Նուիրումէ յառաջ եկած աղօթք մը եւ ծնունդ մը, փոխեցին շատ մը չափանիշներ եւ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը բերին եւ տարածեցին ամենուրէք:
Սամուէլ մարգարէին ծնունդը եւ կեանքը փոխեցին շատ մը չափանիշներ իր օրերուն եւ Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ վերարթնութիւն բերին:
Անշուշտ բոլորս ալ կը փափաքինք նման արթնութիւն մը, եւ այդ պատճառով պէտք է յանձն առնենք բաներ, որոնք կը հասցնեն այդ վիճակին:
Աստուած կ'ուզէ, որ մենք ապրինք Իր լեցունութեան մէջ (Կղ 2.9-10): Ան գիտէ, թէ առանց իրական եւ ողջ ներկայութեան եւ ազդեցութեան մեր հաւատքը կը յաղթուի թշնամիին կողմէ:
Աստուած կ'ուզէ Իր ժողովուրդը իր հաւատքի հիմերուն վերադարձնել եւ Քրիստոնէական փորձառութիւններ վերաշնորհել անոնց:
Աննա, Ցաւը եւ Նուիրումին Պտուղը
- Աննա անունը կը նշանակէ «շնորհք»:
- Աննա Եղկանայի սիրելի կինն էր (տե՛ս Ա.Թգ 1.5):
- Աննա իր սրտին մէջ ցաւ ունէր, որովհետեւ զաւակ չէր ունենար, ամուլ էր (տե՛ս Ա.Թգ 1.5):
- Եղկանայի երկրորդ կինը՝ Փենանա, կը նախանձէր Աննային եւ կը վշտացնէր զայն (1.6):
- Աննա իր ամուսնական իրաւունքը եւ փափաքը չստացաւ մինչեւ որ սրտանց եւ նուիրումով աղօթք կատարեց (1.10-11):
- Աննայի աղօթքը ճիշդ նուիրում կը ներշնչէր, այսինքն՝ խոստացածը կատարելու ձգտում ունէր:
- Տէրը «յիշեց» Աննան: Աննա յղացաւ եւ տղայ մը ծնաւ, որովհետեւ ան իր խոստումով Տիրոջ տեսիլքին մաս կազմեց (1.19):
Սամուէլ Աճեցաւ Հոգեւորապէս
- Սամուէլ կը մեծնար Տիրոջ առջեւ (Ա.Թգ 2.21) եւ Տիրոջ առջեւ ծառայութիւն կ‘ընէր (2.18):
- Սամուէլ Տիրոջ ձայնը լսելու վարժուեցաւ (Ա.Թգ 3.3-14):
- Սամուէլ մեծցաւ ֆիզիքապէս, միաժամանակ հոգեւոր փորձառութիւններ շահեցաւ, եւ Տէրը անոր հետ էր ու խօսքերը կը հաստատէր (3.19-21):
- Երբ Սամուէլ՝ Աննայի որդին (այսինքն՝ նուիրուած շնորհքի որդին) մեծցաւ, Աստուած սկսաւ զայն գործածել՝ ժողովուրդը առաջնորդելու համար (3.21):
Հաւատքը եւ Նուիրումը
- Հաւատքով եւ նուիրումով շնորհքը պտուղ կը բերէ:
- Աննա, այսինքն՝ «շնորհք»ը, հաւատքով նուիրուեցաւ եւ որդի մը ծնաւ: Նոյնպէս եւ մենք, նուիրումի ճամբով վերստին կը ծնինք եւ մեր շնորհքի պտուղները վայելելու կը սկսինք:
- Հաւատքը եւ նուիրումը Տիրոջ ներկայութեան մէջ կը պահեն մեզ:
- Որդին՝ Սամուէլը, որ կը նշանակէ, «Աստուծոյ լսածը», միշտ Աստուծոյ ներկայութեան մէջ գտնուելով մեծցաւ եւ ժամանակուան մեղքերէն հեռու մնաց (տե՛ս Ա.Թգ 2.12-17), եւ Աստուած սկսաւ զայն գործածել:
Ազգային Նուիրում եւ Յաղթութիւն (Ա.Թգ 7.3-17)
Ազգային նուիրումը եւ յաղթութիւնը կը պահանջեն, որ.
- Սիրտերը դառնան Աստուծոյ, նուիրուին եւ բոլոր միւս չաստուածային եւ աշխարհային նուիրումներէն հրաժարին (Ա.Թգ 7.3):
Ժողովուրդը ապաշխարեց (7.6):
Երբ ժողովուրդը՝ ճիշդ նուիրումը hասկնալով, զոհը եւ զոհուիլը ճանչցաւ (տե՛ս Գ.Թգ 18.30-38: Հմմտ Հռ 12.1-2), Տէրը թշնամիին դէմ շարժեցաւ (Ա.Թգ 7.10), եւ Սամուէլի դատաւորութեան օրերուն, թշնամին անգամ մըն ալ չմօտեցաւ (Ա.Թգ 7.13-14):
Դուն եւ Ես Տաճարներն Ենք Սուրբ Հոգիի
Մեր կեանքերը Տիրոջ կամքին համաձայն տաճար շինելը Անոր ներկայութիւնը եւ կրակը պիտի բերէ:
- Մովսէսի օրերուն (տե՛ս Ղեւ 9.22-24)
- Սողոմոնի օրերուն (տե՛ս Բ.Մն 7.1-3)
Հարազատ նուիրումը եւ աղօթքները կը բերեն լեցունութիւնը եւ ոչ միայն խնդրելը:
Միասին նուիրումով, ծոմով եւ աղօթքով կանգնինք Տիրոջ ներկայութեան, եւ զինուինք Սուրբ Հոգիի վերանորոգող եւ վերակենդանացնող թարմ օծութեամբ: