Ելք 12-ին մէջ, Աստուած Մովսէսին կը թելադրէ որ Տիրոջ Զատիկին առթիւ, ժողովուրդը հաւատքի գործ մը կատարէ: Մինչ անոնք այդ հաւատքի գործը կը կատարէին` Աստուած թշնամիներուն անդրանիկները կը սպաննէր:
Ղկ 22.10-ին մէջ, Յիսուս տեղ մը կը փնտռէր Զատիկը ընելու համար: Երբ տանտէր մը իր վերնատունը տրամադրեց, Յիսուս այդ տեղին մէջ աշակերտներուն հետ վերջին ընթրիքը ըրաւ: Հոն, Ան խոնարհեցաւ ու իր աշակերտներուն ծառայեց, անոնց ոտքերը սրբելով: Նոյն վերնատան մէջ էր նաեւ, որ Սուրբ Հոգին աշակերտներուն վրայ հանգչեցաւ, Պենտեկոստէի օրը: Հետեւաբար, այս տանտէրը վերնատունը Յիսուսի տրամադրելով մեծ գործ կատարած եղաւ:
Նոր Կտակարանին մէջ, այլեւս մե՛նք ենք Աստուծոյ տաճարը (Ա. Կր 6.19): Ճիշդ այնպէս ինչպէս այդ մարդը իր տունը ամբողջութեամբ Յիսուսին տուաւ, մենք ալ մեր անձերը ամբողջութեամբ Տիրոջ նուիրելու ենք:
Վերջին Ընթրիքի ժամանակ, Յիսուս գիտնալով հանդերձ իր աշակերտնետուն սխալները, անոնց ոտքերը լուաց, որովհետեւ անոնց սիրտերը նուիրուած էին: Այսօր մենք զաւակ ենք եւ ծառայութեան ընթացքին մեր ոտքերը խորհրդանշաբար կ'աղտոտին: Յիսուս կ'ակնկալէ, որ եկեղեցիէն ներս, իրարու ոտքերը լուանք իսկական նուիրումով: Միայն այն ատեն է որ եկեղեցիին մէջ պիտի ըլլայ սէր եւ միութիւն: