Մեր եսը Աստուծոյ եւ Աստուածպաշտութեան դէմ կ'աշխատի: Կարեւորէ, որ մեր նուիրումը եսապաշտութեան ձայնէն առաջ դնենք, այլապէս պիտի ընենք ու խօսինք բաներ, որոնք մեր հաւատքին ու հաւատքի կեանքին հակառակ են:
Մտ 12.1-6-ին մէջ, հարսանեկան խնճոյքին հրաւիրեալները զանազան պատճառաբանութիւններ կու տան՝ չերթալու համար: Մենք եւս, Քրիստոսով կատարուած խնճոյքին մասնակցելու փոխարէն, կապուած կը մնանք աշխարհին, մեր նկարագիրին, հպարտութեան կամ այլ բաներու:
Յիսուսի աշակերտները, Յիսուսը ընդունած ըլլալով հանդերձ, տակաւին ունէին իրենց եսը, որ շատ անգամ իրենց վրայ կը տիրէր:
Կայէն եսապաշտ էր եւ ատիկա արգելք էր, որ նուիրումով կենար Աստուծոյ առջեւ: Ան գիտէր զԱստուած պաշտելու ճշմարիտ ձեւը, սակայն անով հանդերձ զոհի փոխարէն՝ երկրի պտուղէն Տիրոջ ընծայ բերաւ (Ծն 4.1-8):
Աքաաբ եւս ճշմարիտ Աստուածպաշտութենէն հեռացած էր եւ երկրին մէջ բահաղպաշտութիւնը հաստատած էր: Ան եսապաշտ էր եւ ատիկա պատճառ դարձաւ, որ ան անմեղ մարդ մը մեռցնէ, երբ ան չընդառաջեց իր փափաքին:
Դաւիթ իր կարգին, երբ մերժուեցաւ՝ բարկացաւ: Սուրբ Հոգին, Աբիգիայի միջոցաւ, սրբագրեց զինք, որպէսզի բարկութեան ազդեցութեան տակ սխալ քայլ մը չառնէ (Ա. Թգ 25):
Չարտօնենք, որ որեւէ բան մեզ անջատէ ճշմարիտ աստուածպաշտութենէն, այլ աստուածպաշտութիւնը ամէն բանէ վեր դասելով՝ զԱստուած նուիրումով պաշտենք: Նմանինք Յիսուսի, որ շարունակ Հօր կամքը կը փնտռէր:
Այս աշխարհին կերպարանքով չկերպարանափոխուինք (Հռ 12.1-2), այլ Պօղոսի նման, մեր շահը գտնենք Քրիստոսի (Փլպ 3.7) եւ Աստուածպաշտութեան մէջ: