Սղ 89.19-29-ի մէջ, աղօթքի միջոցաւ սաղմոսողը՝ Եթան կը խօսի Տիրոջ հետ եւ կ'ակնկալէ, որ Ան կատարէ խոստումները, որ ըրած էր Իր Սուրբին:
Սաղմոսողին միտքին մէջ սուրբը Դաւիթն էր, իսկ մարգարէական շունչին մէջ նաեւ ակնարկութիւնը է Մեսիային եւ այսօր ինծի եւ քեզի:
Ամէն ինչ որ սաղմոսողը կը յիշէ, այսօր կը վերաբերի քեզի: Աստուած կը հսկէ որ անոնք կատարուին քու կեանքիդ մէջը, նաեւ այս պահուն ընթացքին:
Տեսիլք Սղ 89.19
Տեսիլքը յայտնութիւն մըն է, որ սովորաբար մարդոց տեսանելի չըլլար: Անոնք ընդհանրապէս կու գան Աստուծմէ կամ ոգեղէն էակներէն՝ երազով կամ հոգեւոր աշխարհի կողմէ տրուած տեսութեամբ մը:
Տեսիլքները երեւան կը հանէն երկնային նպատակը, շատ անգամ շեշտադրումը դնելով արարկայի մը, տեսարանի մը, կամ տակաւին չկատարուած ձեռնարկի մը վրայ:
Տեսիլքները ընդհանրապէս կունենան յատուկ երեւոյթներ, որ կեդրոնացած կ'ըլլան առաջին անձին վրայ:
- Կը նկարագրէն տեսիլքը տեսնողին փորձառութիւնը
- Տեսիլքին տրուելուն թուականը, տեղը եւ ժամը
- Տեսիլքը կը ներկացուի ընդհարապէս «տեսայ» ըսելով
- Վերջապէս կու գայ տեսիլքը տեսնողին արտայայտութիւնը եւ տեսիլքէն անմիջապէս ետք ընելիքը:
Տեսիլքները Կազմուած Կ'ըլլային Եւ Կ'ըլլան Հինգ Տեսակներէ
- Աստուծոյ գահին եւ կամ Անոր ժողովին տեսիլքը (Ելք 24.9-11: Գ.Թգ 22.19-2: Ես 6: Եզ 1.1-3,15: Յյտ 4.2-11)
- Տեսիլք մը, որ կապուած է երկնային կամ երկրաւոր անցուդարձի մը, որ կը վերաբերի ներկայի, սպառնալիքի կամ ալ ապագային ըլլալիքի մը (Գ.Թգ 22.17: Ամվ 7.1-3,4-6: Եր 4.23-26: Եզ 8—11 40—48 Զք 1.7-17, 3, 6.1-8)
- Տեսիլքը կապուած կ'ըլլայ բառերու եւ խորհրդանիշներու (Ամվ 7.7-9, 8.1-3: Եր 1.11-12,13-14: Եզ 37.1-14: Զք 2.5-9, 5.1-4)
- Այլաբանական տեսիլքներ, այսինքն՝ իւրաքանչիւր արարկայ, անձ կամ դէպք կը ներկայացուին խորհրդաւոր կերպով, այդպիսով էութեան իրականութիւնը կը բացատրուի (Զք 1.18-21, 4, 5.5-11: Դն 8)
- Տեսիլք մը, որուն մէջ վերոյիշեալ երկու կամ երեք տեսակը միասին կը տրուի (Դն 7)
Համար 19-ին երկրորդ մասին մէջ, կ'ըսէ. «Օգնութիւն դրի զօրաւորին վրայ»:
- Հաւատքով զօրաւորին վրայ զօրութիւն կը դնէ
- Անիկա կը կոչուի ԸՆՏՐՈՒԱԾԸ
Ընտրուած Ա.Պտ 2.9
«9Գալով ձեզի, դուք ընտրուած ցեղ մըն էք, թագաւորելու կոչուած քահանաներ, *սուրբ ազգ մը, Աստուծոյ սեփական ժողովուրդը. եւ ձեր պարտականութիւնն է քարոզել զօրութիւնը անոր՝ որ ձեզ խաւարէն իր սքանչելի լոյսին կանչեց»:
02-ին մէջ, օծուած ես (հմմտ Ա.Յհ 2.20)
21-ին մէջ, Տիրոջ ձեռքով հաստատուած ու բազուկովը զօրացած
22-ին մէջ, թշնամին պիտի չհարստահարէ եւ կամ յաջողի չարչարել քեզի
23-ին մէջ, թշնամին պիտի կոտրուի քու առջեւդ
24-ին մէջ, Տիրոջ հաւատարմութիւնը եւ ողորմութիւնը հետդ պիտի ըլլայ ու քու եղջիւրդ՝ իշխանութիւնդ եւ զօրութիւնդ միշտ պիտի աւելնայ:
25-ին մէջ, քու տարածուելուդ սահման պիտի չըլլայ
26-ին մէջ, Աստուծոյ հետ յարաբերութիւնը պիտի ըլլայ Հայր-որդի մակարդակի վրայ:
27-ին մէջ, Տէրը իր անդրանիկը պիտի կոչէ քեզի, այսինքն՝ անդրանկութեան բոլոր իրաւունքները պիտի տայ քեզի (հմմտ Հռ 8.17):
28-ին մէջ, Ուխտը անխախտ եւ հաւատարիմ պիտի մնայ՝ Անոր կողմէ:
29-ին մէջ, Սերունդդ յաւիտեան մնալու համաձայն պիտի վերաբերի քեզի հետ՝ երկնքի օրերու չափ: