Յարութիւն առնողը տեսնելը եւ յարութեան փորձառութիւնը կարեւոր է, բայց բաւարար չէ, քանի որ թշնամին յարատեւ աշխատանք կը տանի հաւատացեալներուն մէջ սուտ խորհուրդներ արթնցնելու՝ ճիշդ խորհուրդներուն դէմ պատերազմելու համար:
Աշակերտները թէեւ յարութեան լուրը առած էին եւ յարութիւն առնողին հետ ալ ճաշած էին, սակայն տակաւին ունէին շփոթած վիճակ մը: Այդ վիճակը եւ պարապութիւնը կրնայ հանդիպիլ իւրաքանչիւր հաւատացեալի:
Այդ վիճակին մէջ կարեւոր է առիթ տալ Աստուծոյ Խօսքին: Յիսուս Խօսքը գործածեց առաքեալներուն վիճակը ճեղքելու համար (Յհ 21). անոնք արթնցան իրենց շփոթած վիճակէն եւ իրենց կոչումին մէջ վերահաստատուեցան: