Յիսուս կ'ըսէ՝ «Իմ լուծս ձեր վրայ առէք եւ ինձմէ սորվեցէք՝ որ հեզ եմ ու սրտով խոնարհ եւ ձեր անձերուն հանգստութիւն պիտի գտնէք» (Մտ 11. 29):
Մեր կեանքերուն մէջ կան լուծեր, ինչպէս՝ բամբասանքի եւ զրպարտութեան լուծը, որոնք կը բեռնաւորեն մեզ: Սակայն Յիսուսի լուծը կը տարբերի բոլոր միւս լուծերէն եւ հոգեկան խաղաղութիւն կու տայ մեզի:
Երբ Դաւիթ տապանակին առջեւ պարեց, Մեղքող զինք անարգեց եւ այդպիսով Դաւիթը բեռնաւորեց: Դաւիթ իր ինքնութիւնը եւ Աստուծոյ կողմէ ընտրուած ըլլալը հռչակեց: Դաւիթ իր կեանքին ընթացքին Տիրոջ օրհնութիւնը վայելեց, մինչ Մեղքող այդ օրհնութենէն զրկուեցաւ:
Երբ մենք զԱստուած կը պաշտենք, աշխարհը մեր վրայ բեռ կը դնէ: «Ո՛չ» ըսենք այդ բեռին եւ ճանչնանք (անդրադառնանք), թէ որպէս հոգեւոր անձեր մենք ո՛վ ենք:
Աստուածաշունչը կը յայտնէ, թէ այդ լուծը կը կոտրի, երբ օծութիւնը մեր կեանքերէն ներս կ'աւելնայ (Ես 10.27): Լուծը եկած է պարտութիւն տալու, բայց երբ օծութիւնը գայ, կը կոտրէ զայն:
Դժուարութիւններ պիտի ունենանք, բայց երբ Տիրոջ ներկայութեան կենանք ՝ անոնք պիտի կոտրին եւ Տիրոջ յաղթութիւնը պիտի ապրինք (Սղ 91):