Աստուածաշունչին համաձայն, Տէր Յիսուս կը կատարէ երեք յաղթական մուտքեր.

  1. Յաղթական մուտք դէպի Երուսաղէմ
  2. Յաղթական մուտք դէպի երկինք
  3. Յաղթական մուտք դէպի իւրաքանչիւր հաւատացող սիրտ

Այս երեք մուտքերը երեք հանգրուաններով կ'արտայայտուին Եկեղեցիին մէջ: Յիսուսի յաղթական մուտքը դէպի Երուսաղէմ՝ Եկեղեցիին յոյս կու տայ: Եկեղեցին կը գովերգէ Տիրոջ յաղթութիւնը Սատանային դէմ եւ Եկեղեցին կը փոխակերպուի:
Երբ իւրաքանչիւր հաւատացող սիրտ Քրիստոսը նուիրումով ընդունի ու պաշտէ զԱյն, երկիրը Յիսուսի մուտքով կը դողայ եւ Տիրոջ տաճարը (այսինքն՝ հաւատացեալները) կը մաքրուի (Ա.Կր 6.19):

Նախորդ Հրապարակում Յոյս՝ Աստուծոյ Վրայ - Հովիւ Լեւոն Մոմճեան
Յաջորդ Հրապարակում Տառապանքի Ժամը (Մտ 26.38)