Իշխանութիւն (բնագիրին մէջ՝ radah) ըսել է տիրել, կառավարել, առաջնորդել եւ հսկողութեան տակ առնել: Աստուածաշունչին համաձայն, բոլոր Ադամէն ծնածները պիտի ունենային նոյն իշխանութիւնը եւ մէկը միւսին վրայ պիտի չիշխէր, այլ մարդուն իշխանութիւնը Աստուծոյ ծրագիրը ամբողջացնելու համար էր:
Յիսուս իր իշխանութիւնը կը գործածէր իրական թշնամիին՝ Սատանային դէմ: Ան աշխարհ եկաւ Սատանային գործունէութեան վերջ դնելու համար (Ա. Յհ 3.8) եւ Սատանայէն տանջուածները ազատելու համար (Գրծ 10.38): Նոյն այդ իշխանութիւնն էր որ Յիսուս տուաւ իր աշակերտներուն (Մտ 10.1) եւ բոլոր հաւատացեալներուն (Մր 16.17-18):
Յիսուսի կ'ակնկալէր որ իր հետեւորդները իրենց իշխանութիւնը գործածեն (Մր 4.40, 6.30-44) եւ լրացնեն իրենց յանձնուած գործը: Այսօր եւս մեզմէ ակնկալուած է որ իւրաքանչիւրս գործածէ իրեն տրուած պարգեւը (Հռ 12.6), ճանչնալով որ մեր իշխանութիւնը կը կոտրէ ամէն կապանք եւ ամէն անէծք:
Իսրայէլի ժողովուրդը Եգիպտոսէն հանած ատեն, Աստուած ակնկալեց որ Մովսէս գործածէ իր գաւազանը, իշխանութեամբ: ճիշդ ինչպէս Ան կ'ակնկալէ որ այսօր գործածենք մեր հաւատքը: Մովսէս իր գաւազանը առնելով դէմ դրաւ փառաաւոնին եւ անոր ցոյց տուաւ, թէ մէկ է իսկական Աստուածը, առանձին կը տիրէ եւ իր փառքը ուրիշին չի տար (Ելք 7.8-13, Ես 42.8):
Այսօր, Աստուած կ'ակնկալէ որ մենք եւս գործածենք մեր իշխանութիւնը, թշնամիին կապանքներէն ու արգելքներէն դուրս գալու համար:
Մեր ինքնութիւնը կու գայ Յիսուսէն. Յիսուս յաղթեց Սատանային խաչին վրայ (Կղ 2.13-15) եւ մենք ալ Իրմով յաղթած ենք: Ինչքան ալ Սատանան արգելք կենայ, մենք Յիսուս Քրիստոսով նոր արարած ենք եւ Աստուծոյ իշխանութիւնը մեր մէջն է: Մեր ինքնութիւնը լաւ ճանչնալը պատճառ պիտի ըլլայ որ մեր իշխանութիւնը ճիշդ ձեւով գործածենք ու կապանքներ կոտրենք: