«Մինչ Ապողոս Կորնթոս կը գտնուէր, Պօղոս Գաղատիայի եւ Փռիւգիայի կողմերը պտըտելէ ետք Եփեսոս իջաւ: Այստեղ Տիրոջ աշակերտած մարդիկ գտնելով՝ հարցուց անոնց.-Սուրբ Հոգին առի՞ք՝ երբ հաւատացիք»:
Պօղոս առաքեալ շատ կարեւոր կը նկատէր Սուրբ Հոգիին մկրտութիւնը եւ գերբնականին հովանաւորութեամբ ծառայելը: Ան հաւատք եւ նուիրում ունեցող աշակերտներուն չհարցուց իրենց հաւատքին որակը, այլ ուղղակի ըսաւ «Սուրբ Հոգին առի՞ք»:
Տիրոջ հաւատացողներուն բացատրելէ ետք, թէ իրենց հաւատքին հիմը Յիսուս Քրիստոսն է, Պօղոս անմիջապէս ձեռք դրաւ անոնց վրայ եւ Սուրբ Հոգին հանգչեցաւ: Անոնք սկսան լեզուներ խօսելու եւ մարգարէութիւններ ընելու (Գրծ 19.3-6):
Տէր Յիսուս Քրիստոսի հաւատալ` կը նշանակէ նաեւ Սուրբ Հոգին ստանալ եւ կարենալ ծառայել պարգեւներուն եւ ներշնչումներուն միջոցաւ: Երբ Տիրոջ կը ծառայենք, ակնկալե՛նք տեսնել Սուրբ Հոգիին ներգործութիւնը, զօրութիւնը եւ աշխատանքը: