառով կը վայելեն Աստուծոյ հոգածութիւնը եւ ծառայութիւնը (25): Աստուած կ'ակնկալէ որ մեր ջանքերը կեցնենք եւ իրեն վստահինք:
Յիսուս կ'ակնկալէր որ մարդը վստահի իրեն կեանք տուողին եւ ո՛չ հարստութեան , որ միայն միջոց է կերակուր եւ հագուստ գնելու: Մեր պէտքերուն համար հաւատքով պիտի վստահինք մեզ Ստեղծողին, որ կը հոգայ երկնքի թռչուններուն եւ դաշտի շուշաններուն: Սողոմոն, իր օրերուն Տիրոջ տաճարը շինելու համար միայն երեք միլիառ տոլար ծախսեց, բայց եւ այնպէս երկինքի թռչուններուն եւ դաշտի շուշաններուն պէս չկրցաւ հագնիլ:
Մտահոգութեան յաղթելու համար՝
- Պէտքերուդ համար հաւատքով վստահիլ Աստուծոյ (Մտ 6.30)
- Գիտնալ, թէ Հայրը կը հոգայ իր զաւակներուն (Մտ 6.32):
- Աստուծոյ կամքը առաջին տեղը դնենք, որպէսզի Ան փառաւորուի (33):
Եթէ կը հաւատանք մեր Երկնաւոր Հօր եւ առաջին տեղը կը դնենք զինք, Ան պիտի հոգայ մեր պէտքերուն: