Ելք 15-ին մէջ, Մովսէս կը պատկերացնէ իր զգացումները, Եգիպտոսէն ելլելու ժամանակ: Ինք կեցած էր Մեռեալ ծովուն առջեւ եւ ծովուն մեծութիւնը կը տեսնէր: Մովսէս կ'ըսէ, թէ մինչ մահուան կը սպասէին՝ Աստուած փչեց:
- Երբ դժուարութեան հանդիպեցան, Տէրը միջամտեց: Ժողովուրդը գիտէր, որ այդ պահուն ելք եւ լուծում չկար, բայց Աստուած ի՛նք ելք տուաւ:
- Մեր տագնապը դժուարութիւններուն դիմաց կու գայ մեր զգացումներէն եւ ոչ թէ Աստուծոյ տկարացած ըլլալէն: Քու շունչդ կարճ է եւ քու բնական կարողութիւնդ շուտով կը յուսահատեցնէ քեզ: Աստուծոյ շունչը տարբեր է:
- Աստուածաշունչին մէջ, փչելը խօսք մը արձակելուն հետ կապուած է: Ամէն խօսք շունչ մըն է՝ պատուած հոգիով: Ո՞վ է ատոր ետեւը. Թշնամիի՞ն հոգին, յուսահատութեա՞ն հոգին, մարդկային համարձակութեա՞ն հոգին, թէ Աստուծոյ հոգին: Առաջին բոլորը արդիւնք պիտի չբերեն. Միա՛յն Աստուծոյ Հոգին մեզի կու տայ յաջողութիւն:
Երբ ժողովուրդը անապատ հասաւ, Աստուծոյ մասին բան մը չէր գիտեր: Անապատին մէջ, Աստուած սկսաւ կրթել ու մարզել ժողովուրդը: Աստուած ծրագիր ունէր՝ ժողովուրդը կրթելու եւ դարձնելու հաւատքով ապրող ժողովուրդ մը: Աստուծոյ գծագրութիւնը հետեւալն էր.
- Նախ՝ փորձեց յստակացնել ժողովուրդին նուիրումը: Տէրը ըսաւ, որ իրենց ունեցածները բերեն (մինչ բան մը չունէին), որպէսզի շինեն տեղ մը, ուր Ինք Մովսէսին հետ պիտի խօսէր ժողովուրդին համար: Ասիկա բացարձակ նուիրումի մասին կը խօսի: Նուիրում մը, որ սակարկութիւն չ'ըներ:
- Ժողովուրդին նուիրուելէն ետք, Աստուած շինել տուաւ Իր ներկայութեան տեղը՝ բան մը, որ պատճառ պիտի ըլլար, որ Իր ներկայութիւնը շօշափելի դառնար ժողովուրդին մէջ: Անոնք շինեցին ուխտի տապանակը: Ժողովուրդին նուիրումէն ետք, Աստուած անմիջապէս տուաւ հաղորդակցութեան միջոցը, որպէսզի ժողովուրդը իր ձայնով կրթուի:
- Մեր նուիրումէն ետք, Աստուծոյ հետ հաղորդակցութիւնը պիտի փնտռենք: Ասիկա օրինակ է Քրիստոսի կատարած փրկութեան. Երբ կը նուիրուինք փրկիչին՝ Աստուած մեզի հետ կը յարաբերի Քրիստոսի սրբութեան համաձայն:
- Անկէ ետք, Աստուածաշունչը կը խօսի այն զոհերուն մասին որ ժողովուրդը շարունակ կը կատարէր Աստուծոյ մօտենալու ժամանակ: Ամէն անգամ պէտք էր իրենց նուիրատուութիւնը բերէին: Ասիկա օրինակ է մեր սրտի նուիրումը մեր բոլոր գործերուն վրայ տարածելուն: Պէտք է ամէն բան ընենք Աստուծոյ հանդէպ մեր նուիրումէն մղուած:
Առանց նուիրումի՝ յարաբերութիւն չկայ: Առանց յարաբերութեան՝ յաջողութիւն չկայ: Մեր զօրութիւնը Տիրոջմէն առնելէն կախեալ է՝ ամէն օր:
Երբ ժողովուրդը իր նուիրումով զոհերը բերաւ, եւ Մովսէսին ու Ահարոնին միջոցաւ Աստուծոյ ներկայացուց ճիշդ Տիրոջ ուզածին պէս՝ Տիրոջ փառքը անոնց երեւցաւ: Տէրը վառեց զոհը եւ պաշտամունքը. Այդ պահէն՝ պաշտամունքը սկսաւ ընդունելի ըլլալ: (Ուրիշ օրինակներ՝ Եղիա եւ Սողոմոն):
Երբ դուն կը հաւատաս Աստուծոյ, երբ կ'ապրիս Աստուծոյ թելադրած կեանքը եւ քու նուիրումդ կը դարձնես օրական ապրուող ճշմարտութիւն մը, դուն պիտի դառնաս քալող պատարագ մը եւ պիտի ներկայացնես Աստուծոյ ներկայութիւնը աշխարհի մէջ: